ՈՎԱՍԻՍ ՄԸ, ՈՐՈՒՆ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻՆ ՄԵՐ ԾԱՐԱՒ ՀՈԳԻՆԵՐԸ

Վարագոյրը բաց է…

Թեթեւ լուսաւորուած բեմայարդարման հետ կարծես նոյնացած են ներկայացման 12 դերակատարները:

Ներկայութիւն մը, որ սրահ մտնողը կը մղէ իսկոյն թատերական մթնոլորտին մէջ մտնելու եւ կը սրէ անոր հետաքրքրութիւնը` յառաջիկային տեղի ունենալիքին առնչութեամբ:

Հոգեպարար երաժշտութեան ներքեւ հեռանալով բեմէն` անոնք կը փութան մտնելու իրենց կերպարներուն մէջ:

Կը յայտնուի որբ աղջնակը` Մարիամը (Արաքսիա Կուրղիկեան)` «Դէպի Երկիր» կարգախօսով թռուցիկներ զետեղելու Հարենցներուն ամարանոցին բակը…

Գիշերանոցով կը յայտնուին Հարենց ամուսինները (Ժան Պեքերեճեան ու Ցոլեր Շխրտմեան) եւ տեսնելով թռուցիկները` կը տագնապին…

Վաստակաւոր բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի բեմը ո՛չ պատմական բերդ է, ո՛չ ալ բնակարան, բանտ կամ պարտէզ, այլ` այս բոլորին համախմբումը, շարժական ու յարափոփոխ, անկանխատեսելի ու խորհրդաւոր, առանցքը` մեր ծուռ աշխարհին…

Երբեմն-երբեմն կը լսուին Վոսփորի ջուրերուն մէջ դեգերող տարբեր երկիրներու նաւերու ազդանշանները, անոնց տախտակամածներէն հնչող երգեր, պատերազմէն իրենց բաժին ինկած դժբախտութեան կամ աւարին տարողութիւնը բնորոշող տրամադրութիւններ փոխանցող:

Այս պայմաններուն մէջ հանդիսատեսը ականատես կ՛ըլլայ սիրոյ ամէնէն նուիրական ու բիւրեղ զգացումի ծնունդին ու ուռճացումին` ազնուական ընտանիքի զաւակ Մարիի եւ ազատագրական պայքարի զինուոր Վահրամի միջեւ (Յաւերժ Շխրտմեան եւ Վարդան Մկրտիչեան):

Հարենց ամուսինները չեն կրնար հասկնալ Մարին եւ Վահրամը, որոնց փոխադարձ սիրոյ խորապատկերին վրայ Լեւոն Շանթի թատրերգութեան առանցքն է ու գերխնդիրը` ազգային ազատագրական պայքարին հետեւելու կամ սրտի զարկերուն անսալու ընտրանքը, բախումը` անձնականին եւ հաւաքականին միջեւ:

Քանդակագործ Երուանդին համար «որբն ու խեղճը մոտեռն ապրանք են» եւ այդ թեմայով քանդակուած գործերը «լաւ կը քշուին»:

Հրակ Տեմիրճեան փայլուն կերպով կատարեց իր դերը: Մարգարի պարզ ու ազնիւ կերպարը (Յովհաննէս Հելվաճեան) ներկայացման պատկերի տաքուկ գոյներէն է, հարազատ ու յուզիչ, ինչպէս` կարօտը:

Դաւիթը (Րաֆֆի Չիլինկիրեան) իբրեւ անկեղծ ու առնական կերպար` կը դրոշմուի հանդիսատեսին յիշողութեան մէջ` հայութեան կեանքին մէջ նմաններուն տիպարը մարմնաւորելով եւ անոնց վճռական կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առնելով:

Ներկայացման մէջ կարեւոր դեր ունին Գոհարիկ Պէրպէրեան, Թամի եւ Փաթիլ Հատիտեաններ, Լիզա Կիւլիւմեան, որոնց շնորհիւ բեմադրիչը հարստացուցած է տեսարանները` ընդլայնելով ներկայացման տեսողական ու հոգեբանական տարածքները: Անոնց ներկայութիւնը յաճախ լուռ, սակայն տիրական ու իմաստ փոխանցող է:

Մարիի եւ Վահրամի ձգտումներու բախումին զուգահեռ, նրբօրէն շեշտուած է անոնց տարիքի տարբերութիւնը: «Դուն նոյնիսկ չգիտես, թէ ով եմ ես, ուրկէ կու գամ եւ կ՛երթամ ուր… Ես տուեր եմ ուժերս ալ, օրերս ալ, բոլորը` ինչ որ ունիմ», կ՛ըսէ Վահրամ, որուն կեանքը անցած է ազատագրական պայքարի բոցերուն մէջ: Ան երբեք ժամանակ չէ ունեցած կերտելու անձնական երջանկութիւն:

Վերջապէս գտնելով իր կեանքի «միակ ովասիսը»` Վահրամի համար կեանքը նոր արժէք ու իմաստ կը ստանայ: Արհեստավարժ դերասան Վարդան Մկրտիչեանի Վահրամը այն հերոսն է, որ տեսած է պատերազմի արհաւիրքները եւ հակառակ կեանքը սիրելուն` անտարբեր չէ այրող հայրենիքի, հայրենակիցներու սպանդին եւ դժբախտութեան հանդէպ: Տպաւորիչ եւ հմայիչ է Վարդան Մկրտիչեանին հերոսը: Նոյնքան հմայիչ եւ Մարիի իր դերին հետ ընդելուզուած  է Յաւերժ Շխրտմեան: Ամբողջ թատրերգութեան ընթացքին զոյգը իր վրայ կը հրաւիրէ լուսարձակները` գտնուելով տարբեր իրավիճակներու մէջ, տարբեր զգացումներով ու մտածումներով համակուած, սակայն տիրականը սէրն է, որուն ծնունդն ու մահը կը հանդիպին շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ: Վերջին տեսարանին մէջ Մարին ճերմակազգեստ դիցուհի մըն է, դասական, պոլսական, սլացիկ, կուսական, հմայիչ…

Վահրամ, հակառակ անոր որ ճշդած է ուղին, պահ մը կ՛երկմտի. «Ա՛յ, եկեր եմ, որ խօսինք, նայինք` ի՛նչ կրնանք ընել», սակայն Մարի կը կանխէ զայն. «Ո՛չ, ես գիտեմ քեզ, դուն եկեր ես ու պիտի երթաս…»:

Յատկանշական է Վահրամին եւ որբ աղջնակ Մարիամին հանդիպման տեսարանը, ուր Վահրամ կը ներկայանայ իր ազգին համար ամէն ինչ զոհելու կերպարին գերագոյն վիճակին մէջ. ան ուժգին կը գրկէ ջարդերէն ազատած որբ աղջիկը եւ կարծէք կ՛այպանէ ինքզինք` նման ողբերգութիւններու դիմաց անձնական կեանքի ու Մարիի հետ սիրոյ մասին մտածած ըլլալուն համար:  Մարիամը եւ անոր քանդակը շռնդալից ուժգնութեամբ կը հարուածեն սիրոյ ու ազգային պարտականութեան միջեւ ընտրութիւն կատարելու ուղիին վրայ կանգնած Վահրամը, որ տակաւին այդ հոգեվիճակին մէջ եղած ատեն կ՛ընդունի Մարին…

Մերթ փխրուն, մերթ ըմբոստ, մերթ յուսահատ, մերթ սիրոյ մէջ իր ազատ իրաւունքին կառչած հերոսուհի է Մարին` բազմաշերտ ու հակասական իր էութեամբ: Բեմին մէջ հաշտ են հեղինակն ու բեմադրիչը, դերասանն ու իր կերպարը, գոյնն ու երաժշտութիւնը, խօսքն ու շարժումը, լոյսն ու հնչիւնը, զգեստն ու հայեացքը, ի վերջոյ` հանդիսատեսն ու ներկայացումը:

Տեսարաններու փոփոխութիւնները կը կատարուին բեմադրական ճկունութեամբ եւ անմիջականութեամբ, առանց քողարկումի, խաբկանքի կամ աճապարանքի:

Ներկայացումը մեկնաբանուած է թատերական գիւտերու, տեսողական ու հոգեբանական զուգահեռներու իւրօրինակ կշռոյթով: Բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան ներկայացման իւրաքանչիւր ակնթարթի մէջ կերտած է գրաւիչ պատկեր մը, իսկ ներկայացումը արուեստի ամբողջական ու ինքնատիպ կոթող մըն է: Ներկայացման աւարտին Հարենցի անարգական արտայայտութեան ընդմէջէն անգամ մը եւս կը շեշտուին ազատամարտիկի եւ մորթապաշտի նկարագրային, բարոյական¬գաղափարական տարբերութիւնները:

Մինչ հանդիսատեսը կը հետեւի հեռացող նաւուն, որուն վրայ Վահրամն է, ատրճանակի անսպասելի շառաչը կը ցնցէ սրահը, եւ անշնչացած Մարին առանց տապալելու, սրբապատկերի պէս կը քարանայ կամարին մէջ: Մարիամ կը բարձրացնէ զէնքը, ապա երկրորդ կամարին մէջ անշարժացած կը տեսնենք Վահրամը:

Հայոց զինանշանին ծածանումով մուտք կը գործեն ազնիւ Մարգարն ու հայրենասէր Դաւիթը, անձնասէր Երուանդն ու քաղքենի Հարենցները, բոլորը…

Ներկայացումը կու գայ վերանորոգելու մեր անձնազոհութեան ոգին, որուն շնորհիւ կերտեցինք պետութիւն ու զինանշան, նուաճեցինք նորանոր յաղթանակներ եւ տակաւին կը շարունակենք մնալ պատնէշի վրայ:

Ռոպերթ Առաքելեանի «Ճամբու վրայ» ներկայացումը կը ստիպէ մեզ` մէկ կողմ դնելու ամէն տեսակի նախապաշարումներ, կը բանայ բոլորիս հոգիին հորիզոնները, կը դառնայ այն ովասիսը, որուն կարիք ունին մեր բարձրարժէք թատրոնի ծարաւ հոգիները:

Բեմադրութիւնը կ՛աւարտի, սակայն հանդիսատեսը կը շարունակէ մնալ անոր հետ` իր մտորումներով, զգացումներով եւ հարցադրումներով` ընտրուած ուղին ճի՞շդ էր արդեօք, մեծ սիրոյ շուտափոյթ աւարտը անհրաժե՞շտ էր… Պատասխանը չ՛ուշանար, որովհետեւ եթէ չըլլային վահրամները, հայութեան գոյատեւումը բաւական դժուար, նոյնիսկ անկարելի կրնար ըլլալ:

«Ճամբու վրայ» ներկայացման իւրայատկութիւններէն է այս մէկը, որովհետեւ իւրաքանչիւր հանդիսատես իրեն հետ բան մը կը տանի` իբրեւ փաստ տարուած աշխատանքին յաջողութեան:

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES