Ժոմպլաթ. «Հարիրիի Հետ Համաձայնեցայ Ուղղափառ Հանդիպումին Օրինագիծը Մերժելու, Իսկ Փոքր Ընտրաշրջաններու Վրայ Հիմնուած Օրինագիծին Առնչութեամբ Համաձայնութիւն Չգոյացուցի»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ համաձայնութիւն մը գոյացուցած է` մերժելու Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը, որովհետեւ անիկա կը խախտէ երկրին մէջ տիրող ազգային համերաշխութեան սկզբունքները, ինչպէս նաեւ ազգային ուխտը:
Ժոմպլաթ աւելցուց սակայն, որ ինք Հարիրիի հետ չէ համաձայնած Լիբանանը 50 ընտրաշրջանի բաժնող կամ Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող օրինագիծի մը շուրջ:
Ժոմպլաթ դիտել տուաւ, որ Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը բացառիկ է, յատկապէս Ծերակոյտի մը հիմնումին առումով. ան մաղթեց, որ Լիբանանի քաղաքական ղեկավարութիւնները վերջ տան համայնքային ճահճացումին:
Ժոմպլաթ գնահատեց նաեւ Հարիրիի կողմէ քաղաքացիական ամուսնութեան մասին յայտարարուած կեցուածքը` աւելցնելով, որ ինք եւս կը մաղթէ, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական ամուսնութեան օրէնքը ընդունուի:
Արսալի միջադէպին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք այդ մասին յստակ տեղեկութիւններ չունի` նկատել տալով միաժամանակ, որ պէտք է ամրապնդել բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ վստահութիւնը:

