Ուաշինկթընի Մէջ Ամերիկահայերը Քոնկրեսին Կոչ Կ՛ուղղեն Դատապարտելու Թուրքիոյ Մէջ Հայ Կիներուն Դէմ Կատարուած Յարձակումները
«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ ամերիկահայ երիտասարդներ ուրբաթ օր լուռ բողոքի ցոյց մը կատարած են Ուաշինկթընի մէջ: Անոնք հաւաքուած են Ծերակոյտի շէնքին մօտ եւ ամերիկացի քոնկրեսականներուն կոչ ուղղած են դատապարտելու վերջերս Թուրքիոյ մէջ հայ կիներուն դէմ կատարուած յարձակումները:
«Այս ցոյցը շատ կարեւոր է, որովհետեւ մենք այս ձեւով ամերիկեան հասարակութեան կը ծանօթացնենք Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող հակահայ տրամադրութիւնները, որոնք սկիզբ կ՛առնեն Հայոց ցեղասպանութենէն», յայտարարած է ցոյցի կազմակերպիչ Արմէն Սահակեան:
Բողոքի ցոյցին մասնակցած են նաեւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ: Ցոյցին մասնակիցները պարզած են վերջին օրերուն Թուրքիոյ մէջ յարձակումի ենթարկուած կիներուն լուսանկարները եւ, ի նշան բողոքի, կարմիր ժապաւէններով կապած իրենց բերանները:
CATEGORIES Հայկական

