Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Խստացնելու Բանակին Դէմ Յարձակողներուն Հետապնդումը Եւ Զանոնք Յանձնելու Դատական Իշխանութիւններուն

Նախագահ Սլէյման եւ Ֆատել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց բանակի ջոկատներէն մէկուն դէմ գործուած յարձակումը, երբ անիկա Արսալի մէջ իր պարտականութիւնը կը կատարէր:

Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ գործուած յարձակումը լիբանանեան պետութեան դէմ գործուած յարձակումի համազօր է:

Ան բանակի հրամանատարութենէն պահանջեց խիստ վարուիլ բոլոր անոնց հետ, որոնք յանդգնած են բանակին եւ անոր սպաներուն դէմ յարձակիլ, ինչպէս նաեւ պահանջեց հետապնդել յանցագործները եւ զանոնք ներկայացնել դատական իշխանութիւններուն:

Նախագահ Սլէյման երկրին ապահովական կառոյցներէն պահանջեց օժանդակել բանակին եւ ճշդել յանցագործներուն թաքստոցները, որպէսզի կարելի ըլլայ ձերբակալել ոճրագործները:

Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն օժանդակելու բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: «Բանակին կամ ապահովութեան ուժերուն դէմ գործուած որեւէ արարք կամ օրէնքի որեւէ խախտում խիստ պատասխաններ պիտի ստանայ», շեշտեց նախագահ Սլէյման:

Նախագահ Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ Էտմոն Ֆատելը, որմէ իմացաւ Արսալի ապահովական միջադէպին բոլոր մանրամասնութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ նախկին երեսփոխան Նուհատ Սուէյտ:

 

Share this Article
CATEGORIES