Բանակը Կը Շարունակէ Արսալի Մէջ Ձերբակալումներ Կատարել, Իսկ Արսալի Բնակչութիւնը Թափանցիկ Հետաքննութիւն Կը Պահանջէ
Մինչ բանակը շարունակեց շրջափակուած պահել Արսալը եւ շարունակել իր ներխուժումներն ու ձերբակալութիւնները` հիմնուելով բանակի գաղտնի սպասարկութեան տրամադրած տեղեկութիւններուն վրայ, Մրայժաթի եւ Հալպայի մէջ հազարապետ Փիեռ Պաշաալանիի եւ ենթասպայ Իպրահիմ Զահրամանի ընտանիքները շարունակեցին ցաւակցութիւններ ընդունիլ:
Արսալի մէջ լիբանանեան բանակի անկարգելաւորները զետեղեցին անցարգելներ եւ կատարեցին ձերբակալումներ, ինչպէս նաեւ կատարեցին խուզարկումներ եւ ներխուժումներ:
Մինչ բանակը կը շարունակէր իր ձերբակալումները, շրջանի բնակիչները իրենց ձայնը բարձրացնելով կը պահանջէին թափանցիկ հետաքննութիւն բանալ` Արսալի միջադէպին շուրջ:
Արսալի բնակիչները բանակին դիմաց փակեցին գիւղաքաղաքին ներքին փողոցները, սակայն բանակին անկարգելաւորները ներխուժում մը կատարեցին եւ կրցան ձերբակալել Ապտել Մենեմ Հուժէյրին եւ Խալետ Իզէտտինը, որոնք բանակին կողմէ պահանջուած հիմնական յանցագործներն էին:
Անոնց ձերբակալումը պատճառ դարձաւ, որ Արսալի բնակիչները հրկիզուող անիւներով եւ մինի վաներով փակեն ճամբաները:
Կը նախատեսուէր, որ երէկ երեկոյեան բանակը ապահովական լուրջ քայլերու դիմէր եւ ձերբակալութիւններ կատարէր:
Այս բոլորին կողքին, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի վերահաստատեց, որ բանակը Արսալի մէջ իր որդեգրած ապահովական միջոցառումները յետս պիտի չկոչէ` շեշտելով, որ պէտք է բանակին յանձնել անոր ջոկատներէն մէկուն դէմ լարուած թակարդին մեղսակիցները:
Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ այս հարցը սակարկութեան առարկայ չէ:
Նշենք, որ զօր. Քահուաժի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիէն, որ ցաւակցութիւն յայտնեց Արսալի մէջ նահատակուած բանակայիններուն համար:
Քոնելլի բարձր գնահատեց լիբանանեան պետութեան, ապահովութեան ուժերուն եւ բանակի հրամանատարութեան ջանքերը` ծայրայեղականներուն դէմ դնելու առումով:
Մրայժաթի այցելուներէն եղան պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ արդարութեան նախարարներ Ֆայեզ Ղոսըն, Մարուան Շարպել եւ Շաքիպ Քըրթպաուի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնց շարքին` ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի:
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն ցաւակցութիւն յայտնեց հազարապետ Փիեռ Պաշաալանիի ընտանիքին եւ մաղթեց, որ անոր թափած արիւնը յումպէտս հոսած չըլլայ:
Իր կարգին, նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ անհրաժեշտ է այս հարցով իմաստուն կերպով վարուիլ` աւելցնելով, որ բանակին դէմ յարձակումին մեղսակիցներուն նկատմամբ ձերբակալման գիրեր հրապարակուած են եւ դատական իշխանութիւնները իրենց պարտականութիւնը լիուլի պիտի կատարեն:
Շարպել յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարութենէն ինչ որ պահանջուի, նախարարութիւնը պատրաստ է կատարելու:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաշաալանի եւ Զահրաման ընտանիքներուն հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց:
Հարիրի կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց ընտանիքներուն` յոյս յայտնելով, որ այս հարցով արդարութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ:
Նահատակ Փիեռ Պաշաալանիի հայրը` Ժորժ Պաշաալանի յայտնեց, որ երկրին իշխանութեան պետերուն եւ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն կողմէ տրուած խոստումները, թէ իրենք խիստ կերպով պիտի վարուին յանցագործներուն հետ եւ զանոնք պիտի ենթարկեն դատավարութեան, մղած է, որ Մրայժաթ մագլցողական քայլերու չդիմէ: Ան աւելցուց նաեւ, որ ճամբաները փակելու արարքը իրենց սովորութիւններուն մաս չի կազմեր:
Միւս կողմէ, Արսալի մէջ բանակին դէմ կատարուած յարձակումը եւ բանակայիններուն դէմ գործուած ոճիրը խստիւ դատապարտուեցաւ բազմաթիւ քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ հոգեւորականներու կողմէ: Ստորեւ կը նշենք կատարուած շարք մը դատապարտումներ:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ գործուած ոճիրը` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակն է երկրին կայունութեան երաշխիքը:
Երեսփոխան Միշել Ֆարաոն կոչ ուղղեց նեցուկ կանգնելու բանակին, վերջ տալու անոր դէմ յարձակումներուն եւ զայն հեռու պահելու քաղաքական ցեխարձակումներէն եւ բանավէճերէն:
Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Արսալի դաւադրութիւնը բանակին եւ Արսալի բնակիչներուն միջեւ հարց ստեղծելու նպատակով է. ան լուրջ եւ թափանցիկ հետաքննութիւն պահանջեց:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ պէտք է Արսալի միջադէպին մասին հետաքննութիւն բանալ եւ անոր կապուած բոլոր մանրամասնութիւնները բացայայտել:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նասրէտտին Ղարիպ խստիւ դատապարտեց Արսալի ոճիրը եւ ընդգծեց յանցագործները պատժելու կարեւորութիւնը, որպէսզի նման դէպքեր չկրկնուին:
Նախկին նախարար Զիատ Պարուտ նշեց, որ Փիեռ Պաշաալանիի եւ Իպրահիմ Զահրամանի նահատակութիւնը վտանգի փողեր կը հնչեցնէ, ինչպէս նաեւ սեւ մրուրով պատուած նկար մըն է` լիբանանեան պետութիւնն ու երկրին իշխանութիւնները սպանութեան թիրախ դարձնելու տեսաշարին մէջ:

