Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սատաքա Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Սատաքա 9-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ եւ 3-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք «ԷՅ. ԵՈՒ. ՍԻ. Ի.»ի վրայ, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանի փոխախոյեան Սատաքա յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
CATEGORIES Մարզական