ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՀԱՅԱՍԷՐ ՆՈՐ ԵՐԱՆԵԼԻՆ…

Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր չեմ կրնար չգրել այն անձնաւորութեան մասին, որ ոչ միայն վերջին շաբաթները եւ յատկապէս կիրակի օրը զբաղեցուց միջազգային լրատու սպասարկութիւնները, այլ նաեւ, 16 հոկտեմբեր 1978-էն մինչեւ 2 ապրիլ 2005, նաեւ այս թուականներէն առաջ ու ետք, միշտ գրաւեց ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը տեղեկատու գործակալութիւններուն:

Այո՛, չեմ կրնար չգրել, մանաւանդ երբ նախորդ  շաբաթավերջին նշեցինք Մամուլի ազատութեան միջազգային օրը, որուն «կառուցողական քննադատութիւնն ու ինքնաքննադատութիւնը» կատարելու «կամ ճշմարտութիւն բացայայտելու իր առաքելութեան» բացարձակ պաշտպանը հանդիսացաւ ամբողջ կեանքին տեւողութեան:

Այո՛, չեմ կրնար չգրել, մանաւանդ երբ Յաւիտենական քաղաքին մէջ, մայիս 1-ին, Աշխատաւորներու միջազգային օրուան ընթացքին հռչակուեցաւ «Երանելի», որ թէ՛ երիտասարդական հասակին աշխատեցաւ իբրեւ հանքագործ, թէ՛ մասնակցեցաւ ցոյցերու` ի նպաստ աշխատաւորներուն եւ թէ՛ միշտ պաշտպանեց արդար դատը գործաւորներուն:

Այո՛, չեմ կրնար չգրել, մանաւանդ երբ ապրիլ-մայիս ամիսներուն կը կատարենք լուսաբաշխ ոգեկոչումը 1915-ի Ցեղասպանութեան նահատակներուն, որոնց մասին խօսելու համարեա ոչ մէկ առիթ ոչ միայն չփախցուց, այլեւ Հայասպանութեան 10 նոյեմբեր 2000-ին կատարած ճանաչումով յառաջացուց զօրաւոր խլրտում համաշխարհային մակարդակով…:

Այո՛, չեմ կրնար չգրել Յովհաննէս-Պօղոս Բ. (1920-2005) պապին մասին, որ խօսքո՛վ եւ գործո՛վ հանդիսացաւ օտարազգի մեծագոյն հայասէրը մեր ժամանակներուն: «Հայասէր» ուղիղ բառը առի  «Ազդակ»ին մէջ հրապարակուած ազդերէն (Պէյրութ, 7 եւ 8 ապրիլ 2005):

Նոր երանելիին վարակիչ հայասիրութեան բազմաթիւ ապացոյցներէն կը յիշեմ անոր վերջին չորս տարիներուն ըրած հայանպաստ գործերէն քանի մը անուն ու թուական լոկ:

2 փետրուար 2001-ին Վատիկանէն հրատարակուեցաւ սրբազան պապին «Առաքելական նամակը հայ ժողովուրդի քրիստոնէութեան դարձին տասնեօթներորդ դարադարձին առիթով», որ տպուելով Ս. Աթոռին բազմալեզու պաշտօնաթերթին մէջ` սեփականութիւնը դարձաւ աշխարհի ժողովուրդներուն ընդհանրապէս եւ քրիստոնեայ ազգերուն յատկապէս:

24 ապրիլ 2001-ին Վատիկան հրատարակեց սրբազան քահանայապետէն ստորագրուած վաւերաթուղթը, որով պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Մեծ եղեռնի նահատակ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի (1869-1915) երանացումը:

Քրիստոնէութեան պետական կրօնի հռչակման 1700-ամեայ յոբելեանին առիթով Յովհաննէս-Պօղոս Բ.ի այցելութիւնը մեր հայրենիք 25-27 սեպտեմբեր 2001-ին, որ պատմական եղելութիւն եղաւ եւ մեծագոյն փաստը` անոր անշէջ սիրոյն ու մեծ համարումին:

Իր այցելութեամբ աշխարհին ուշադրութիւնը դարձուց Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, որոնց վրայ կեդրոնացան միջազգային լրատուամիջոցներուն տեղեկատուութիւնները: Ճիշդ ըսուեցաւ, թէ միլիոններ տալու էինք այսպիսի «փրոփականտա»ի մը համար…: Մեծ եղեռնի երկու միլիոն նահատակներուն նուիրուած Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիրին անոր այցելութիւնը, որուն ընթացքին Շարլ Ազնաւուր երգեց իր հռչակաւոր «Աւէ Մարիա – Ողջոյն Քեզ, Մարիամ» երգը:

7 հոկտեմբեր 2001 թուականն ալ անջնջելի պիտի մնայ ապրիլ 24-ի տարեգրութեան մէջ, քանի այս օրը է Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Մալոյեան ապրիլեան նահատակը «Երանելի» հռչակելով` վաւերացուց Ս. Աթոռին ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան:

19 յունուար 2005-ին, հայածէս Ս. պատարագէն ետք, հիւանդ պապին կողմէ կատարուած օրհնութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հոյակերտ արձանին, որուն համար հրաման տուած էր, որպէսզի զետեղուի Ս. Պետրոսի տաճարին արտաքին պատին վրայ: Այս թուականէն սկսեալ, ամէն տարի, ամէն երկրէ բազմամիլիոն զբօսաշրջիկներ պիտի դիտեն յուշարձանը եւ պիտի կարդան ծանուցումը հայ ժողովուրդին մասին:

Սիւնակս կ՛աւարտեմ հայասէր նոր երանելիին երկու խօսքերով: «Տառապանքի եւ մարտիրոսութեան ձեր պատմութիւնը թանկագին գոհար մըն է, որուն համար հպարտ է Տիեզերական եկեղեցին»: Հայերը` «իրենց կեանքը զոհեցին հաւատարիմ մնալու համար Քրիստոսի եւ պաշտպանելու ազգին հաւատքը»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Այնճար, 3 մայիս 2011

 

Share this Article
CATEGORIES