«Իսրայէլ Պիտի Զղջայ Սուրիոյ Դէմ Իր Յարձակումին Համար» Կը Յայտարարէ Ժալիլի
Իրանի ազգային ապահովութեան բարձրագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սայիտ Ժալիլի երէկ Դամասկոսի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ակնարկելով 2006-ի յուլիսեան պատերազմին եւ 2008-ին ու 2012-ին Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմներուն յայտարարեց, որ Իսրայէլ «պիտի զղջայ (Սուրիոյ դէմ) իր յարձակումին համար, ճիշդ ինչպէս զղջաց 33 օրուան պատերազմին, 22 օրուան պատերազմին եւ 8 օրեան պատերազմին համար»:
Ան աւելցուց, որ «սուրիական կառավարութիւնն ու ժողովուրդը այս հարցով լուրջ են, իսկ իսլամական աշխարհը Սուրիոյ կը զօրակցի»` նշելով, որ «Սուրիա սիոնական գոյացութեան դէմ ճակատումին մէջ իսլամական աշխարհի առջեւի ճակատն է»: «Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը, որ ներկայիս Ոչ յանձնառու երկիրներու խմբակին նախագահութիւնը կը վարէ, իր բոլոր յարաբերութիւնները պիտի օգտագործէ(…) սիոնական յարձակումին դէմ Սուրիոյ աջակցելու», ընդգծեց Ժալիլի:
Ան ըսաւ, որ «սուրիական վարչակարգը, որ թշնամական քաղաքականութեանց դէմ տարիներով հաստատ մնաց, իր ժողովուրդին աջակցութիւնը կը վայելէ, եւ սուրիացի ժողովուրդը հպարտութեան ուղին ընտրած եղաւ, երբ դիմադրութեան աջակցելու ուղին եւ ուղեգիծը որդեգրեց»:
Ժալիլի աւելցուց, որ Իրան սկիզբէն տագնապին սուրիական ներքին լուծման վրայ շեշտած է, իսկ սուրիացի ժողովուրդին զօրակցիլը սուրիական պետութեան ենթակառոյցները քանդելով չ՛ըլլար, այլ` ազգային երկխօսութեամբ, որ տագնապէն դուրս գալու միակ ուղին է:
Ըստ Ժալիլիի, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի առաջարկած քաղաքական ծրագիրը ազգային երկխօսութեան պատշաճ հիմքը պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ «զինուորական լուծումը Սուրիոյ տագնապէն ելք մը չէ, իսկ օտար միջամտութիւնը, ահաբեկչական արարքներն ու բռնարարքները, բոլորն ալ դատապարտելի են: Լուծումը միայն ներսուրիական պիտի ըլլայ` սուրիացի ժողովուրդին միջոցով, որ պէտք է իր ճակատագիրը ինք որոշէ»:
Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մաազ Խաթիպ յայտնեց, որ երկխօսութեան հարցին մէջ «նախաձեռնութիւնը ներկայիս վարչակարգին մօտ է»: Ան վարչակարգին կոչ ուղղեց «յստակ կեցուածք մը որդեգրելու», իսկ նախագահ Ասատին կոչ ուղղեց` «լուծում մը գտնելու» եւ «ի սէր ժողովուրդին վեր կանգնելու»: «Ես կ՛ըսեմ, ո՛վ Պաշշար Ասատ, զաւակներուդ աչքերուն մէջ նայէ եւ փորձէ լուծում մը գտնել, եւ պիտի գտնես, որ ի շահ երկրին պիտի համագործակցինք», ընդգծեց Խաթիպ:
Խաթիպ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ «մենք մեր ձեռքը պիտի երկարենք ի շահ ժողովուրդին եւ որպէսզի վարչակարգին օգնենք, որ խաղաղութեամբ հեռանայ»:
Խաթիպ ըսաւ, որ «բանակցութեան մասին խօսողը պէտք չէ դաւաճան նկատել»` նշելով, որ կարգ մը ընդդիմադիրներ զինք այդպէս նկատած են: «Մեր ժողովուրդը կը մեռնի, եւ այդ մէկը պիտի չարտօնենք», աւելցուց ան:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս «Ֆրանս Ինթեր» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Մոսկուա կը մեկնի` Ժընեւի համաձայնութիւնը քննարկելու համար: «Եթէ Սուրիոյ մէջ ծայրայեղականութեան դէմ կ՛ուզենք պայքարիլ, պէտք է սուրիական Ազգային համաձայնական մարմինին աջակցինք», շեշտեց ան:
Ան ողջունեց «Ռուսիոյ եւ սուրիական իշխանութիւններուն զօրակցող այլ ուժերուն ու ընդդիմադիր մարմինին միջեւ հանդիպումներու առաջին նշանները»:
Մինչ այդ, Սէուտական Արաբիոյ նախարարաց խորհուրդը դատապարտեց Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան յարձակումը` զայն նկատելով արաբական երկրի մը հողերուն եւ գերիշխանութեան բռնաբարում: Սէուտական նախարարաց խորհուրդը յարձակումը ՄԱԿ-ի ուխտի, միջազգային օրէնքի կանոններուն եւ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներու ոտնահարում նկատեց:
Միւս կողմէ, «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իրանեան լրատուամիջոցները, հաղորդեց, որ սուրիական բանակը «Սքատ» տիպի չորս հեռահար հրթիռներ Թել Աւիւի ուղղութեամբ լարած է: