Ազնուագոյն Ընտրանքը
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Համացանցի գոյառումէն ի վեր լուրերն ու կարծիքները ազատ-համարձակ կը թեւածեն եթերին մէջ եւ առիթ կու տան բոլորիս ոչ միայն անյապաղ իրազեկ դառնալու աշխարհի անցուդարձերէն, ծանօթանալու մեր համաերկրագնդեցիներու մտածումներուն, այլեւ` ներշնչուելու անոնցմէ, շարունակելու խորհրդածութիւնները, մասնակից դառնալու մտքերու զարգացման:
Ունիմ քանի մը ընկերներ, որոնք հաւատարմօրէն զիս կը սնանեն իրենց ել-առաքումներով: Պէտք է խոստովանիմ, որ ել-նամակատուփս կը յորդի, ու չեմ հասնիր արժանավայել կերպով ճաշակելու անոր հայթայթած ճոխ «ուտեստեղէնը», սակայն եւ այնպէս պարբերաբար կը յաջողիմ «համտեսելու» ստացածներէս ոմանք:
Առ այդ, կ՛ուզեմ շնորհակալ ըլլալ այդ ընկերներուս, ու յատկապէս անոր, որ սոյն գրութիւնը ուղարկեր էր ինծի: Ստորեւ, գրեթէ նոյնութեամբ ու թարգմանաբար զայն կը ներկայացնեմ, իմ կողմէ նուազագոյն միջամտութեամբ, այդ մասին խորհրդածութիւններս ալ այլ առիթով մը ներկայացնելու խոստումով:
***
Ընթրիքի մը շուրջ խումբ մը սեղանակիցներ կը զրուցեն կեանքի տարբեր երեւոյթներուն կամ խնդիրներուն մասին: Անոնցմէ մէկը, որ մեծ ընկերութեան մը գլխաւոր գործադիր պաշտօնատարն (ԳԳՊ – CEO) էր, կ՛արծարծէ կրթութեան հարցը.
– Պզտիկ մը ի՞նչ պիտի սորվի մէկէ մը, որուն կեանքի լաւագոյն ընտրանքը ուսուցիչ ըլլալը եղած է,- կ՛ըսէ ան ու դառնալով ներկաներէն մէկուն, որ ուսուցչուհի էր, հարց կու տայ:- Ըսէ՛, Պոնի, դուն ուսուցչուհի ես, եւ անկեղծ եղիր, ի՞նչ կը վաստկիս (անգլերէն` what do you make?, իսկ այդ վերջինը բազմիմաստ բառ մըն է, որ կը նշանակէ նաեւ շինել, մղել, ընել, ընել տալ եւ այլն):
Պոնին, որ ճշմարտախօսութեան ու անկեղծութեան համբաւ ունէր (նաեւ, ինչպէս կ՛երեւի, լաւ բառապաշար, ու խօսքին տակը մնացողը չէր, Վ. Ա.), կը պատասխանէ.
– Կ՛ուզե՞ս, իսկապէս ըսեմ, թէ ի՛նչ կը շինեմ (այստեղ արդէն ան բառը կը գործածէ ո՛չ փոխաբերական իմաստով): Ու երկվայրկեան մը սպասելէ ետք կը շարունակէ.
– Լա՛ւ, ես պզտիկները կ՛աշխատցնեմ աւելի՛ եռանդուն կերպով, քան անոնք երբեւիցէ կը կարծէին, որ կրնան:
Միջակ աշակերտին այնպէս զգալ կու տամ, որ Ազգային ժողովի պատուոյ մետալին դափնեկիրն է:
Պզտիկները նստիլ կու տամ 40 վայրկեան տեւող դասապահի ամբողջ ընթացքին, մինչ իրենց ծնողները չեն կրնար հինգ վայրկեան նստիլ տալ` առանց ել-սարքի մը (I Pod, Game Cube) կամ` վարձուած շարժանկարի մը օգնութեան:
– Կ՛ուզէ՞ք գիտնալ` ի՛նչ կը շինեմ, – կը հարցնէ ան ու դարձեալ պահ մը կանգ կ՛առնէ եւ կը նայի սեղանին շուրջ նստածներէն իւրաքանչիւրին.
– Աշակերտներուն զարմանա՜լ կու տամ: Հետաքրքրուի՛լ (կամ հարցում ընել) կու տամ:
Ներողութիւն խնդրել կու տամ, եւ ատիկա` ո՛չ երեսանց:
Իրենց կը սորվեցնեմ յարգանք ունենալ իրենց արարքներուն նկատմամբ ու պատասխանատու զգալ անոնց համար:
Իրենց գրե՛լ կը սորվեցնեմ ու գրե՛լ կու տամ: Ստեղնաշարելը (keyboarding) ամէն ինչ չէ՛:
Կարդալ, կարդա՛լ, կարդա՜լ կու տամ:
Ուսողութեան իրենց հաշիւները ցոյց տալ կու տամ: Անոնք իրենց աստուածատուր ուղեղները կը գործածեն, եւ ոչ թէ` արհեստական հաշուիչները:
Այլ երկիրներէ եկած աշակերտներուս կը սորվեցնեմ այն, ինչ որ պէտք է գիտնան անգլերէն լեզուին մասին, պահելով հանդերձ իրենց իւրայատուկ մշակութային ինքնութիւնը:
Դասարանս կը վերածեմ վայրի մը, ուր աշակերտներս ապահով կը զգան:
Վերջապէս, իրենց կը հասկցնեմ, որ եթէ իրենց տրուած շնորհները գործածեն, ջանադիր աշխատին ու հետեւին իրենց սրտին, կեանքի մէջ կրնա՛ն յաջողիլ:
Պոնի կարճ դադար մը կ՛առնէ վերջին անգամ մը եւս, ապա կը շարունակէ.
– Յետոյ, երբ որ մարդիկ փորձեն զիս դատել իմ նիւթական վաստակիս համաձայն, ու ես գիտնալով, որ դրամը ամէն ինչ չէ, կրնամ գլուխս պահել բարձր եւ կարեւորութիւն չտալ անոնց, որովհետեւ տգէ՛տ են անոնք:
Կ՛ուզէ՞ք գիտնալ` ի՛նչ կը շինեմ:
Ես իմ ազդեցութիւնը կ՛ունենամ ձեր բոլորին կեանքերուն վրայ` դաստիարակելով պզտիկները ու զանոնք պատրաստելով, որ ԳԳՊ-ներ- բժիշկներ ու ճարտարագէտներ դառնան:
Իսկ դո՞ւն, պարոն ԳԳՊ, դո՛ւն ի՞նչ կը շինես…
Ան, կզակը կախ, լռած էր:
Այս դրուագը դպրոցի մը տնօրէնը պատմեր է շրջանաւարտից ամավերջի հանդէսին:
Մտածենք ըսուածին մասին, մանաւանդ զայն փոխադրենք մե՛ր իրականութեան մէջ ու բաղդատենք մե՛ր կեցուածքներուն հետ` հա՛յ ուսուցիչին նկատմամբ…

