Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք կը հաւատան լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան` աւելցնելով, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերուն հետ իրենց ունեցած տարակարծութիւնները անձնական չեն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին` աւելցնելով, որ իրենց համար մեծամասնական օրինագիծին վրայ հիմնուած որեւէ օրինագիծ մերժելի է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, իսրայէլեան օդուժը երէկ Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի, Սայտայի եւ Սուրի վերեւ ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ կատարած է, ինչպէս նաեւ` կեղծ յարձակումներ գործած:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պէտք է վերջ տայ ընդհանուր դատախազութեան կողմէ երեսփոխան Պութրոս Հարպը անձեռնմխելիութենէ զրկելու պահանջին:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի այցելուներուն համաձայն, նախագահ Սլէյման հանգիստ կը զգայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարած նախաձեռնութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ կը նախընտրէ Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնելու կարելիութիւնը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պապ Թըպպանէէն 22 սալաֆականներ մաս կը կազմեն Սուրիոյ արիւնալի բախումներուն` մասնակցելով Քսէյրի եւ Հոմսի ճակատամարտերուն: