Մինասեան. «Սեռերու Իրաւահաւասարութեան Մասին Օրէնքը Ձեւական Է»
Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ «Կիներու եւ տղամարդոց հաւասար իրաւունքներու ապահովման մասին» օրինագիծի երկրորդ ընթերցման քննարկման ժամանակ երէկ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ օրէնքի նախագիծը, որ 2009-ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ստանձնած պարտաւորութիւնն է եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ռազմավարութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը, ձեւական է:
Օրէնքի նախագիծը կը հանդիսանայ մայր օրէնք, քանի որ Հայաստանի մէջ պիտի ընդունուի առաջին անգամ` ի կատարումն Հայաստանի սահմանադրութեան այն կէտին, որ Հայաստանի մէջ կ՛ապահովուի սեռերու միջեւ իրաւահաւասարութիւնը:
«Պաշտօնական առումով, ատիկա թէեւ ուշացած, բայց անհրաժեշտ օրէնքի նախագիծ է, այլ բան, որ օրէնքի այս նախագիծը, ըստ էութեան, ձեւական բնոյթ կը կրէ, եւ իր մէջ չունենալով յստակ մեքանիզմներ, կը բացառէ այդպիսի իրաւահաւասարութեան իրական գործադրումը», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան` բերելով քանի մը օրինակներ:
Նախ` այն, որ ըստ պատգամաւորին, այդ իրաւահաւասարութիւնը նախ եւ առաջ ինք` պետութիւնը, կառավարութիւնը եւ գործադիր իշխանութիւնը գործադրէ, որուն մասին ամրագրուած չէ օրէնքին մէջ:
Պատգամաւորը նշեց, որ ՀՅԴ-ն այս մասին առաջարկ ներկայացուցած է, բայց կառավարութիւնը մերժած է` հիմնաւորելով, թէ ատիկա կը ձգուի քաղաքականութեան գործնական իրագործման, մինչդեռ գործնականին մէջ, ըստ անոր, այս կէտը կ՛անտեսուի:
«Եւ շատ կարեւոր է, որ օրէնքի ընդունման ժամանակ ներկայացուի այս օրէնքի ճշմարիտ փիլիսոփայութիւնը: Ասիկա ոչ թէ կնոջ եւ տղամարդու իրաւունքներուն միջեւ հաւասարութեան խնդիր է, այլ աւելի շատ` կարելիութիւն կ՛ընձեռէ, որպէսզի հասարակութեան մէջ երկու սեռերը իրենց պաշարներով` գիտական, մշակութային ու տնտեսական, քաղաքական, հաւասար կարելիութիւններով կարենան գոյատեւել», ընդգծեց ան:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, նախագիծը ձեւական պիտի դառնայ, որովհետեւ ատիկա չի ներառեր այնպիսի փոփոխութիւններ, որոնք կը նախատեսուին այլ օրէնքներով` սկսեալ քաղաքացիական ծառայութեան օրէնքէն, վերջացուցած աշխատանքային օրէնսդրութեամբ:
Նշենք, որ 1993 թուականին Հայաստան վաւերացուցած է ՄԱԿ-ի «Կիներուն նկատմամբ խտրական վերաբերմունքի բոլոր ձեւերու վերացման» ուխտը, որուն 7-րդ յօդուածին համաձայն, իշխանութիւնները պարտաւորուած են գործնական քայլեր կատարել պետական քաղաքականութեան մշակման գործին մէջ կիներուն եւ տղամարդոց հաւասար մասնակցութիւն ապահովելու համար:
Օրէնքի նախագիծը Ազգային ժողով բերուեցաւ կառավարութիւն-Հեղինէ Բիշարեան-Յովհաննէս Մարգարեան հեղինակային խումբին կողմէ: Նախորդ տարի օրէնքի նախագիծին առաջին ընթերցումով ընդունումէն ետք կազմակերպուեցան հասարակական ունկնդրութիւններ:
Օրէնքի համահեղինակ Հեղինէ Բիշարեան համամիտ է Արծուիկ Մինասեանի հետ, բայց յայտնեց, որ կարեւոր կը նկատէ, որ նախ օրէնքը ընդունուի, ապա հետագային ատիկա «զօրանայ» տարաբնոյթ առաջարկներով:

