Նախագահ Սլէյման Շարունակեց Քննարկել Արսալի Մէջ Տիրող Ընդհանուր Կացութիւնը

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հերթաբար ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելն ու լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որոնց հետ քննարկեց Արսալի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը:

Հանդիպումներուն ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անընդունելի է թուլութեամբ մօտենալ լիբանանեան բանակի անդամները սպաննող յանցագործներուն եւ զանոնք դատական իշխանութիւններուն չյանձնել:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման անդրադարձաւ ընտրական օրինագիծը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նիստերուն վերսկսումին` աւելցնելով, որ պէտք է անձնական հաշիւներէ դուրս բերել քաղաքական կեցուածքները:

Նախագահ Սլէյման նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը խորհրդարան փոխանցած է ընտրական օրինագիծ մը, որուն շուրջ խորհրդարանը կրնայ իր նկատողութիւնները կատարել:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաան, որուն հետ քննարկեց այս հանգրուանին տիրող ապահովական իրավիճակը եւ զայն ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց սուրիացի գաղթականները հիւրընկալող երկիրներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով Քուէյթի մէջ տեղի ունեցած նուիրատու երկիրներու համաշխարհային խորհրդաժողովին արդիւնքները:

Հանդիպումէն ետք Էխհորեսթ շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին եւ կը սերտէ անոր յատկացուելիք յաւելեալ օժանդակութիւններու կարելիութիւնը:

Էխհորեսթ ընդգծեց նաեւ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES