«Լիբանանեան Բանակի Նահատակներ Պաշաալանի Եւ Զահրաման «Փոխադարձ Հասկացողութեան» Ապահովութեան Զոհերն Են» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ դարձեալ կոչ ուղղեց կառավարութեան Լիբանանի փրկութեան ծրագիր մը մշակելու, երկրին ազգային տնտեսութիւնը ամրապնդելու եւ զայն բարգաւաճեցնելու:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց նաեւ ապօրինի զէնքեր պարունակող որջերը վերացնելու անհրաժեշտութիւնը` վերացնել կարենալու համար երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը եւ ամրապնդելու երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց փոխադարձ համաձայնութեան հիման վրայ հաստատուած ապահովութեան եւ այդ հիմքերով ստեղծուած ապահովական կղզիներուն վերացման անհրաժեշտութիւնը:
Ան շեշտեց, որ իրենք կ՛աղօթեն նաեւ Արսալի մէջ զոհուած բանակի զոյգ նահատակներ Փիեռ Պաշաալանիի եւ Իպրահիմ Զահրամանի հոգիներուն համար: Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ անոնք զոհուած են իրենց պարտականութեան ճամբուն վրայ` աւելցնելով, որ ցաւօք բանակի այդ զինուորները «փոխադարձ հասկացողութեան» ապահովութեան զոհերն են եւ այդ պատճառով ալ քաղաքական բոլոր ուժերը կը կրեն անոնց նահատակութեան պատասխանատուութիւնը:
Ռայի պատրիարքը ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց ընտանիքներուն եւ բանակին` կոչ ուղղելով լիբանանեան պետութեան վերջ մը դնելու գործուած այս բռնարարքներուն:

