Պըրրի Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիա կատարած անոր այցելութեան արդիւնքները:
Միւս կողմէ, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիէն, որուն հետ քննարկեց շրջանին մէջ տեղի ունեցող ընդհանուր իրադարձութիւնները եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ դէմ գործուած իսրայէլեան օդուժին յարձակումը:
Նշենք, որ «Նահար» օրաթերթին համաձայն, Պըրրի յայտնած է, որ երբ ինք ստանայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը, զայն պիտի փոխանցէ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն, որպէսզի անոնք զայն նկատի ունենան իրենց ներկայացուած ընտրական այլ օրինագիծերուն շարքին:
CATEGORIES Լիբանանեան


