Բնութիւն Եւ Մարդ. Մեր Վտանգուած Աշխարհը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄԻԼԻԱՌԱՒՈՐ ՏԱՐԻՆԵՐ ՏԵՒԱԾ Է, ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ ԲՆԱԿԵԼԻ ԴԱՐՁԱԾ Է ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ: ՀԱՐՎԸՐՏ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՍՏՂԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ԴԱՍԱԽՕՍ ՕՈՒԷՆ ԿԻՆԿՐԻՔ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՄԱԿ-Ը` ԲԱՑԱՏՐԵԼՈՎ, ԹԷ ՈՐՔԱ՛Ն ԱՐԱԳ ԿՐՆԱՅ ՇՐՋՈՒԻԼ ԸՆԹԱՑՔԸ: «ՏԻ ԱՄԵՐԻՔԸՆ ՍՔՈԼԸՐ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ ԱՆՈՐ ԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՆՈՒԱԾ Է 2012-Ի ԱՊՐԻԼԻՆ ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԻՐ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ: ԹԵՐԵՒՍ ՈՄԱՆՔ ԿԸ ԽՐՏՉԻՆ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՓՃԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՂ ԱՀԱԶԱՆԳԵՐՈՒ ԿՐԿՆՈՒԹԵՆԷՆ: ՍԱԿԱՅՆ ԿԻՆԿՐԻՔ ԿԸ ՎԻՃԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՎ ԵՒ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՀԱՐՍՏԱՑՆԵՆ ՀԱՐՑԻՆ ՄԵՐ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄԸ:

Ծիր Կաթինի համաստեղութեան մէջ կան աւելի քան 200 միլիառ աստղեր: Այսինքն Երկիրի վրայ իւրաքանչիւր տղամարդու, կնոջ եւ մանուկի համար գոյութիւն ունի շուրջ 30 աստղ: Աստղերու միջեւ բախումները աներեւակայելի կերպով հազուադէպ են, որովհետեւ աստղերը շատ հեռու են իրարմէ: Սակայն համաստեղութիւններու միջեւ բախումները սովորական են, որովհետեւ անոնք համեմատաբար աւելի մօտ են իրարու, թէեւ միլիոնաւոր տարիներ կ՛անցնին, մինչեւ որ բախում մը տեղի ունենայ:

Մեր Մոլորակին Բարդ Պատմութիւնը

Հեռաւոր համաստեղութիւններու ամէնէն հետաքրքրական իրողութիւններէն մէկը այն է, թէ անոնք սկսած են հեռանալ իրարմէ: Իրօք, հսկայական պայթում մը տեղի ունեցած է, եւ ամէնէն աւելի արագ մեզմէ սկսած են հեռանալ այն համաստեղութիւնները, որոնք ամէնէն աւելի հեռու կը գտնուին Երկիր մոլորակէն: Անոնց հեռաւորութիւնը եւ հեռանալու արագութիւնը հաշուելով` կ՛եզրակացնենք, թէ պայթումը տեղի ունեցած է 13.7 միլիառ տարի առաջ, եւ ստեղծուած է տիեզերքը, ստեղծուած է նոյնինքն ժամանակը: Ասիկա կը նշանակէ, թէ կ՛ապրինք տիեզերքի մը մէջ, որ ունի իր պատմութիւնը, տիեզերքի մը, որ տեւաբար փոխուած է ժամանակի ընթացքին: Տիեզերքի այս պատմութիւնն է, եւ մեր տեղը անոր մէջ, որ կը փափաքիմ ամփոփ կերպով ներկայացնել այստեղ:

Այս հրավառ պայթումին առաջին երեք վայրկեաններուն ստեղծուած են ամէնէն թեթեւ երկու տարրերը` ջրածինն ու հելիոմը: Այո՛, այս կամ այն ձեւի կրակ գոյութիւն ունեցած է, բայց` ո՛չ հող, ո՛չ օդ, ոչ ալ ջուր, որովհետեւ թթուածին չկար` երկջրածին թթուածին (H2O) գոյացնելու համար: Պայթումը վերջ գտած է նախքան աւելի ծանր տարրերու կազմութիւնը:

Մեր օդին եւ ջուրին անհրաժեշտ թթուածինը, ինչպէս նաեւ` մեր մարմնին անհրաժեշտ բնածուխը (քարպոն) կազմուած են շատ դանդաղ, պայթումին յաջորդած միլիառաւոր տարիներուն ընթացքին, դժոխային քուրաներու մէջ, վիթխարի աստղերու եղափոխուող կորիզներուն խորերը: Երբեմն այս աստղերը կը պայթէին իբրեւ գերփայլուն աստղեր` դէպի ներաստեղային տարածքներ արձակելով ծանր տարրերը, ներառեալ` բնածուխն ու թթուածինը, որոնք կը կազմեն մեր մարմնին բնասպիտը (փրոթին), լուսածինը (ֆոսֆըրըս), որ մեր ծինային ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներուն նիւթն է, երկաթը, որմէ կազմուած է մեր արիւնը, ոսկին, որ կը պատէ ծիրի վրայ տեղադրած մեր արբանեակները եւ իւրանիոմը, որմէ կը շինուին հիւլէական բարդերը: Բոլորս ծնունդ առած ենք աստղերէն: Մեր մարմինները տեւաբար շրջանառութեան մէջ դրած են աստղերու բաղկացուցիչ տարրերը: Ժամանակի ընթացքին գոյացած են բաւարար տարրեր, որպէսզի գոյանայ արեւը եւ կազմուի մեր մոլորակային դրութիւնը: Ասիկա տեղի ունեցած է շուրջ 5 միլիառ տարի առաջ: Սկիզբը Երկիրը երկնաքարերու հարուածները կրած` խոպան, հրաբխային վայր մըն էր, առանց մշտական ովկիանոսներու կամ զինք շրջապատող օդի խաւի: Երբ կենսոլորտը հաստատուեցաւ, ջրաշոգին սկսաւ ցայտել հրաբուխներէն եւ խտացաւ` կազմելու համար ովկիանոսները: Երկթթուածին բնածուխով  (քարպոն տայոքսայտ) պատուած օդի խաւ մը սկսաւ կազմուիլ: Արեգակնային դրութեան պատմութեան այս կանուխ ժամանակներուն արեւը նոյնքան պայծառ չէր, որքան` այսօր, եւ Երկիրը պատող օդի խաւին վրայ երկթթուածին բնածուխի ազդեցութեան շնորհիւ էր, որ ովկիանոսները չէին վերածուեր սառուցեալ տարածքներու:

Բարեբախտաբար Երկիրը պատող օդի նորակազմ խաւը մեծ քանակութեամբ թթուածին չէր պարունակեր. թթուածինը շատ գործօն տարր մըն է, ժանգ կը պատճառէ անպաշտպան երկաթին եւ թունաւոր էր` սկզբնական ապրող նիւթերուն համար: Երկիրի վրայ մէկ բջիջէ բաղկացած առաջին մարմինները աստիճանաբար երկթթուածին բնածուխը վերածեցին անկախ թթուածինի, եւ ժամանակի ընթացքին օդի խաւին մէջ թթուածինի համեմատութիւնը բարձրացաւ 20 առ հարիւրի: Թթուածինը դարձաւ աւելի արդիւնաւէտ նիւթ մը` Երկիրի վրայ հետզհետէ աւելի բարդ կեանքի կազմութեան համար: Ասիկա տեղի ունեցաւ Կամբրիական ժամանակաշրջանին, ասկէ շուրջ 500 միլիոն տարի առաջ: Հետեւաբար մեր մոլորակը ունեցաւ ջուր եւ օդ, ապա աստիճանաբար սկսաւ կազմուիլ երկրագործական տարրը` հողը, ինչ որ կը նշանակէր, թէ ցամաքամասերու կանաչապատումը պիտի սկսէր: Ինչպէս ըսի, մեր մոլորակը` Երկիրը, պատմութիւն մը ունի, ինչ որ բարդ պատմութիւն մըն է, եւ հարիւրաւոր միլիոն տարիներ տեւած է, մինչեւ որ կազմուած են բնակելի այն տարածութիւնները, զորս ունինք այսօր:

«Ճերմակ Մրջիւններ
Եւ
Աստղադիտակներ»

Վերջին 500 տարիներուն, այն օրէն, երբ Կոպեռնիկոս յայտնաբերեց գաղափարը արեգակնային դրութեան, ուր Երկիրը պարզապէս մէկն էր արեւուն շուրջ դարձող մոլորակներէն, մարդիկ հարց տուած են, թէ արդեօք այլ աստղերու շուրջ դարձող բնակելի մոլորակներ գոյութիւն ունի՞ն, եւ թէ` արդեօք բնակելի այլ մոլորակներու մէջ գոյութիւն ունի՞ն ապրող եւ գիտակից այլ արարածներ: Վերջին երկու տասնամեակներուն անջրպետագնացներ սկսած են ի յայտ բերել մոլորակային այլ դրութիւններ: Ներկայիս անջրպետի մէջ տեղադրուած Քեփլըր դիտարանը կը հետեւի 150 հազար աստղերու պայծառութեան չափին` արձանագրելու համար նուազագոյն մթագնումը, որ տեղի կ՛ունենայ, երբ մոլորակ մը կ՛անցնի աստղի մը առջեւէն: Այժմ այս ծրագիրին թեկնածու են շուրջ 3000 աստղեր, ուր պայծառութեան ժամանակաւոր փոփոխութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ հաւանաբար մոլորակ մը ներկայ է: Ծրագիրին նպատակն է ի յայտ բերել Երկիրի չափով մոլորակներ, որոնք բաւական ցուրտ են` ապահովելու համար բնակելի միջավայր մը, ուր կեանք կրնայ գոյութիւն ունենալ:

Սակայն արդեօք բնակելի միջավայր մը բաւարա՞ր է երաշխաւորելու, թէ կեանք կրնայ ծնունդ առնել հոն: Ասիկա շատ մեծ հարցում մըն է, որուն պիտի փափաքէին պատասխան մը գտնել գիտնականները: Սակայն անոնք նախ պիտի փափաքէին գիտնալ, թէ արդեօք երբեւիցէ կեանք գոյութիւն ունեցա՞ծ է մեր համաստեղութեան մէջ գէթ մէկ այլ մոլորակի վրայ: Արդեօք մենք առանձի՞ն ենք: Շուրջ 2 միլիառ տարի մեր մոլորակին վրայ կեանքը այնքա՛ն նախնական էր, որ հազուադէպօրէն կարելի էր զայն նկատել հեռուէն: Մեր մոլորակին օդի խաւին մէջ թթուածինի բաւարար կուտակումէն առաջ ոչ մէկ այլ նշան կրնար ցոյց տալ, թէ իւրայատուկ բան մը տեղի կ՛ունենար այստեղ: Ինչպէս նախապէս նշեցի, թթուածինը շատ գործօն տարր մըն է, եւ եթէ տեւաբար չվերանորոգուի, կը ժանգոտի եւ կը մաշի: Հետեւաբար անջրպետագնացներ կը յուսան ի վերջոյ գտնել մոլորակ մը, ուր թթուածինէ բաղկացած օդի խաւի մը հետքը կարելի ըլլայ տեսնել լուսապատկերի վրայ (սփեքթոկրաֆ): Նման նշան մը իրապէ՛ս զգայացունց իրադարձութիւն մը պիտի ըլլար, որովհետեւ թթուածինի գոյութիւնը մտածել պիտի տար, թէ քիմիական որոշ գործունէութիւն մը տեղի ունեցած էր, ստեղծուած էր շատ հաւանաբար որոշ ձեւի կեանք մը, որ իր կարգին տեւաբար վերանորոգած էր թթուածինը: Սակայն նման յայտնաբերում մը շատ աւելի մեծ թիւով հարցականներ անպատասխան պիտի ձգէր, որովհետեւ նման նշան մը պիտի չկարենար ցոյց  տալ, թէ ինչպիսի՛ կեանք մը գոյութիւն ունէր տուեալ մոլորակին վրայ:

Տարիներ առաջ լսած եմ Մասաչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկի դասախօս Ֆիլիփ Մորիսընի հրաշալի մէկ դասախօսութիւնը` «Ճերմակ մրջիւններ եւ աստղադիտակներ» վերնագիրով: Ան կ՛ըսէր, թէ մարդը ենթադրաբար միակ արարածն է, որ արհեստագիտական իր յառաջդիմութեան շնորհիւ կառուցած է կամարներ. բան մը, զոր առաջին անգամ հռոմէացիք յղացած են կամուրջներ կառուցելու համար: Սակայն Մորիսըն դիտել տուած էր, թէ ճերմակ մրջիւնները շատ աւելի առաջ սորված էին կամարներ կառուցել եւ զանոնք օգտագործած էին իրենց տպաւորիչ բոյները շինելու համար: Ապա ան կատարած էր գրգռիչ հարցադրում մը. արդեօք ճերմակ մրջիւնները երբեւիցէ պիտի կարենայի՞ն աստղադիտակներ շինել: Բոյն շինելը բնազդային արարքի կատարեալ օրինակ մըն է. Ճերմակ մրջիւններուն քով ժառանգաբար փոխանցուած քիմիական ներգործութիւն մը, որ մեզի համար անհասկնալի է, սակայն հազարամեակներ տեւած է, մինչեւ որ ամրապնդուի անոնց ծինական կառոյցներուն մէջ: Հետեւաբար, եթէ ճերմակ մրջիւնները երբեւիցէ աստղադիտակներ պիտի շինեն, ապա միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին է, որ զանոնք շինելու ցուցմունքները պիտի արձանագրուին անոնց ծինական քիմիական կառուցուածքին մէջ:

Ֆրանսացի բուսաբան Ժան-Պափթիսթ Լամարք 19-րդ դարու սկիզբը ներկայացուցած է եղափոխութեան այնպիսի համակարգ մը, ուր իւրացուած գիտելիքները ժառանգաբար կը փոխանցուին: Ի տարբերութիւն Տարուինի աւելի ուշ զարգացուցած այն տեսութեան, թէ տարբերակները բնական ընտրութեան արդիւնք են, ինչ որ շատ աւելի դանդաղ գործընթաց մըն է: Մորիսըն Ճերմակ մրջիւններու եւ աստղադիտակներու յայտնապէս ծիծաղելի օրինակը օգտագործած էր գծելու համար հակասութիւն մը. կենսաբանական եղափոխութեան գործընթացով, այսինքն` դանդաղ, փորձելու եւ սխալելու ճամբով գիտելիքներ իւրացնելու եւ մշակութային սրընթաց եղափոխութեան միջեւ հակասութիւն մը: Մշակութային սրընթաց եղափոխութեան համաձայն, նոր իւրացուած գիտելիքը կարելի է մէկ սերունդէն միւսը փոխանցել ոչ ծինական ժառանգութեան միջոցներով: Կենսաբանական եղափոխութիւնը խելացի մարդը հասցուցած է Լամարքի առաջադրած մշակութային եղափոխութեան մակարդակին, որուն համաձայն, մարդը շատ աւելի գիտելիք կրնայ պահել իր ուղեղին մէջ, քան` ծինական ժառանգութեան պատասխանատու իր բջիջներուն: Ճերմակ մրջիւնները տակաւին աներեւակայելի կերպով հեռու են աստղադիտակներ շինելէ, մինչդեռ մեր պարագային` աստղադիտակները յայտնագործուած են պարզապէս 400 տարի առաջ, սակայն նոր է, որ դարձած են տիեզերական:

Գիտական յայտնագործումներու եւ արհեստագիտական զարգացումներու անհաւատալի արագութիւնը աշխարհը կը կերպարանափոխէ խելայեղօրէն սրընթաց թափով: Մեր մեծ հայրերուն մեծ հայրերը շատ աւելի հանգիստ պիտի զգային Քոլոմպոսի եւ Կոպեռնիկոսի աշխարհին մէջ, քան` այսօրուան մեր աշխարհին: 125 տարի առաջ ոչ ոք գաղափար ունէր Քէ. ճառագայթներու մասին, ոչ ալ` շողարձակումի կամ հիւլէներու ներքին կառոյցին: Ինքնաշարժները, ձայնասփիւռով հաղորդակցութիւնը եւ օդանաւերը ապագայի յայտնագործութիւններ պիտի դառնային: 60 տարի առաջ, երբ աւարտեցի համալսարանը, կենսաքիմիագէտներ եւ մարդակազմութեան մասնագէտներ տակաւին չէին գիտեր, թէ ճիշդ քանի՛ քրոմոսոմներ գոյութիւն ունին մարդկային բջիջներուն մէջ: Բջիջային հեռաձայնները շարժուն գծանկարի ոճով պատկերազարդ պատմութիւններու կը պատկանէին: Լէյզըր ճառագայթները անծանօթ էին: Այսօր տասնեակ մը նման ճառագայթներ կան տանս մէջ:

Մեծագոյն Կորուստի Ժամանակաշրջանը

Հրաշալի առիթը ունեցայ 1955-ին մասնակցելու ուղեւորութեան մը` դիտելու համար արեւու ամբողջական խաւարում մը, Սիլոնի մէջ: Երեսուն տարի ետք, 1987-ին,  վերադարձայ խաւարումին վայրը, ուր ինծի հարց տրուեցաւ, թէ ի՞նչ տարբերութիւն կը տեսնէի: Նկատեցի, թէ Սրի Լանքան շատ աւելի խճողուած էր, քան` Սիլոնը անցեալին: Ճիշդ է, պատասխանեց մեր ուղեցոյցը: Բնակչութիւնը բազմապատկուած էր երեք տասնամեակներուն ընթացքին: 1900-էն ի վեր աշխարհի բնակչութիւնը քառապատկուած է: Մարդոց եւ ընտելացուած անասուններու ֆիզիքական զանգուածը այժմ կը կազմէ աշխարհի ողնաւորներու զանգուածին 90 առ հարիւրը: Համեմատութիւնը 0.1 առ հարիւր էր 10 հազար տարի առաջ:

Արհեստագիտական ուժի սրընթաց ընդարձակումը, աշխարհի բնակչութեան պայթուցիկ աճին զուգահեռ, ինչպէս նաեւ սպառողականութեան եւ արտադրութեան անհաւասարակշռելի ընթացքը անզուգական մարտահրաւէրներ կը դնեն ազգերու միութեան դիմաց: Մարդկային տարածուող բնակչութիւնը արդէն քանի մը հարիւր տարի առաջ սկսած էր փոփոխութեան ենթարկել իր միջավայրն ու կենսոլորտը: Այսօր մարդիկ փոխած են Երկիրի ցամաքային մակերեսին աւելի քան 80 առ հարիւրը:

«Ճամբորդ աղաւնի» կոչուած թռչուններու երամները ժամանակին կը մթագնէին Կեդրոնական Ամերիկայի արեւմտեան շրջաններու երկնակամարը, իսկ այսօր գոյութիւն չունին անոնք: Ոչ ալ` Նոր Զելանտայի վիթխարի մուա թռչունները եւ Իրլանտայի եղջերուները: Քանի մը ամիս առաջ հանդիպեցայ հին դարէ դարու մասնագէտի մը, որ կ՛ուսումնասիրէ ողնաւոր անասուններու համեմատաբար նոր բրածոներ: Ան կ՛ըսէ, թէ միայն Հաուայի մէջ ոչնչացած են 60 տեսակի ողնաւորներ, այն օրէն ի վեր, երբ մարդիկ եւ անոնց ընկերակցող առնէտները հասած են կղզիները:

Աշխարհի տարածքին բազմաթիւ անասնատեսակներ եւ բուսատեսակներ, ներառեալ` այնպիսի տեսակներ, որոնց տակաւին ծանօթ չենք, վտանգուած են անտառներու ոչնչացումի եւ կենսոլորտային հիմնական փոփոխութիւններու պատճառով: Մարդկային աճող բնակչութեան եւ նախկին միջավայրերու միջեւ մրցակցութեան հետեւանքն էր այս: Վերջերս այցելեցի Ֆլորիտայի մէջ աղուէսակապիկներու (լիմըր) պահպանութեան հիմնարկին պաշտպանած տարածքը: Մատակասքարէն եկած այս վտանգուած ստնաւորները մեր հեռաւոր զարմիկներն են: Մատակասքարը խելացի մարդուն նախահայրերը ուսումնասիրելու հարուստ վայր մըն է, որովհետեւ մեկուսացած է Ափրիկէէն եւ հոն եզակիօրէն պահպանուած են ստնաւորներու շատ հին տեսակներ: Այսօր անոնց ծննդավայրին մէջ մարդկային բնակչութեան ճնշումները եւ տարածումը պատճառ պիտի դառնան, որ աղուէսակապիկի բազմաթիւ տեսակներ ոչնչանան, թէեւ Ֆլորիտայի պահպանուած տարածքը կրնայ դանդաղեցնել այս աղէտը:

Մենըս կղզիին մէջ կ՛ապրին «կանաչ ծառի խխունջները»: Անոնց գրաւիչ պատեաններուն վաճառքը արգիլուած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին, որովհետեւ խխունջները մաս կը կազմեն վտանգուած անասնատեսակներու ցանկին: Թէեւ անոնք առատ են Նոր Կուինէի մէջ, սակայն վտանգուած են միջավայրի կորուստի պատճառով: Եւ որովհետեւ անոնց պատեանը կարելի չէ վաճառել, մարդիկ շահաբեր չեն նկատեր խխունջներուն գոյատեւումը: Այս մէկը կը նշեմ հպանցիկ` ցոյց տալու համար, թէ ինչպիսի՛ երկդիմի վիճակներ կը գրաւենք բոլորս:

Մեր մոլորակը կը գործէ իբրեւ կենսաֆիզիքական համակարգ մը, որ կը ստեղծէ հողը եւ անոր արգասաբերութիւնը: Ինչպէս բնութեան պահպանումի մասնագէտ կենսաբան Թոմըս Լաւճոյ նշած է, ապրող մարմիններու միջավայրեր կ՛ընձեռեն բազմաթիւ առաւելութիւններ, որոնց շարքին` գլխաւորը մաքուր ջուրն է: Կենսաբանական այլազանութիւնը գոյատեւումի անհրաժեշտ ապրող գրադարան մըն է: Եթէ նոյնիսկ գոյատեւէ մարդկութիւնը, հեռաւոր ապագային մեր ապրած ժամանակաշրջանը պիտի ճանչցուի իբրեւ կենսաբանական տեսակներու մեծագոյն կորուստի ժամանակաշրջանը` հոյամողէզներուն (տայնոսըր) անհետացումէն ետք:

Մարդկային բնակչութեան ընդարձակումը ուժը ունի փոփոխութեան ենթարկելու ո՛չ միայն ցամաքի միջավայրը, այլ նաեւ` ծովու, հողին ճամբով ծով հասած պարարտացուցիչներու ճամբով, որոնք բորակածին (նայթրոճեն) կը պարունակեն: Սկսած ենք նաեւ փոփոխութեան ենթարկել եւ թունաւորել մեր օդի խաւը: Այժմ արդէն հազուադէպ են 1970-ական եւ 1980-ական տարիներուն օզոնի խաւին նօսրացումին յայտնաբերումին նման հիմնական հաստատումները: Օզոնի խաւը կը մաշի` սառնարաններու եւ սրսկիչ շիշերու մէջ ամբարուած կազերու արտանետումին պատճառով: Ասիկա Երկիրին այն խաւն է, որ կը զտէ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու շողարձակումները, որոնք կրնան մորթի քաղցկեղ եւ ակնաքող (քաթարաքթ) պատճառել: Թէեւ ճարտարարուեստի մարզին մէջ բանբեր մը յայտարարեց, թէ` «ասիկա գիտաերեւակայական պատմութիւն մըն է, անպէտ գաղափար մը եւ համակ անմտութիւն», սակայն գիտական ապացոյցներ շուտով հաստատեցին, թէ օզոնի խաւին նօսրացումը մարդկային վտանգ մըն է: 1987-ին Մոնրէալի մէջ ընդունուեցաւ բանաձեւ մը, որ կ՛ընդգծէր անհրաժեշտութիւնը` վերջ դնելու օզոնի խաւը նօսրացնող քիմիական նիւթերու արտադրութեան: Ի վերջոյ ՄԱԿ-ի քարտուղար Քոֆի Անան յայտարարեց, թէ ՄԱԿ-ի ճամբով իրականացած այս համաձայնագիրը «ցարդ հաւանաբար միջազգային միակ յաջող համաձայնութիւնն է»:

Լամարքի տեսութիւնը շրջանցելով` խելացի մարդը այժմ զարմանալի արագութեամբ իրագործած է գիտական եւ արհեստագիտական բազմաթիւ զարգացումներ, յայտնագործած է գունաւոր պատկերասփիւռը, մանկական անդամալուծութեան պատուաստը եւ համացանցը: Սակայն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մարդկութիւնը այժմ գողցած է աստղերուն գաղտնիքը` Երկիրի մէջ ստեղծելով այն ուժը, որ կրնայ բնաջնջել կեանքի բարձր մակարդակները: Հիւլէական աղէտ մը պարզապէս գիտաերեւակայական բան մը չէ: Չեռնոպիլի եւ Ֆուքուշիմայի արկածները գաղափար մը կու տան, թէ ոչ դիտումնաւոր աւերներ կրնան պատահիլ: Նաեւ պէտք է նկատի ունենալ անհաւասարակշիռ ցաւագարի մը կամ անիշխանականի մը դիտումնաւոր արարքով սփռուած աւերի հաւանականութիւնը: Հալածախտէ տառապող մարդկային ընկերութիւն մը կրնայ աննախատեսելի հարուածով մը վերջ դնել աշխարհի բոլոր մշակոյթներուն:

Չենք գիտեր, թէ այլ մշակոյթներ եւ քաղաքակրթութիւններ գոյութիւն ունի՞ն մեր համաստեղութեան 200 միլիառ աստղերուն մէջ: Սակայն, եթէ գոյութիւն ունեցած են, եւ եթէ յաջողած են մէկ կամ երկու դարերու ընթացքին փճացնել իրենք զիրենք` տիեզերքի մէկ ծայրէն միւսը հաղորդակցելու արհեստագիտութիւնը յայտնագործելէ ետք, ապա թեթեւամիտ պէտք է ըլլալ` մտածելու համար, թէ արտերկրացիներու աշխուժ կեդրոն մը կարելի է գտնել տեղ մը, որովհետեւ հաղորդակցութեան այսքան կարճ ժամանակաշրջան մը պարզապէս ակնթարթ մըն է` այն միլիառաւոր տարիներուն մէջ, որոնց ընթացքին է, որ կ՛եղափոխուի քաղաքակրթութիւն մը:

Անճանաչելի Ապագայ Մը

Այսօր կը նաւարկենք Երկիր մոլորակին վրայ, գրեթէ դատարկ տարածութեան մը մէջ, առանց մտածելու, թէ մարդկութիւնը կարողութիւնը ունի ակնթարթի մը մէջ պայթեցնելու այս ամբողջ քաղաքը, այս ամբողջ շրջանը վերածելու շողավարակումներով անբնակելի դարձած վայրի մը` ապագայ սերունդներուն համար եւ բնաջնջելու` մեզի ծանօթ քաղաքակրթութիւն մը: Թերեւս ասիկա տեղի չ՛ունենար այստեղ, թերեւս տեղի կրնայ ունենալ Երուսաղէմի մէջ եւ կռուախնձոր դարձած Սուրբ Հողին, որ կրնայ իր շողավարակումներով անմատչելի դառնալ իւրաքանչիւր կրօնի համար:

Կամ թերեւս աւելի թաքուն բան մը տեղի կ՛ունենայ. երկթթուածին բնածուխի համեմատութիւնները շատ աւելի բարձր են այսօր, քան` վերջին քանի մը միլիոն տարիներուն ընթացքին, կամ նոյնիսկ` կլիմայական այն ջերմ ժամանակաշրջանին, որ յաջորդեց հոյամողէզներուն անհետացումին` ասկէ 64 միլիոն տարի առաջ: Հազարաւոր տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հիւսիսային բեւեռի ովկիանոսը այլեւս ամբողջ տարուան ընթացքին սառոյցով թագադրուած չէ: Իւրաքանչիւր ցամաքամասի մէջ ծաղկող բոյսերը եւ գաղթող թռչունները սկսած են փոխել իրենց ժամանակացոյցը` հակազդելով կլիմայական ջերմացումին: Թիթեռնիկներ, որոնք նախապէս ծանօթ էին միայն Միացեալ Նահանգներու հարաւային շրջաններուն տարածքին, այժմ կը յայտնուին Նիւ Ինկլընտի մէջ: Միայն տասնամեակ մը ետք կլիման պիտի հասնի տեղ մը, ուր անդառնալի փոփոխութիւններու պատճառով  անճանաչելի կերպով պիտի խանձին մեր դաշտերն ու անտառները:

Հասած ենք վտանգաւոր կէտի մը, ուր մեր գիտութիւնը, ուժը եւ մեր բնակչութիւնը մեզի կ՛ընձեռեն կարողութիւնը անդարձ փճացնելու մեր միջավայրը: Երբեւիցէ այսքան ծանր պարտաւորութեան տակ չէ գտնուած դիւանագիտութիւնը, երբեւիցէ այսքան ծանր աշխատանք չէ պահանջուած ձեզի նման այրերէ եւ կիներէ: Մեր աշխարհը կախուած է թելէ մը: Թոյլ մի՛ տաք, որ տիեզերական այս իւրայատուկ նաւը ընկղմի ծովուն յատակը:

 

(Յապաւուած)

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES