Կիրակնօրեայ Խօսքը. Աւետարանը, «Ցունամի»-ն, Սուրբ Սարգիս
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, երէկ կատարեցինք տօնը «Սրբոց Սարգսի զօրավարին եւ որդւոյ նորա Մարտիրոսի եւ չորեքտասան զինուորացն»: Սրտանց կը շնորհաւորեմ բոլոր Սարգիս-ները, Սագօ-ները, Սերժ-երը, Սէրուժ-ները, Մարտիրոս-ները, Մարտիկ-ներն ու Մարտիր-ները:
Այս հայադրոշմ տօնին կարդացինք երրորդ աւետարանիչէն` Ս. Ղուկասէն այն հատուածը, որուն ենթաբաժինը խորագրուած է` «Կանխայայտ նշաններ» վերտառութեամբ (Ղկ. 21,8-19):
Յիսուսի սրտէն ու բերանէն ելած ուղղակի խօսքերը կը փոխանցուին մեզի, նախ` որպէսզի չձգենք, որ խաբեն մեզ «շատեր» Քրիստոսի «անունով», եւ երկրորդ` որպէսզի չհետեւինք «անոնց»: Երրորդ` որպէսզի չզարհուրինք գալիք «պատերազմներ»-էն ու «խռովութիւններ»-էն:
«Անմիջական» չըլլալիք «վախճան»-ին «կանխայայտ նշաններ»-էն կը յիշուին, թէ` «ազգեր պիտի ելլեն ազգերու դէմ եւ թագաւորութիւններ` թագաւորութիւններու դէմ», այսինքն ժողովուրդներ` ժողովուրդներու, երկիրներ` երկիրներու եւ պետութիւններ` պետութիւններու դէմ:
Դեռ աւելի՛ն. «Մեծ երկրաշարժեր պիտի պատահին. տեղ-տեղ պիտի դիպին սով եւ սրածութիւն: Զարհուրելի արհաւիրքներ տեղի պիտի ունենան եւ մեծ նշաններ պիտի տեսնուին երկինքէն»:
«Սակայն վախճանը անմիջական չէ» (Ղկ. 21,9): Կանխատեսուած ժամանակներու մէջ ապրեցա՞նք երէկ, կ՛ապրի՞նք այսօր եւ պիտի ապրի՞նք վաղը, երբ նկատի կ՛առնենք մեզի մերձաւոր ու հեռաւոր երկիրներու հակամարտութիւնները, ազգերու «գարուն»-ները, ժողովուրդներու սրածութիւններն ու երկրաշարժերու ցնցումները:
Մանաւանդ վերջին շաբաթներուն եւ օրերուն խօսուեցաւ ու կը խօսուի «մեծ երկրաշարժ»-ին` ցունամի-ին մասին, որ պիտի զարնէ Լիբանանը, եւ այն` «աներեւակայելի հետեւանքներով` ահակործան ու ամէնաւերիչ», ինչպէս կ՛ուզեն հաստատել մասնագէտները…
«Բայց ասկէ առաջ» (Ղկ. 21,12), այսօր, կը տօնենք Ս. Սարգիսը, որ իր հաւատացեալ կեանքով ու մարտիրոսական մահով կու գայ անգամ մըն ալ հաստատելու իր եւ մեր ամենազօր Փրկիչին խօսքերը` ապագայատե՛ս եւ անյետսկոչելի՛ բոլոր ժամանակներուն համար: «Ձեր վրայ ձեռք պիտի բարձրացնեն, ձեզ պիտի հալածեն ու մատնեն ժողովարաններու եւ պիտի նետեն բանտ: Ձեզ պիտի տանին թագաւորներու եւ դատաւորներու առջեւ` ի՛մ անունիս համար: Ասիկա վկայութեան առիթ պիտի ըլլայ ձեզի համար: Ձեզ պիտի մատնեն, նոյնիսկ ձեր հայրերն ու մայրերը, ձեր եղբայրները, ձեր ազգականներն ու բարեկամները եւ ձեզմէ շատեր մահուան դատապարտել պիտի տան: Ի՛մ անունիս համար շատեր ձեզ պիտի ատեն» (Ղկ. 21,12-13 եւ 16-17):
Հայոց պատմութեան մէջ կայ լուսաշող աստղահոյլ մը` տէրունական այս խօսքերն իրագործածներուն եւ տոկուն փաղանգ մը տէրունական այս կանխատեսութիւններուն համաձայն ընթացածներուն. անոնցմէ մին հանդիսացաւ Ս. Սարգիս, որ կեանքին վերջին երկու (366-367) տարիներուն մատնուեցաւ, բանտարկուեցաւ, տանջուեցաւ, ատուեցաւ ու վկայեց Յիսուս Քրիստոսի «անունին համար»:
«Մի՛ զարհուրիք» (Ղկ. 21,9):
«Սակայն եւ ոչ իսկ մազ մը պիտի կորսուի ձեր գլուխներէն, եւ դուք պիտի փրկէք ձեր կեանքը` ձեր համբերութեամբ» (Ղկ. 21,18-19):
«Արդ, ձեր միտքը դրէ՛ք այս ըսածս: Մի՛ մտահոգուիք ձեր պաշտպանութիւնը կանխաւ պատրաստելու համար: Ես պիտի տամ ձեզի խօսք եւ իմաստութիւն, որոնց պիտի չկարենան ընդդիմախօսել ձեր հակառակորդները, կամ` հակառակիլ ձեր ընդդիմախօսները» (Ղկ. 21,14-15):
Այնճար, 27 յունուար 2013

