Ճատրակ. Լեւոն Փապուճեան` Հայաստանի Արագ Ճատրակի Ախոյեան
Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի արագ ճատրակի 2013-ի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 8-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Կրանտմասթըր Լեւոն Փապուճեան ապահովելով 7,5 կէտ (առաւելագոյն 8-էն) հանդիսացաւ Հայաստանի արագ ճատրակի ախոյեան:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած 24 ճատրակ խաղացողներուն կարգին էին կրանտմասթըրներ Տիգրան Պետրոսեան, Զաւէն Անդրէասեան, Արսէն Եղիազարեան, Գէորգ Յարութիւնեան եւ ուրիշներ:
CATEGORIES Մարզական