Զօր. Աուն Ընդունեց Ուիամ Ուահապը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի անկիւնադարձային հանգրուանի մը սեմին եւ պէտք է յառաջիկայ ժամերուն ընթացքին որդեգրուին որոշումներ, որոնց հիման վրայ է, որ երկրին պետութիւնն ու բանակը պիտի պահպանուին, այլապէս` ապագան փայլուն չէ:
Ուահապ զգուշացուց, որ Լիբանանի մէջ կան շարք մը պատասխանատուներ, որոնք լիբանանեան բանակին դէմ դաւադրութիւններուն կը մեղսակցին:
Ուահապ խստիւ դատապարտեց բանակին կողմէ Արսալի շրջափակումին ընթացքին կարգ մը շէյխերու կողմէ այդ գիւղաքաղաքը մուտք գործելու քայլը: «Լիբանանեան բանակին արժանապատուութիւնը պէտք է բարձր պահել, եւ եթէ ոմանք անկարող են այդ մէկը կատարելէ, ապա կրնան իրենց բնակարանները մեկնիլ: Առանց լիբանանեան բանակին Լիբանանը չի կրնար գոյատեւել», հաստատեց Ուահապ:

