«Ինծի Համար Մեծ Պատիւ Է Ազգային Հաւաքական Հրաւիրուիլը» Ըսաւ Արսէն Բեգլարեան
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նորեկ բերդապահ Արսէն Բեգլարեան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ ազգային հաւաքական հրաւիրուելու հետ առնչութիւն ունեցող նիւթին շուրջ իր ունեցած զգացումներուն եւ յառաջիկայ մրցումներէն իր ակնկալիքներուն մասին:
Նշենք, որ յառաջիկայ 5 փետրուարին տեղի ունենալիք Հայաստան – Լիւքսամպուրկ բարեկամական մրցումին, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան առաջին անգամ ըլլալով հաւաքական հրաւիրեց Գանձասար Կապանի բերդապահ Արսէն Բեգլարեանը:
Իր հարցազրոյցին մէջ Բեգլարեան ըսաւ. «Նախ եւ առաջ ինծի համար մեծ պատիւ է հաւաքականին մաս կազմելը: Ինքզինքս շատ երջանիկ կը զգամ այդ ուղղութեամբ: Բնականաբար, ներկայ հանգրուանին պիտի ըլլամ պահեստի մարզիկ, սակայն ատով երբեք չեմ տխրած, որովհետեւ կը կարծեմ, որ դիմացս ապագայ ունիմ: Հաւաքականին փորձառու բերդապահներուն կողքին մարզուիլը ինծի համար արդէն իսկ մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգել կը նշանակէ: Ինծի համար էականը այն է, որ հաւաքական հրաւիրուիլը կը նկատուի մեծ նուաճում մը, որ իւրաքանչիւր մարզիկի երազն է»:

