Պարսելոնա` 21-րդ Դարու Լաւագոյն Ակումբը
Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան ֆետերասիոնը հրապարակեց 21-րդ դարու լաւագոյն ակումբներուն ցանկը:
«Արմենփրես» լրատու գործակալութեան համաձայն, Փիւնիկ Երեւան 657,5 կէտով կը գտնուի 191-րդ դիրքին վրայ, Միքա Երեւան` 258-րդ (551,5 կէտ), Բանանց` 310-րդ, իսկ Հայաստանի բաժակակիր Շիրակ` 478-րդ: Իսկ Ուլիս եւ Արարատ յաջորդաբար կը գրաւեն 560-րդ եւ 567-րդ դիրքերը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Պարսելոնա, որ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 3224 կէտ, կը հանդիսանայ 21-րդ դարու լաւագոյն ակումբը: Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Մանչեսթըր Եունայթըտ (2987 կէտ), իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Ռէալ Մատրիտ (2828 կէտ):
CATEGORIES Մարզական

