Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Այսօր` Հայաստան – Լիւքսամպուրկ

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` երեքշաբթի, 5 փետրուարին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը մրցի Լիւքսամպուրկի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 20:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ ֆրանսական Վալանս քաղաքի «Ժորժ Փոմփիտու» մարզադաշտին վրայ:

Հայաստանի ֆութպոլի պատուիրակութիւնը, որ նախորդ շաբաթավերջին մեկնեցաւ Ֆրանսա, իջեւանեց «Տոմեն տը Սոյիոն» պանդոկին մէջ:

Բնականաբար, կարճ ատեն մը հանգստանալէ ետք, մարզիկները իրենց փորձերը կատարեցին` հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեանի հսկողութեամբ:

Նշենք, որ հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան:

Share this Article
CATEGORIES