Ընդհանուր Դատախազը Կը Պահանջէ Անձեռնմխելիութենէ Զրկել Երեսփոխան Պութրոս Հարպը

Ընդհանուր դատախազը եւ Պըրրի

Ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի երէկ պահանջեց երեսփոխան Պութրոս Հարպը անձեռնմխելիութենէ զրկել` նկատի ունենալով դատական իշխանութիւններուն եւ հանրապետութեան նախագահին դէմ անոր կատարած վերջին յայտարարութիւնները:

Երեսփոխան Պութրոս Հարպ անդրադառնալով Մատիի պահանջին յայտնեց, որ ինք երբեք հարց չունի անձեռնմխելիութենէն զրկուելու առումով, այլ` կ՛ողջունէ այդ որոշումը: Ան նշեց, որ ինք այս իմաստով այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին իր բնակարանին մէջ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը:

Նշենք, որ Մատի երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Մատի հաստատեց, որ Հարպը իր անձեռնմխելիութենէն զրկելու ընդհանուր դատախազութեան որոշումը ոչ մէկ կապ ունի Այն Թինէ իր այցելութեան հետ` աւելցնելով, որ եթէ Պըրրի այդ մասին հարցումներ ունենայ, ապա ինք պատրաստ է լուսաբանելու խորհրդարանի նախագահը:

Արսալի ոճիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մատի շեշտեց, որ ինք հանդիպում մը պիտի ունենայ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Էտմոն Ֆատելի հետ:

Իր կարգին, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ ինք սերտելէ ետք ընդհանուր դատախազին պահանջը, պիտի կիրարկէ օրինական միջոցները եւ զայն փոխանցէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, որպէսզի ան իր կարգին որոշէ ընդհանուր դատախազին պահանջը խորհրդարանի լիագումար նիստին ներկայացնելու հաւանականութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES