Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Վերսկսաւ Իր Նիստերուն` Քննարկելու Համար Խառն Ընտրական Օրինագիծը

Խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նիստէն պահ մը

Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ կէսօրէ առաջ վերսկսաւ գումարելու իր նիստերը, որոնց ընթացքին շարունակուեցաւ քննարկուիլ խառն ընտրական օրինագիծը, որ հիմնուած է համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւններուն վրայ:

Առաւօտեան նիստը բացուեցաւ բանակի նահատակներուն յիշատակը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով:

Ապա ենթայանձնախումբը անցաւ իր աշխատանքներուն:

Նիստէն ետք ենթայանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին երեսփոխան Ալի Պեզզի առաջարկած է, որ ընտրական խառն օրինագիծին պարագային համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւնները բաժնուին 50 առ հարիւրի դրութեամբ, այսինքն` 64 երեսփոխան կ՛ընտրուի համամասնական դրութեամբ, իսկ միւս 64-ը` մեծամասնական դրութեամբ:

Երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ իր կարգին պահանջեց, որ խորհրդարանին 70 առ հարիւրը ընտրուի մեծամասնական դրութեան հիման վրայ, իսկ 30 առ հարիւրը` համամասնականին:

Ղանեմ աւելցուց, որ իր կարգին երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ առաջարկած է, որ խորհրդարանին 60 առ հարիւրը ընտրուի մեծամասնական դրութեան հիման վրայ, իսկ 40 առ հարիւրը` համամասնական:

Ղանեմ ըսաւ, որ երեսփոխան Ժորժ Ատուան որոշ ժամանակ մը պահանջած է ներկայացնելու առաջարկ մը, որուն շրջագիծին մէջ մեծամասնական եւ համամասնական դրութիւնները միաժամանակ կարելի կ՛ըլլայ գործադրել:

Ղանեմ շեշտեց, որ երեսփոխանները խոստացած են իրենց առաջարկները գրաւոր եւ շատ յստակ կերպով ներկայացնել:

Ան նաեւ մաղթեց, որ նիստերուն աւարտին կարելի ըլլայ որոշ համաձայնութեան մը յանգիլ:

Ան նշեց, որ ենթայանձնախումբը երեկոյեան իր նիստը պիտի գումարէ, սակայն լրատուամիջոցներուն լուսարձակներէն հեռու պիտի ըլլայ այդ նիստը:

Ղանեմ աւելցուց նաեւ, որ ենթայանձնախումբը այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին պիտի գումարէ այլ նիստ մը:

Առաջարկ` Մուսթաքպալ Պլոքին Կողմէ

Միւս Կողմէ, Մուսթաքպալ Պլոքի երեսփոխանները խորհրդարանին մէջ տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անոնք յայտարարեցին Մուսթաքպալի նախաձեռնութիւնը, որ հիմնուած է մեծամասնական դրութեան եւ փոքր ընտրաշրջաններու վրայ:

Ըստ Մուսթաքպալի ներկայացուցած օրինագիծին, Լիբանանը պիտի բաժնուի 37 ընտրաշրջանի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )