Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` «Էօ. Էն. Պէ.» – ՀՄԸՄ Պէյրութ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող ՀՄԸՄ Պէյրութ այսօր` երեքշաբթի, 5 փետրուարին կը մրցի «Էօ. Էն. Պէ.»-ին դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Նշենք, որ այս շաբաթ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը մրցում մը եւս ունին կատարելիք, երբ ուրբաթ, 8 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեն Լիբանանեան բանակի հաւաքականը:
CATEGORIES Մարզական

