«Մենք Հայերէն Ներում Կը Հայցենք, Թող Թուրքերն Ալ Նոյնը Ընեն» Կ՛ըսէ Ահմեթ Թուրք
«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Մարտին նահանգէն ընտրուած անկախ երեսփոխան, Թուրքիոյ խորհրդարանի ազգութեամբ քիւրտ անդամ Ահմեթ Թուրք յայտարարած է, որ 1915-ին քիւրտ ժողովուրդն ալ հայերուն դէմ դաժան վարուած է, որուն համար ինք ներում կը հայցէ:
«Մենք` իբրեւ անոնց զաւակները եւ թոռները, ներում կը հայցենք», ըսած է Թուրք եւ նշած, որ իր օրինակին պէտք է հետեւի նաեւ Թուրքիան եւ ներում հայցէ հայ, ասորի եւ եզիտի ժողովուրդներէն:
Ան յայտնած է, որ 1915-ին հայերը շատ ցաւեր տեսած են: Ան յայտարարած է, որ 1915-ին քիւրտերը օգտագործուած են հայերուն, ասորիներուն եւ եզիտիներուն դէմ կոտորածներ իրագործելու համար:
«1915-ին հայերը շատ ցաւեր տեսած են: Ատոր մէջ քիւրտերն ալ իրենց բաժինը ունին: Մեր պապերը, հայրերը օգտագործուած են թէ՛ հայերուն, թէ՛ եզիտիներուն, թէ՛ ասորիներուն դէմ: Անոնց ձեռքերն ալ արիւնոտ են: Մենք` իբրեւ անոնց զաւակներն ու թոռները, ներում կը հայցենք: Ներում ստանալը, կարծիքովս, կարեւոր է: Թուրքիան ալ պէտք է հայերէն, եզիտիներէն եւ ասորիներէն ներում հայցէ: Եթէ այդ դէպքերը մինչեւ հանրապետութեան ստեղծումը տեղի ունեցած են, ապա ի՞նչը կը խանգարէ ներում հայցելու», ըսած է ան:


