50 Տարի Առաջ (4 Փետրուար 1963)
Հայերը Տէրիկի Մէջ
Ս. Գէորգ Պատմական Եւ Հրաշագործ Տաճարը
Կամարակապ Սիրուն Եկեղեցի Մըն Է
Շաւարշ քհնյ. Պալըմեան, շարունակելով իր թափառումները Անատոլուի երբեմնի հայաշատ կեդրոններուն մէջ, հետեւեալ տեղեկութիւնները կու տայ Տէրիկի հայերուն մասին.-
Շաբաթ օր դէպի Տէրիկ ճամբայ ելանք: Օդը նպաստաւոր է եւ իմ տրամադրութիւնս` լաւ: Նոր վայրեր նոր գիւղեր ու տարբեր անձերու հետ պիտի ծանօթանամ: Այս մտածումներով ու խորհրդածութիւնով ուրախութիւն կը զգամ:
Տիգրանակերտէն դէպի արեւմուտք Տիգրիսի եզերքէն կը յառաջանանք: Ճամբան չափազանց կանոնաւոր ու նոր շինուած է: Մեր օթոպիւսը կպրուղիին վրայէն կը սուրայ: Ես ալ նստարանիս վրայ ընկողմանած` լեռներէն մեծ աղմուկով հոսող առուակները եւ անոնց ափերուն տարածուող ոչխարներու հօտերը, դաշտերու մէջ աշխատող մշակները եւ անոնց հետ ներդաշնակութիւն մը կազմող բնութեան իսկական գեղեցկութիւնները կուշտ ու կուռ կը վայելեմ:
Մեզի հետ մրցող Տիգրիսը երբեմն ժեռուտ լեռներու ստորոտը կը քերէ, երբեմն լայն դաշտերու գիրկը շփացած մանուկի մը նման տարածուած` արեւին հետ կը խաղայ: Ուրիշ տեղ մը նեղ ձորի մը մէջէն կամ կամուրջի մը տակէն չարաճճի անառակի մը նման կը փախչի, ուրիշ տեղ մը, ճախճախուտներու գիրկը, լուռ ու թախծոտ, որպէս վիրաւոր, իր ցաւերը կ՛ողբայ:
Մեր օթոպիւսը կանգ չառած` գիւղին հայ երիտասարդները մեզ շրջապատեցին: Մէկ կողմէ բարի գալուստ կը մաղթէին, միւս կողմէ` պայուսակներս կ՛առնէին: Հակառակ մեր անակնկալ ժամանումին` գիւղացիները զիս ճանչցան եւ իրենց սիրտին սեղմեցին:
Գիւղին երեւելիներէն Վարդան Սապունճեանի տունը տարին զիս: Բոլոր գիւղացիները բարի գալուստի կու գային: Քիչ մը հանգստանալէ ետք, երեկոյեան ժամերգութիւնը կատարելու համար կ՛երթամ եկեղեցի:
Տէրիկի Ս. Գէորգ պատմական ու հրաշագործ տաճարը քարաշէն ու կամարակապ սիրուն եւ բաւական մեծկակ եկեղեցի մըն է: Ներսը շատ համեստ ու պարզ ձեւով մը յարդարուած է: Մոմերու ու զոյգ կանթեղներու լոյսով կիրակամուտի մեր աղօթքը հին ու նահապետական օրերու երանութեան մէջ կատարեցինք:
Գիշերը Վարդան աղայի տունը շրջակայ գիւղերէն հոճա մը եւ աղա մըն ալ հիւր եկեր էին: Բարի գալուստի եկող ժողովրդոց մէջ մահտեսիներ ալ կային: Այդ գիշերուան մեր հաւաքոյթը կրօնաւորներու մահտեսիներու եւ հաւատացեալներու համագումար մը եղաւ:
Յաջորդ օրը` կիրակի Ութօրէքի պատարագը Ս. Գէորգի մէջ կատարեցինք: Հոս եւ այն տպաւորութիւնը ունեցայ, թէ որքան գաւառին խորերը մխրճուի, մարդ այնքան Աստուծոյ կը մօտենայ: Այդ համեստ ժողովուրդին մաքուր հաւատքը եւ անխարդախ սէրը ճշմարտութեան կը մօտեցնեն մարդը:
Մարդ` Ս. Գրոց ճշմարտութիւնը հոս կ՛ըմբռնէ. դրախտը իսկապէս այս շրջանին մէջ հաստատուած ըլլալուն կը համոզուի:
Հոս ապրող պարզունակ եւ անկեղծ հաւատացեալներու մէջ երկիր իջնող մարդացեալ Թագաւորին խորհուրդը կը տեսնուի:
Երկուշաբթի օրն ալ ընդհանուր ննջեցելոց համար պատարագ մատուցինք: Հոս համեստ ու հաւատացեալ ժողովուրդին համար կը փափաքին ամէն օր պատարագել, որովհետեւ անոնք հոգեւոր սնունդի պապակը ունին: Իրենց հոգիներուն ծարաւը յագեցնելու մտօք առաւօտ ու երեկոյ ժամերգութենէն ետք երկար ժամեր եկեղեցւոյ մէջ թէ բակը իրենց հետ ծալապատիկ նստած` կը խօսէի: Ես խօսելէ կը յոգնէի, բայց անոնք մտիկ ընելէ չէին կշտանար:
Ժողովուրդին անկեղծ հաւատքին եւ մաքուր սիրտերուն համար Տէրիկը շրջապատող բարձր սարն ու խոր ձորերն ալ սիրուն ու գեղեցիկ են:
Երկուշաբթի առաւօտեան ժամերգութենէն ետք ժողովուրդէն գաղտնի դէպի սարերն ի վեր ճամբայ ելայ:
Երբ գիւղին փողոցներէն կ՛անցնէի տասը – տասներկու տարեկան տղեկ մը քովս մօտեցաւ եւ խոստացաւ ինծի առաջնորդ ըլլալ: Անունը հարցուցի. «Կարապետ է» ըսաւ: Փոքրիկ առաջնորդիս հետ սկսանք սարերն ի վեր բարձրանալ:
Տէրիկը երեք կողմէն շրջապատող բարձր լեռները կիսաշրջանակի մը ձեւն ունին: Հարաւային կողմը գտնուող բարձր սարը Գէլէ Գէյրօ (Գէորգի սար)ն է: Հոս շատ հին շրջաններէ մնացած ձեռքով փորուած ժայռերու մէջ սենեակներ, բաժանմունքներ, փուռեր, մառաններ եւ այլ հին բնակարաններու մնացորդներ կան:
Անկէ ետք Կովի ձորը իջանք: Մենք Կարապետին հետ սարեր կը բարձրանայինք, ձորեր կ՛իջնէինք, մինչդեռ գիւղին երիտասարդները իմ ուշանալս տեսնելով` զիս փնտռելու կ՛ելլեն: Եւ ահա Կովի ձորին մէջ եկան` մեզի միացան:
Այս ձորին մէկ կողմը Գէլէ Գէյրոն, մէկ կողմն ալ Մաւճէլի սարերը կը բարձրանան: Ձորը խոշոր կիսաշրջանակով մը կը նեղնայ եւ մինչեւ Տէրիկի գիւղը կ՛իջնէ:
Այս ձորին մէջ կայ քարայր մը, որուն երկարութիւնը յայտնի չէ, ներսն ալ չափազանց մութ ու վտանգաւոր է, կը լսուի միայն լերան տակէն անցնող ջուրին ձայնը, որ մարդուն սոսկում կ՛ազդէ:
Մանճէլի բարձրութիւնը հազար հինգ հարիւր մեթր է: Գիւղացիները ինծի ետ դարձնել ուզեցին. սակայն ես վճռեր էի լերան գագաթը ելլել: Ցից ու սեպ ժայռերէն մագլցելով` սկսանք վեր բարձրանալ: Վերելքի պահուն իրարու կը յանձնարարենք, որպէսզի ետ չնայինք, որովհետեւ մարդ գլխու պտոյտ կ՛ունենայ:
Երեք տեղ նստիլ հանգչելով` երկու ժամուան յոգնեցուցիչ ու վտանգաւոր ճամբորդութենէ ետք մեծ ուրախութեամբ լերան գագաթը հասանք:
Հոս հին օրերու փառքը ապրեցնող ժայռերու մէջ փորուած խոշոր ջրամբար մը, քանի մը հորեր եւ շէնքերու հիմեր միայն կանգուն մնացեր են:
Ջրամբարին ջուրը մինչեւ բերան լեցուն էր: Այցելուները այս ջուրէն կ՛օգտուին:
Այս բարձր սարին վրայ նստած Տէրիկի եւ շրջակայքի գեղեցկութիւնները ժամերով դիտեցինք:
Տէրիկի արեւմտեան կողմի անծայրածիր դաշտը մինչեւ Մարտին կ՛երկարի: Այս դաշտին մէջ, Տէրիկէն հազիւ երկու ժամ հեռաւորութիւն ունեցող բլրակ մը կայ: Ասիկա մարած հրաբուխի մը բերանն է: Կլոր բացուածքը հետզհետէ նեղնալով` խոր անդունդի մը ճամբան կը շարունակուի դէպի երկրի խորերը: Այս բացուածքին քովի խորերը սեւ ու ծակոտկէն են ու այրած:
Այս անգամ Մանճէլի ետեւի կողմը ուրիշ ձորի մը մէջ իջանք: Հոս ալ երկար ու մութ քարայրի մը մէջ անուշ ջուր մը կայ, որ «Պիլ խայրի» կը կոչուի: Այս ջուրէն խմեցինք եւ ապա քարայրին առջեւ դրուած քարերուն վրայ նստանք ու շրջակայքը դիտեցինք:
Հովիւները իրենց հօտերը կ՛արածեն, աղջիկներն ու հարսերը գոյնզգոյն զգեստներ հագած` ուրախ երգերով փայտ կը հաւաքեն եւ ուսերնուն վրայ առած` տուն կը տանին:
Բնութեան ծոցին մէջ մարդոց այս անմեղ զբօսանքն ու աշխատանքը ինծի մանկութեան օրերուս յիշատակները վերյիշեցուց: