Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Փոխնախարարը Անակնկալ Այցելութիւն Կու Տայ Անգարա
«Թուտէյզ Զաման» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Աշթըն Քարթըր երէկ առաւօտեան անակնկալ այցելութիւն մը տուած է Անգարա` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապը:
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Քարթըր Թուրքիա կ՛այցելէ օրակարգի վրայ եղող շարք մը կարեւոր կէտերու շուրջ «սերտ խորհրդակցութիւնները» շարունակելու համար:
Քարթըր հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազի եւ ապահովական մարզի այլ պատասխանատուներու հետ:
Դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Քարթըրի այցելութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարին մէջ իր դաշնակից Թուրքիոյ նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու ուժեղ յանձնառութիւնը ցուցադրելու:
CATEGORIES Միջազգային


