50 Տարի Առաջ (6 Փետրուար 1963)
Հայ Կեանք
Պապը Ներշնչուած Է Հայկական
«Բարեկամութեան Երգ»-էն
Ուրբաթ, 18 յունուարին, քրիստոնեաներու միութեան շաբթուան սկզբնաւորութեան Յովհաննէս ԻԳ. պապը մասնաւոր ունկնդրութիւն մը շնորհած է Հռոմի Արեւելեան դպրոցներու, հաստատութեանց եւ ծէսերու բազմահարիւր աշակերտութեան:
Վատիկանի Քլեմենթինա սրահին մէջ տեղ գրաւած էին Հռոմի մէջ գտնուող Արեւելեան դպրոցներու մեծաւորներն ու ուսուցիչները, ընդ որս` հայկական Լեւոնեան վարժարանը, եթովպական, յունական, մարոնի, ռուս, ռումէն, ուքրանական ընծայարաններու ժառանգաւորները, ինչպէս նաեւ` արեւելեան վանական միութիւններու ներկայացուցիչները:
Ժամը 5:00-ին պապը կը բարձրանար իր գահը, յունական վարժարանին երգչախումբը բազմաձայն լսելի կ՛ընէր «Փոլիխրոնիոն» երգը, որ ժողովրդական տարածուած մաղթերգ մըն է հայրապետի հասցէին: Ապա հերթով երգած են ռուսական, ուքրանական եւ եթովպական վարժարաններու աշակերտները:
Կարգը եկած էր հայկականին, Սրբազան պապը նախ փափաքած է իմանալ երգին թարգմանութիւնը, ինչ որ անթերի եւ փութով կատարուած է: «Երգ բարեկամութեան»-ն էր (Խօսք` Ղուկասեանի, երաժշտութիւն Օ. Գիւզալեանի): Խաղաղութեան, սիրոյ եւ ժողովուրդներու եղբայրակցութեան ուղղուած ձօներգ մըն է, որուն պատգամը յայտնապէս յուզած է Յովհաննէս ԻԳ.ը:
Սրբազան պապին վրայ լաւագոյն տպաւորութիւնը թողած է հայկական «Բարեկամութեան երգը»:
Իկոր Տէր Յովհաննէսեանի Համաշխարհային
Նոր Մրցանիշը
Շաբաթ գիշեր «Մետիսըն սքեր կարտըն» փակ սրահին մէջ կատարուած մրցումներուն ընթացքին խորհրդահայ մարզիկ Իկոր Տէր Յովհաննէսեան 8.17.5 մեթրով երկարութիւն ցատկելու փակ սրահի համաշխարհային մրցանիշը կոտրած է:
Խորհրդահայ մարզիկ Տէր Յովհաննէսեան, որ 8.30 մեթրով աշխարհի երկարութիւն ցատկելու մրցանիշը ի ձեռին կը պահէր, փակ սրահի մրցանիշը շահեցնող աստիճանը երկրորդ ոստումի ընթացքին ապահովեց: Փակ սրահի համաշխարհային մրցանիշը նախապէս 8.85-ով ամերիկացի Ռալֆ Պոսթընի կը պատկանէր:
Աւելի քան 12 հազար հոգի հետեւած են մրցումներուն:
Լոնտոնի «Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը»
Յունուար 13-ին Լոնտոնի «Հայ տան» մէջ տեղի ունեցած է հայ երիտասարդաց միութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը:
Հայերէն եւ անգլերէն կարդացուած է միութեան տարեկան գործունէութեան ծրագիրը:
Միութեան անդամներուն ներկայ թիւն է 165: Ունի նաեւ ինը օժանդակ անդամներ:
Միութիւնը 1962-ի տարեշրջանին ունեցած է 112 սթերլինի զուտ շահ: Լոնտոնի «Հայ տան» նուիրած է 50 սթերլին: Կատարած է 12 ձեռնարկներ:
«Հայ երիտասարդաց միութեան ծրագիր-կանոնագիրը վերամշակելու եւ հայերէնով գրի առնելու համար ընտրուած է երեք հոգինոց յանձնախումբ մը:
Նորընտիր վարչութիւնը 1963-ի տարեշրջանին համար պիտի ջանայ աւելի եռանդուն գործունէութիւն մը ունենալ: Իր կազմակերպելիք խնճոյքներու կողքին, յատկապէս զարկ պիտի տայ գրական եւ գեղարուեստական ձեռնարկներու:
Ուիլիըմ Սարոյեանի Նոր Գործը
Նիւ Եորքի մեր թղթակից Լեւոն Քէշիշեան կը հաղորդէ հետեւեալ լուրերը.
Ուիլիըմ Սարոյեան նոր գործ մը պատրաստած է, որ շարժանկարի պիտի վերածուի ու կը կոչուի «Ուէզլի Ճեքսընի արկածախնդրութիւնները»: Թերանս Սթամբ դեր մը ունի այս խաղին մէջ:
«Հռոմէական կայսրութեան անկումը» շարժանկարը ներկայիս կը պատրաստուի Սպանիոյ մէջ: Այս ժապաւէնին մէջ հայոց թագաւորի դերը կը խաղայ եգիպտացի դերասան` Օմար Շերիֆ, որ վերջերս հոս կը գտնուի:
ՄԱԿ-ը կը կազմակերպէ միջազգային համաժողով մը Ժընեւի մէջ, 4-20 փետրուարին որ պիտի լսէ բազմաթիւ գիտնականներու մասնաւոր ուսումնասիրութիւնները, ասոնց մէջ կը գտնուի Պիէլոռուսիոյ Թ. Ս. Խաչատուրեանը, որուն թուղթը ճամբորդութեան տնտեսականութեան հետ կապ ունի:
Մեծագումար Նուիրատուութիւն Մը
Նոր Սիսի Ազգային Վարժարանին
Աքսոր Գասարճեան Կը Ստանձնէ
Վարժարանին Բարերարութիւնը
Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ բնիկ սսեցի Աքսոր Գասարճեան վեհանձն ժեսթով մը ստանձնած է Նոր Սիսի Լուսինեան ազգային վարժարանին բարերարութիւնը:
Այս իշխանավայել վերաբերումը մեծ ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն պատճառեց Նոր Սիսի ամբողջ ժողովուրդին մօտ, որ այսպիսով հայահոծ այդ շրջանը օժտուած պիտի տեսնէ արժանավայել կրթական հաստատութեամբ մը:
Առ ի գնահատութիւն այս ազնիւ ժեսթին` շրջանի թաղականութիւնը եւ հոգաբարձութիւնը, Ազգային կեդրոնական մարմիններուն հաւանութեամբ, որոշած են Նոր Սիսի ազգային Լուսինեան վարժարանը այսուհետեւ կոչել Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան:
Այս անուանակոչութիւնը պաշտօնապէս պիտի կատարուի առաջնորդ սրբազան հօր կողմէ, յառաջիկայ կիրակի, 10 փետրուար, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առիթով:

