«Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդի Պայքարը Ինքնորոշման Համար Պայքարի Դասական Օրինակ Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան
Արցախի ժողովուրդի պայքարը ազգային-ազատագրական պայքար է, եւ արցախցիները իրենք պէտք է որոշեն, թէ քաղաքական ի՛նչ կարգավիճակով պիտի ապրին. «Օկոնիոք» ամսագիրին երէկ տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«Ատիկա ինքնորոշման համար պայքարի դասական օրինակ է, եւ որեւէ փաստարկ չկայ, թէ ինչո՞ւ Արցախի ժողովուրդը պէտք չէ կարենայ օգտուիլ այդ իրաւունքէն: Մնացեալ բոլոր հարցերը ածանցեալ են: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը հռչակուած է այն ժամանակ խարխլուող Խորհրդային Միութեան սահմանադրական բոլոր կանոններուն, եւ, ընդհանրապէս, միջազգային իրաւունքին համապատասխան: Ղարաբաղցիներու ինքնորոշման խաղաղ կոչերուն Ազրպէյճանի պատասխանը բռնութիւնն էր, ջարդերը, պատերազմը:
«Եւ այսօր ալ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը մշտապէս մեզի կը սպառնայ պատերազմով: Այսօր ալ անոնք ազատ կ՛արձակեն կացինով սպաննող ոճրագործը, անոր հունգարական բանտին մէջ անցուցած տարիներուն համար սպայական աշխատավարձ կը վճարեն: Իսկ ան բանտարկուած էր պուտափեշթեան հանրակացարանին մէջ քնացած հայ սպան կացինահարելու համար: Կը հերոսացնեն ու կ՛ըսեն` ահա օրինակ, մենք հազարաւոր նմանները ունինք:
«Հայաստանի եւ ամէն հայկականի նկատմամբ ատելութիւնը պաշտօնական Պաքուի արտաքին քաղաքականութեան նպատակն է: Անոնք կը խօսին ազգային ատելութեան, պատերազմի, ուժի օգտագործման մասին այնպիսի ջանասիրութեամբ, որ տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ այդ արժէքներն են ՄԱԿ-ի կանոնակարգի հիմքին մէջ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան` աւելցնելով, որ Ազրպէյճան կը խախտէ նաեւ Եւրոպայի մէջ սովորական սպառազինութիւններու մասին համաձայնագիրը` անընդհատ ընդլայնելով իր զինուորական կարողականութիւնը:
Ըստ Հայաստանի նախագահին, Հայաստան կը շարունակէ բանակցիլ Ազրպէյճանի հետ, սակայն վերը նշուած պայմաններուն մէջ որեւէ յառաջընթացի հասնիլը անիրական է, եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը շատ լաւ կը հասկնայ, թէ որուն յանցանքով: