ՖԻՏԷ-ի դասաւորում. Լեւոն Արոնեան 2809 Կէտով 3-րդ Դիրքին Վրայ
ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած ճատրակի միջազգային նոր դասաւորման մէջ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան 2809 կէտով կը շարունակէ մնալ 3-րդ դիրքին վրայ:
Ան այժմ միայն մէկ կէտով ետ կը մնայ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Վլատիմիր Քրամնիքէն: Առաջին դիրքին վրայ է Մակնիւս Քարլսըն, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 2872 կէտ:
Առաջին հարիւրին մէջ կը գտնուին նաեւ չորս այլ հայ կրանտմասթըր:
Ունենալով 2704 կէտ` Վլատիմիր Յակոբեան բարձրացաւ 45-րդ դիրք, Սերկէյ Մովսիսեան 2695 կէտով կը գրաւէ 54-րդ դիրքը` ունենալով 2666 կէտ, Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 80-րդ դիրքը, իսկ Հայաստանի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեան, որ ունի 2663 կէտ, կը գրաւէ 82-րդ դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց դասաւորման, Էլինա Դանիէլեան 2466 կէտով կը գրաւէ 29-րդ դիրքը, մինչ Լիլիթ Մկրտչեան 34-րդ դիրքը` 2458 կէտով:
Պարագլուխի դիրքին վրայ է Ժիւտիթ Փոլկար (Հունգարիա), ապա յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը կը գրաւեն Եու Եիֆան (Չինաստան) եւ Համփի Քոներու (Հնդկաստան):
Պատանի ճատրակ խաղացողներուն դասաւորման առաջին հարիւրին մէջ կան չորս հայեր:
18 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեան Սամուէլ Տէր Սահակեան 2563 կէտով կը գրաւէ 16-րդ դիրքը, Կարէն Գրիգորեան 26-րդ դիրքին վրայ է` 2531 կէտով, Յովհաննէս Կապուզեան, որ ունի 2517 կէտ, կը հանդիսանայ 32-րդ, իսկ Ռոպերթ Աղասարեան, որ այս տարի իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ախոյեանութեան, 2425 կէտով կը գրաւէ 97-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ է հոլանտացի Անիշ Կիրի, որ ունի 2772 կէտ:

