Էն. Պի. Էյ. Սելթիքսի Չորրորդ Յաջորդական Յաղթանակը
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, Պոսթըն Սելթիքս արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, հակառակ անոր որ խումբէն կը բացակայէր Ռաժոն Ռոնտօ (վիրաւոր):
Անիկա 106-104 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզը:
Փոլ Փիրս կերտեց Սելթիքսի յաղթանակը, երբ աւարտէն երկու երկվայրկեան առաջ երեք կէտնոց կողով մը նշանակեց: Ան ընդամէնը նշանակեց 22 կէտ:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կէտի մը տարբերութեամբ` 98-97 արդիւնքով յաղթեց Տիթրոյիթ Փիսթընզի, իսկ Մայեմի Հիթ` Թորոնթօ Ռեփթըրզի, 100-85 արդիւնքով:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Շիքակօ Պուլզ
Նիւ Եորք Նիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Մայեմի Հիթ – Շարլոթ Հոռնեթց
Օքլահոմա Սիթի – Տալաս Մավըրիքս
Մինեսոթա Վուլվզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Եութա Ճեզ – Սաքրամենթօ Քինկզ