«Թրքական Հետախուզութիւնն Ու Ոստիկանութիւնը Տեղեակ Էին Ամերիկեան Դեսպանատան Վրայ Կատարուելիք Յարձակումէն» Կ՛ըսէ Կիւլ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ հետախուզութիւնն ու ոստիկանութիւնը տեղեակ էին Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դէմ կատարուելիք ահաբեկչութեան մասին, սակայն, դժբախտաբար չկրցան զայն կանխարգիլել:

Ըստ Կիւլի, թրքական հետախուզութիւնն ու ոստիկանութիւնը այս մասին տեղեակ պահած էին համապատասխան մարմիններն ու օտար պետութիւններու ներկայացուցիչները:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Անգարայի մէջ ամերիկեան դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած էր պայթում մը, որուն պատճառով դեսպանատան ապահովական թուրք աշխատակից մը եւ անձնասպանական գործողութեան հեղինակը զոհուած էին:

Թրքական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ գործողութեան հեղինակը Գերմանիոյ մէջ կը բնակէր եւ Յունաստանէն ապօրինի կերպով Թուրքիա մուտք գործած էր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )