Սահմանել-Չսահմանել Իրաւ Մտաւորականը Եւ Անոր Դերը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հարցադրում

Բոլոր ժողովուրդներու մէջ, մանաւանդ` հայկական շրջանակներու, մտաւորական եզրը այնքա՜ն ընդարձակ սահմանում ունի, որ արժեզրկուած է, եւ զարմանալի չէ, որ խոստովանուած կամ չխոստովանուած արհամարհանք կայ այդ շապիկը կրողին հանդէպ: Եզրը արժեզրկուած է իր ընդհանրութեան պատճառով, Հրազդանի ափին պիտի ըսէին` ինֆլացիայի ենթարկուած է, ինչպէս` աղքատ կամ աղքատացող երկրի մը դրամանիշը:

Իրաւ մտաւորական ունենալու մի՞թէ (ան)ատակ ենք: Կ’անդրադառնանք, որ վիճարկումի ներազգային դաշտը խոպան է, կարծէք խնդիրներ չունեցող ժողովուրդ մըն ենք: Կամ, պարզապէս, չանհանգստանալու համար, մտաւորականը կը նախընտրենք պահել փակագիծի մէջ` զայն վերածելով վարժապետի, վարչականի, հաշուապահի, սրբագրիչի, երբեմն ալ սեղանակիցի, այսինքն` հսկելի: Մտածա՞ծ ենք բնաւ բոլոր անոնց մասին, որոնք օր մը հեռացած են փնտռելու համար ազատութեան հորիզոն մը, ուր կարենան իրականացնել իրենց ինքնահաստատումը: Պատահած է նաեւ, որ իրենք արմաւենի ըլլալով` բեւեռային գօտիներու մէջ չեն աճած, ամլացած են` ազգին համար:

Ինչպէ՞ս կը ներկայանայ մտաւորականի ինքնահաստատումը:

Մտաւորականի Եւ Հաւաքականութեան
Առնչութիւնները

Երբեմն կը մտածեմ Հրանդ Տինքի մասին, որ կրցաւ սաւառնիլ` իր շուրջ մեր հաւաքականութիւններու ցանցը եւ ցանկապատը չունենալով: Ի՞նչ կրնար ըլլալ Հրանդ Տինք, եթէ ապրէր Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Միջին Արեւելք: Հարցում է:

Ինքնաշնորհուած «իրաւասութիւն» ունեցող բարոյախօսներ, մարզադաշտի իրաւարարին պէս, իրենց սուլիչով սխալները մատնանիշ կ’ընեն: Բնաւ տեսա՞ծ էք, որ իրաւարար մը սուլէ նշելու համար ճիշդը: Մարզախաղը սխալներու սահմանուած համակարգ ունի, համախոհութեամբ ընդունուած: Այդքա՛ն:

Բայց բնութիւնը, կեանքը, ընկերութիւնը, տեսիլքը, իրաւունքը, մարզախաղ չեն: Զանոնք այդպէս տեսնել կ’առաջնորդէ ճահճացման, քաղաքական, կրթական, գրական եւ ստեղծագործական բոլոր մարզերէն ներս: Այդպէս կը վարուի էսթէպլիշմընթը: Երբ կը դադրինք ոչ միայն հայելիին մէջ մենք մեզ տեսնելէ, այլ նաեւ` ուրիշի նայուածքին մէջ, չենք յառաջդիմեր, արդար չենք ըլլար, չենք ստեղծագործեր, արժէքներու համակարգէն կը հեռանանք, նոյնիսկ եթէ զանոնք թութակաբար կրկնենք: Այդպէս է փոխպահանջը:

Եթէ պերճանք չհամարուի, փորձենք մեծն Սոկրատի որոնելու, մտածելու, մտածելու մղելու անսեթեւեթ ոճով ընթանալ: Այդ ոճը կոչուած է maïeutique, ծնելու օժանդակող դայեակի աշխատանք, մին աշխարհ կը բերէ մանուկը, Սոկրատ` գաղափարները, միտքերը: Այդպէս, կը փորձեն ըսել, թէ ի՛նչ բան չէ քաջութիւնը, արդարութիւնը, բարին, գեղեցիկը: Երբ մէկ առ մէկ զտում կը կատարուի, ըսելով, թէ ի՛նչ բան չէ, ճշմարտութեան եթէ չհասնինք, կը մօտենանք:

Ազատ բեմ մը կը բանա՞նք տեղ մը` ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, թերթեր, սրահներ, ուր մարդիկ նախ ըսեն, թէ ի՞նչ բան չէ մտաւորականը, թերեւս բառը կ’ազատագրենք ամբոխավարական, բաժակաճառային, սնափառական, օրաթերթային, կողմնապաշտական արժեզրկումէ, ինֆլացիայէ: Այս մասին ասկէ առաջ զանազան ձեւերով խօսած եւ գրած եմ` առանց մոռնալու Նիցչէի խօսքը, որ կ’ըսէր. «Եթէ գրողը գիտնար, թէ ի՛նչ բան է ընթերցողը, տող մը անգամ չէր գրեր»:

Պէտք է ըսել եւ գրել: Առաջին քայլը` մտաւորական նուաճման ճամբուն վրայ:

Ի՞նչ բան չէ մտաւորականը:

Հաշուապահը մտաւորական չէ: Ան ճշգրիտին, վնասը կանխելու ուշադրութեան, խախտում չյառաջացնելու ճիգին կը ծառայէ` չափուած, ձեւուած տուեալներով, որոնք եղածին թուական պատճէնը կը բերեն: Օգտակար: Յետոյ միայն տնտեսագէտը կամ առեւտրականը, մեկնելով այդ տուեալներէն, կը նախաձեռնեն նորը: Նոյնիսկ մշակութային միութեան մը վարչութեան անդամ հաշուապահը մտաւորական չէ: Բայց կրնան մտաւորական հաշուապահներ ըլլալ, այլ առաքինութիւններով, ոչ թիւերու լեզուին համար:

Քահանան (կամ ընդհանրապէս եկեղեցականը) մտաւորական չէ, եթէ ինքզինք բանտարկած է ընդունուած համակարգին մէջ եւ կը շարունակէ կրկնութիւնները, առանց ապրումի ծէսը: Իրենք զիրենք եւ շրջապատը հարցականի տակ առնող եկեղեցականները, երբ առանց իրենց կոչումը դրժելու` նորի առաջադրանքով հրապարակ կու գան, կ’ընդգրկուին մտաւորականի խաղին մէջ: Յայսմաւուրքը լաւ կարդացողը մտաւորական չէ:

Վարժապետը, համալսարանի դասախօսը, ըլլալով ուսումնական մարդիկ, տիրապետելով հանդերձ իրենց նիւթին, մտաւորական չեն անպայման, երբ իրենց աշխատանքը կը սկսին եւ կ’աւարտեն որոշուած ծիրի մէջ, ինչպէս` երէկ կամ վաղը: Կը մնան աշակերտի վիճակին մէջ, նոր հորիզոն չեն բանար:

Լրագրողը երբ սոսկ լրահաւաք է, արձանագրող մեքենայ է, առաւել կամ նուազ չափով: Հրապարակագիրը, որ լրագրողէն տարբեր ըմբռնում է, մտաւորական կը դառնայ, երբ կողմնապաշտ չէ, «տիրոջ ձայնը» չի կրկներ, արձագանգի տուփիկ չէ: Կարելի է յանձնառու ըլլալ, կողմ ըլլալ, բայց` համոզումներ ունենալ, ինքզինք հարցականի դնել, հեռանկար փոխանցել:

Քաղաքական գործիչը անպայման մտաւորական չէ, ան վարչագէտ է, կը կառավարէ` ըստ տրուած որոշումներու: Շատեր, բարձրագոյն մակարդակի վրայ անգամ, կը գործեն գիւղապետի պէս: Բայց կան տեսիլք ունեցող մարդիկ, որոնք նոր ուղիներ կը բանան, իրենց ժամանակը կը դրոշմեն:

ՍահմանելՉսահմանել

Մտաւորականի սահմանում չկայ: Սահմանում եւ սահմանափակում կը խեղդեն մտաւորականը, որ ազատութեամբ միայն կրնայ շնչել: Շրջապատը պիտի համոզուի, որ ան սխալելու իրաւունք ունի, որպէսզի սխալի եւ ճիշդի յարաբերակցութեան ընթացքին, յառաջդիմութիւնը եւ նորը ծնին:

Մտաւորականը, իրաւ մտաւորականութիւնը, ընկերութեան հակաճահճացման երաշխիքն են: Խորհրդային Միութիւնը չտապալեցին բանակները, այլ` համակարգին դէմ ցցուած մտաւորականները, որոնք հնարեցին իրենց ընթացքը, չկրկնեցին, չերջանկացան արդար կամ կորզուած դափնիներով: Գաղափարը գիտցան վեր դասել իրենց անձէն: Դիւանակալ չեղան: Դիւանակալութեան մամլիչին դէմ եղան, յաճախ` սուղ վճարելով: Մտաւորականը ապահովաբար վախկոտ եւ վատ չէ:

Գայթակղութիւն թող չհամարուի, եթէ մեր հայեացքը դարձնենք հայ մտաւորականին եւ հայ մտաւորականութեան վրայ: Կ’արժէ մտածել կրկնութեան նմանող տարբերութեան մասին: Դժբախտաբար հայ մտաւորականները հայկական միջավայրէն դժուար հոգեկան սնունդ կը ստանան, որուն հանդէպ բացասական գնահատում ունին, զայն կը համարեն ե՛ւ մակերեսային, ե՛ւ պահպանողական, գրեթէ հակամշակոյթ: Այդ պատճառով ալ անոնք առանձին վազող նժոյգներու կը նմանին, կը փորձեն իրենք զիրենք իրականացնել օտար միջավայրի մէջ:

Հարկ է դիտել հայկական ընկերութիւնը:

Իրաւ մտաւորականը հարցականներով կը շնչէ: Տպածոյի գործարանի աշխատաւոր չէ: Էսթէպլիշմընթը եւ դիւանակալութիւնը հարցականները չեն սիրեր, չեն սիրեր որ ճահիճին մէջ քար նետուի:

Թիւրիմացութիւնները հարկ է փարատել: Բոլոր հայերէն գիտցողները, բոլոր ուսումնական հայերը, հայ մտաւորականներ չեն: Անոնք իրենց գործը շատ լաւ կրնան ընել, բայց առաւել մը պէտք է մտաւորական ըլլալու համար: Այդ առաւելը ոչ կամ տարբեր ըսելու եւ ըլլալու մէջ կը կայանայ, ինչպէս որ տարբերութիւն մը կայ եկեղեցականին եւ սուրբին միջեւ:

Միգամածային հայ վերադիրը ոչ մէկ հայ ուսումնական անհատէ կարելի է խլել: Բայց կարելի է աւելցնել, որ հայկական խորքի (մշակոյթ, լեզու, պատմութիւն) առկայութիւնը պայման է հայ մտաւորական յորջորջուելու համար: Այդ խորքը կը սահմանուի հայկական կացութեան եւ ինքնութեան որակ-մշակոյթով: Այս պայմանը հայութեան շնչառութիւնը կը բերէ հայկական իւրայատկութիւնը մտածելու եւ ըստ այնմ գործելու գոյութենական եղանակին մէջ:

Սփիւռք(ներ)ի մէջ, խորքի սահմանումով բնորոշուող մտաւորականները այնքան ալ բազմաթիւ չեն: Այն քիչը, որ կայ, հարկ է պահել, ըստ ընկալեալ սովորութեան` «չփախցնել» կամ չչէզոքացնել, զայն ձուլելով դիւանակալական հալոցին մէջ: Պահել` առանց լռութեան դատապարտելու, առանց ճնշելու` ո՛չ բառակոյտերով եւ ո՛չ ալ աճպարարութեամբը նուիրապետական կարգերու, որոնք եղած են ծառայելու եւ ոչ փքուելու համար: Երբ այս իմաստութիւնը կը տժգունի, ճահճացումը կը սկսի:

Դասական, Բայց Միշտ
Կարեւոր
Հարցում

Ո՞վ է մտաւորականը: Առա՛նց բառախաղերու: Դասական հարցում է: Եւ ցանկութիւն չունիմ պատասխանելու: Մտաւորական է այն անձը, որ կը հաւատայ իր կոչման` ունենալու համար կազմակերպիչներէ, տնտեսագէտներէ եւ որոշողներէ տարբեր դիտանկիւն: Դիտելու եւ դատելու այս ոճը հաւաքականութիւններու ոգեկանութեան առանցքին պէտք է ըլլայ, բայց դժբախտաբար դիւանակալական-վարչական մեքենաները չեն հանդուրժեր այս տարբերը: Կը նախընտրեն օրէնքներու եւ կանոններու տառի եւ մանրուքներու միագոյն ծիածանը, կայունութիւն եւ լռութիւն ստեղծելու համար:

Սփիւռք(ներ)ի հայկական միջավայրը շնչահեղձ կ’ըլլայ, գիտենք, գիտեն, բրնձափոշիով կը ծածկենք անհարթութիւնները: Էջը, որ մանկապարտէզի հանդէսի ֆինլանտական պարը կը նկարագրէ, կը համարուի ստեղծագործութիւն… Եթէ փորձուիք քանի մը հիմնական հարցերու մասին խօսիլ, աշխատանքային վարկածներ յառաջ քշել, խախտում կը տեսնուի եւ աղմուկ կը բարձրանայ: «Եթէ ամէն բան աշխարհներու լաւագոյնին պէս ըլլար», ինչպէս կ’ըսուի Վոլթերի երգիծական իմաստասիրական գիրքին մէջ (Քանտիտ), այսօր ազգի նաւը խաղաղ նաւահանգիստ հասած կ’ըլլար: Հարցադրում կատարել, վարկած առաջադրել, չեն նշանակեր իրաւունք ունենալ, ճիշդ ուղիի վրայ գտնուիլ, բայց կարելիութիւն կը ստեղծեն նոր ճամբաներու որոնումին կամ լուծումներու:

Կացութեան Շողանկար

Այսօր, սփիւռք(ներ)ը այնպէս ինչպէս որ է, իր մտաւորականները հանդուրժելու եւ զանոնք լսելու իմաստութիւն եւ առաքինութիւն (հոգեկան ուժ, virtus) ունի՞: Հարցումը կայ: Պատասխա՞նը: Ընդհանրապէս չենք սիրեր նման հարցումներ ուղղել, լսել եւ անոնց պատասխանել: Մինչդեռ անոնք ապագայակերտ են:

Եթէ այսօր «համայնքներ»-ը սառած են, կը մաշին, կը խեղդուին ցուցականի եւ ցուցադրականի մէջ, պատճառը պէտք է փնտռել մտաւորականութեան պարտադրուած կամ ընտրուած լռութեան մէջ, եւ զանգուածները զօրաշարժի ենթարկող նոր լոյս չի ծագիր: Ժողովները, խորհրդակցութիւնները, տպաւորիչ տարբեր անուններով, տպաւորիչ եւ նորոյթ «սեմիներ»-ները, նորաստեղծ «քննարկումներ»-ով, հարթակներ են, ուր կը խմբուինք հաւաքական երազներու, խանդավառութեան, ողբի կամ լուսապսակի համար, կամ պարզապէս գեղեցիկ շապիկ մը հագցնելու համար նախապէս եւ յաճախ լսուած սրճարանային զրոյցներու:

Ոչ ոք կրնայ պահանջել, որ բաժնենք մտաւորականի մը գաղափարները եւ կեցուածքները: Բայց պէտք է լսել եւ ընդունիլ անոր ընկերութեան շարժիչ ուժ բերելու ունակութիւնը, ի՛նչ փոյթ` թեր կամ դէմ:

Բաւարար հանդուրժողական բեմեր չունինք մտաւորական իրաւ աշխուժութեան զարգացման համար: Մասնակին եւ դիպուածայինը խցած են տարածութիւնը: Այսօր թերեւս համացանցը յոյս մըն է, եթէ անորակով չողողուի:

Կրկնենք: Հայկական միջավայրի մէջ վերջ պէտք է տալ մտաւորականի, վարչականի, հաշուապահի դերերու շփոթին: Ստորագնահատելու միտում թող չվերագրուի, այլ` տարբերութեան ըմբռնում:

Համայնքները, հաւաքականութիւնները, իրենց կարողականութիւնները կրնան դրսեւորել եւ արժեցնել, եթէ մտաւորականութիւնը ներդրուի անոր տալու համար ոգի, հոգի, այսինքն` հեռանկար: Անոր բացակայութեան այդ ոգին չի կրնար ներկայ ըլլալ: Հետեւանքը յստակ է. ճահճացում:

Եւ աւազին վրայ տեղքայլ կ’ընենք: Ոմանք իրենց սովորական «փայտեայ լեզուով», ինչպէս կ’ըսեն ֆրանսացիները (langue de bois), կը խոչընդոտեն: Կամ ժամանակավրէպ աւատապետական ցանկութիւններով եւ վերաբերումներով: Ափսո՜ս  մեր ներուժին:

Ինչ վերագրում ալ ընէ ընթերցողը, հարցը կայ, եւ անպարկեշտութիւն է զայն անգիտանալ:

Պուրճ Համուտ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )