«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայ Կեանքը` Անցեալին, Ճեզիրէի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արաբ Փունար

Յետեղեռնեան սկզբնական կազմաւորումի շրջանէն ետք, Ճեզիրէի հայկական համայնքները` Արաբ Փունար, Թէլ Ապիատ, Այն Արուս, Ռաս ուլ Այն, Ռաքքա, Գամիշլի, Հասաքէ, Տիրպեսիէ եւ Տերիք, համեմատական ծաղկում ապրեցան: Եկեղեցիներ կառուցուեցան, դպրոցներ բացուեցան, միութիւններ հիմնուեցան եւ ազգային կեանքը կազմակերպուեցաւ:Թուրքիոյ սահմաններէն ներս մնացած հայու բեկորներ Սուրիա մտնելով հիւսիսային Ճեզիրէի գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ բնակութիւն հաստատեցին: Եղեռնէն վերապրած եւ անապատները, արաբներուն մօտ պատսպարուած ու ասպնջականութիւն գտած հայեր, որոնք հայերէն ալ չէին գիտեր կամ մոռցած էին եւ իրենց արմատներուն մասին գաղափար չունէին, բայց, իրենց արեան կանչին անսալով, վերադարձան իրենց արմատներուն եւ բնակութիւն հաստատեցին Ճեզիրէի այն գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ, ուր հայու բեկորներ կեդրոնացած էին:

Մինչ կարգ մը շրջաններու, ինչպէս Գամիշլիի մէջ հայութեան թիւը սկսաւ բազմանալ, այլ շրջաններէ ալ հայեր սկսան գաղթել դէպի քաղաքներ եւ գլխաւորաբար Հալէպի մէջ կեդրոնացան: Արաբ Փունար, երբեմնի շէն ու բարեկարգ հայկական աւանը 1940-1950-ական տարիներուն աստիճանաբար պարպուեցաւ եւ հայութեան թիւը արագօրէն նուազեցաւ:

«Ազդակ» պարբերաբար, առանձին թղթակցութիւններով անդրադարձած է շրջանի հայկական համայնքներուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, անոնց ապրելակերպին ու առանձնայատկութիւններուն:

* * *

Արաբ Փունարի եւ Թէլ Ապիատի շրջաններուն անդրադառնալով, «Ազդակ» 2 եւ 6 սեպտեմբեր 1950-ի թիւերով եւ «Սուրիական նամականի», ընդհանուր խորագիրով յօդուածաշարքի մը սկսած է: Յօդուածաշարքը այնուհետեւ կ՛անդրադառնայ հիւսիսային Ճեզիրէի հայկական միւս համայնքներուն:

Արաբ Փունարի մօտակայ Գանի Մշուտ գիւղը

«Արաբ-Փունար, տեղացիներու յորջորջումով Այն էլ-Արապ, կը գտնուի Հալէպի հիւսիս-արեւելեան կողմը, թրքական սահմանին վրայ, Եփրատ գետէն 30 քիլոմեթր աւելի արեւելք: Այս գիւղը, չըսելու համար գիւղաքաղաքը, կ՛իշխէ ընդարձակ դաշտագետիններու վրայ, ուր երկրագործութիւնը եւ անասնաբուծութիւնը, իր նախնական ձեւէն քիչ մը ձերբազատուելով, բաւական զարգացած են, արտադրելով առատ արմտիք, պանիր եւ ընտիր իւղ, շնորհիւ գիւղացիներու թափած տքնաջան աշխատանքին, տարուէ տարի բերքը համեմատական յաւելում կը կրէ արդիական մեքենաներու գործածութեամբ, որովհետեւ հոն աշխատանքն էր որ կը պակսէր, արգաւանդ արտերու արգանդէն քաղելու համար հողի ուժին համապատասխան քանակութեամբ ցորեն եւ այլ արմտիքներ, կամ ընդեղէններու զանազան տեսակներ:

Այս գիւղաքաղաքը նախապէս 600-700  հայ ընտանիքներ կը պարփակէր իր մէջ. սակայն տարիներու ընթացքին այս թիւը հետզհետէ կը նուազէր. բազմաթիւ ընտանիքներ կը լքէին այս վայրը, իրենց բախտը որոնելու համար աւելի մեծ քաղաքներու մէջ: Հասնող նոր սերունդը գոհացում չէր գտներ հոն, տրուած ըլլալով, որ բացի դերձակութենէ ու կօշկակարութենէ, ուրիշ արհեստներ գոյութիւն չունէին, մինչ երիտասարդները, կեանքի ասպարէզի վրայ յաջողելու որպէս լաւագոյն միջոց, միտքով կը սաւառնէին աւելի բարձրերը, նուիրուելու համար քաղքենի արհեստներու, որոնք կը հրապուրեն զիրենք, խլելով իրենց բոյնէն, կը նետէին մեծ կեդրոններու  հեւ ի հեւ կեանքին, ուր ամէն զրկանքի ենթարկուելով, վերջապէս կը հասնէին իրենց նպատակին, միագամընդմիշտ բնակութիւն հաստատելով այս վայրերուն մէջ: Ասոր համար է, որ ահա Արաբ-Փունարի մէջ այժմ 210 հայ ընտանիքներ մնացած են միայն: Կան նաեւ 20 կաթոլիկ ընտանիքներ եւ մէկ ընտանիք` հայ բողոքական:

Այս վայրէն հայ ընտանիքներու գաղթելուն ուրիշ գլխաւոր պատճառ մըն ալ գոյութիւն ունէր. Արաբ-Փունար կը գտնուի հեռաւոր անկիւնի մը վրայ, զրկուած ազատ փոխադրական միջոցներէ. Հալէպի քառուղին չի մեկնիր ուղղակի Արաբ-Փունար. օթոյով մեծ դժուարութիւններու առջեւ կը դնէ ժողովուրդը, ձմրան ատեն մանաւանդ, երբ Եփրատը յորդի, ճամբորդելը գրեթէ անհնարին է, որովհետեւ տակաւին կամուրջ չէ հաստատուած գետին վրայ. հարկ է ճամբորդները նաւակներով անցնին գետին միւս ափը. ահա միշտ այս դժուարութիւնները կը յարուցուին երթ ու դարձի ընթացքին, իսկ շոգեկառքով ճամբորդութիւնն ալ ունի այլ տեսակ խոչընդոտներ, որոնց հանդուրժելը, յաճախ դժուարին կացութեան առջեւ կը դնէ ճամբորդները. ահա նման դժուարութիւնները մէկ կողմէ, երիտասարդներու ապագային սպառնացող վտանգներն ալ միւս կողմէն, կը ստիպեն, որ բազմաթիւ ընտանիքներ չուեն եւ հաստատուին մեծ քաղաքներու մէջ, որպէսզի իրենց զաւակները իրենց նախընտրած ճիւղին հետեւին: Միայն անցեալ տարուան ընթացքին աւելի քան 30 ընտանիքներ լքեցին իրենց տուները եւ հաստատուեցան Հալէպ: Հիմա, սոյն գաղթող երիտասարդներէն շատեր կը հետեւին մեքենական աշխատանքներու, որովհետեւ Հալէպի մէջ մեքենագիտական աշխատանքները չափազանց զարգացած են եւ մեծ յարգ կը վայելեն քաղաքի ամբողջ բնակչութեան կողմէ. այս յարգանքը` գրաւիչ խայծ մը դարձած է երիտասարդութեան համար. հազիւ տասն եւ հինգը թեւակոխած` կը դիմէ Պուսթան Քլէպ, հայ մեքենագէտի մը մօտ ծառայելու եւ արհեստին գաղտնիքը կորզելու համար:

Արաբ-Փունարի հայերը բարեկեցիկ են, ոմանք կը զբաղին երկրագործութեամբ. կան պարտիզպաններ, որոնք միեւնոյն ատեն փերեզակութիւն ալ կ՛ընեն, կան փոքր առեւտրականներ, խանութպաններ եւ արհեստաւորներ: Ամառ ատեն, 4-5 ամիս, շուկայի մէջ եռուզեռը չի պակսիր, բոլոր շրջակայ գիւղերու բնակիչները հոս կը թափին առեւտուր ընելու համար: Այս շրջանին է, որ առաւելաբար գիւղացիները դրամ կ՛ունենան: Անոնք, որոնք առեւտրական ճարպիկութիւն ի գործ կը դնեն, արդէն առիթէն օգտուելով իրենց տարուայ մը ընելիք շահը կ՛ապահովեն: Այլեւս ձմեռը աշխատելու ալ կարիքը չեն ունենար: Աշնան համեմատաբար եռուզեռը կը դադրի եւ կայուն վիճակ մը կը տիրէ շուկայի վրայ:  Բնակչութիւնը մեծագոյն մասով իր ձմեռուայ պարէնը ամբարած կ՛ըլլայ, այնուհետեւ եղած աշխատանքի արդիւնքն ալ կը յատկացնէ իր առօրեայ փոքր ծախսերուն:

Արաբ Փունարի դաշտերը

Արաբ-Փունարի մէջ գոյութիւն ունի օրինաւոր թաղականութիւն մը, 7 անդամներէ բաղկացած, իսկ հոգաբարձութիւնը նախապէս 5 անդամներէ կը բաղկանար, սակայն վերջերս 3 անդամներէ բաղկացած նշանակովի մարմին մը կազմուեցաւ: Տեղւոյս Ս. Աստուածածնայ եկեղեցին, (1948-ին) հրոյ ճարակ դարձած էր. տեղւոյն ազգայինները ամէն ջանք ի գործ դրին նոր եկեղեցի մը կառուցանելու համար. շնորհիւ բարերար Մխսի Կարապետ Խաչատուրեանի նիւթական օժանդակութեան (3000 ս. ո.) եկեղեցին կառուցուեցաւ փառաւորապէս), մեծ փայլ մը տալով այս գիւղաքաղաքին: Այժմ թաղականութիւնը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ անոր պայծառացման համար, ուր ժողովուրդը  կը գտնէ իր հոգեկան մխիթարութիւնը: Եկեղեցիի հոգեւոր հովիւն է Տէր Ստեփան աւագ քահանայ Տէր Ղազարեան: Ան երկու ամիսը անգամ մը կ՛այցելէ Թէլ-Ապիատ եւ Այն-Արուս, հանդիսաւոր պատարագ մատուցանելով տեղւոյն հայ բարեպաշտներուն հոգեկան սփոփանք շնորհելով:

Տեղւոյս Խրիմեան Ազգային երկսեռ վարժարանը, մանկապարտէզի բաժնին հետ միասին ունի 130 երկսեռ աշակերտ. դպրոցը մինչեւ Է. դասարան ունի. շրջանաւարտները համապատասխան վկայական կ՛առնեն: Այս դպրոցի բացումէն մինչեւ հիմա, տարի մը միայն Զ. դասարան ունեցած է: Նորաւարտ սաները իրենց ուսումը կը շարունակեն Հալէպ: Խրիմեան նախակրթարանը որպէս պաշտօնեայ ունի տնօրէն մը եւ երկու օրիորդներ. իսկ պետութիւնը կը տրամադրէ ուսուցիչ մը, արաբերէնի ուսուցման համար: Դպրոցի եկամուտներն են կրթաթոշակները, նուիրատուութիւնները, սարքուած հանդէսներու հասոյթները եւ Օգնութեան Խաչի տրամադրած գումարը: Յաճախ տեղւոյն ՀՄԸՄ-ին ալ նախաձեռնութեամբ եղած ձեռնարկներու հասոյթներն ալ կը տրամադրուին դպրոցին, պիւտճէի հաւասարակշռութիւնը ապահովելու համար: Ասկէ առաջ հայ կաթոլիկները դպրոց մը ունէին, այս տարի փակուեցաւ: Սուրիանիներն ալ ունին 15-20 աշակերտներէ բաղկացեալ դպրոց մը: Բայց պետական դպրոցը ունի աւելի քան 300 աշակերտներ: Վերջերս կառավարութիւնը ձեռնարկեց երկրորդական վարժարանի մը շէնքին կառուցման, որը մօտիկ ապագային կրնայ օգտագործուիլ, եթէ յարակից յարկաբաժինները լրանան իրենց արդիական կազմածներով:

ՀՄԸՄ-ը բաւական լաւ կազմակերպուած է հոս, ունի 40 անդամ, 30 սկաուտ եւ 7 գայլիկ: Սկաուտական կազմը 12 հոգիէ բաղկացեալ ֆանֆարի խումբ մը ունի, կ՛ընդառաջէ եղած բոլոր հրաւէրներուն, խանդավառութիւն ստեղծելով իր բոլոր այցելած վայրերուն մէջ: Ունի ֆութպոլի երկրորդական խումբ մը, կը կազմակերպէ մարզական զանազան խաղեր. յաճախ քոյր մասնաճիւղերու հետ մրցումներ կը կազմակերպէ: Ամէն տարի կը մասնակցի միջ-մասնաճիւղային մրցումներուն, Հալէպ: Ունի սեփական ակումբ մը իր բոլոր յարմարութիւններով եւ` սեփական մարզադաշտ մը: Ակումբի բակին մէջ շինուած է վոլիպոլի դաշտ մը, գնուած է փինկ-փոնկի սեղան մը եւ պար-ֆիքս մը: Զանազան առիթներով մրցումներ կը սարքեն, մեծ հետաքրքրութիւն արթնցնելով պատանիներու եւ երիտասարդներու մէջ դէպի մարզական խաղերը: Այս տարի, յունուարին տօնեցին ՀՄԸՄ-ի տարեդարձը. ծրագրած են նաեւ յառաջիկայ տարին ալ աւելի մեծ շուքով տօնել զայն:

Տեղւոյն «Քրիստափոր» գրադարանը ունի 135 գրական եւ պատմական ընտիր հատորներու հաւաքածոյ մը: Յոյս կը ներշնչուի, որ ապագային աւելի ճոխանայ ան, թէ իրենց սեփական միջոցներով գնուած գրքերով եւ թէ հեղինակներու կամ բարերարներու կողմէ եղած սրտաբուխ նուէրներով:

Օգնութեան Խաչը 1948-ին ունէր 135 անդամ-անդամուհիներ, սակայն վերջերս այս թիւը իջած է 113-ի, մեր վերը յիշած պատճառներուն բերումով. սակայն արծուիկներու թիւը անփոփոխ մնացած է: Հիմա ունի 20 արծուիկներ, որոնք կը վայելեն Օգնութեան խաչի ջերմ հոգածութիւնը:

* * *

Թէլ Ապիատ

Թէլ-Ապիատ կը գտնուի Հալէպի հիւսիս-արեւելեան կողմը, թրքական սահմանին վրայ, ուրկէ կը բաժնուի երկաթագծով մը: Այս շրջաններու բոլոր գիւղերուն նման այս ալ հայկական աւան մըն է, հիմնուած հայրենիքէն բռնի հանուած հայերու կողմէ: Ասկէ 25-30 տարի առաջ, այս վայրերը վայրի կենդանիներու որջ դարձած էին: Սակայն երբ հայերը եկան, քանի մը տարուան ընթացքին այնքան շէնցուցին, որ այցելուներ ապրեցան բոլորովին անծանօթ վայրի մը մէջ գտնուելու պատրանքը ունենալով: Գիւղի արտաքին տեսարանը սքանչելի բնանկար մը կը ներկայացնէ: Ծառախիտ պարտէզներ կ՛եզերեն զայն: Սահմանի այս կողմը տարածուած ներկայ աւանի հիմնադիրները եղած են առաւելաբար ուրֆացի հայեր եւ կարմուճցիներ, յետոյ հաստատուած են ուրֆացի հայախօս սուրիանիներ եւ այլ տարրեր:

Թէլ-Ապիատի օդը ապառողջ է, ամէն տարի մալարիայի համաճարակը աւերներ կը գործէ, գիւղացիներու շահին կէսը գրեթէ բժիշկներու կը յատկացուի, շատ մը ընտանիքներ յաճախ կը ստիպուին երկար ատեն Հալէպ մնալ առողջական  դարմանումի ենթարկուելու եւ ապաքինելէն ետքը վերադառնալու իրենց տուները, իսկ ուրիշներ իրենց զաւակները կը պահեն Հալէպ եւ պարբերաբար կ՛այցելեն հոն, իրենց գնումներն ալ կատարելէ վերջ վերադառնալու համար: Հոս գրեթէ արհեստ գոյութիւն չունի, այս պատճառաւ է որ նոր սերունդը կը դիմէ դէպի մեծ կեդրոններ, հոն սորվելու համար իր նախընտրած արհեստները: Հիմա Ճէզիրէի շատ մը շրջանները նոյն ցաւալի պատկերը կը պարզեն, դժուար է հանդիպիլ երիտասարդի մը, որ իր կեանքը կապած ըլլայ այս վայրերուն: Քաղաքը աւելի հրապուրիչ է քան գիւղը, երիտասարդը հեւ ի հեւ կեանքի մէջ կը տեսնէ իր ապագայի վերաբերեալ ուրուագծած հեռանկարի իրականացումը: Այս պատճառաւ է, որ մեր երիտասարդական կազմակերպութիւնները իրենց յարաճուն կենսունակութենէն բան մը կորսնցուցած են մեծագոյն դժուարութիւններու առջեւ գտնելով ինքզինքնին: Սրտցաւ հայրենակից մը ցաւ ի սիրտ կը յայտնէր մեզի, թէ միութիւնները այժմ չունէին այն խանդավառ տարրերը, որոնք առանցքը կը կազմէին երբեմնի կենսունակ ու առողջ այս կազմակերպութիւններուն:

Թէլ-Ապիատի հայերը ընդհանրապէս բարեկեցիկ են. բոլորն ալ սեփական տունի տէր են, կարեւոր մէկ մասը պարտիզպանութեամբ կը զբաղի եւ հետեւաբար ամառ ատեն փերեզակութիւն կ՛ընէ գիւղէ գիւղ պտտելով, իր պարտէզի պտուղները կամ բանջարեղէնները փոխանակելու համար հացահատիկներով: Այս վերջին տարիներուն մանաւանդ հողագործութիւնը աւելի տարածուած է, շնորհիւ Եւրոպայէն կամ Ամերիկայէն նոր հասած մեքենաներու եւ թրաքթէօրներու մատուցած դիւրութիւններուն: Կան փոքր առեւտրականներ, ագարակատէրեր եւ խանութպաններ: Մանաւանդ այս վերջիններու գործը շատ աւելի լաւ էր, երբ մաքսանենգներու գործունէութիւնը ազատ էր այս վայրին մէջ. ասոնք իրենց երկուստեք փոխադրած ապրանքներուն փոխարէն, մեծ շահաբաժին մը կ՛ապահովէին խանութպաններուն. ասոր համար է որ հիմա կարգ մը խանութպաններ բազմահազար ոսկիներու տէր են եւ իրենց առեւտրական գործառնութիւնները աւելի լաւ եւ շահաբեր գործերու յատկացուցած են:

Հայ լուսաւորչական համայնքը կը հաշուէ 110 ընտանիք. կան 15 ընտանիք հայախօս սուրիանիներ, 10 տուն արաբախօս կաթոլիկներ, մահմետական սուրիանիներ եւ վերջէն հաստատուած արաբ պաշտօնեաներու կամ զինուորներու ընտանիքներ:

Կայ եկեղեցի մը, որ թափուր կը մնայ. երկու ամիսը անգամ մը միայն Արաբ-Փունարի քահանան կ՛այցելէ հոս եւ հոգեւոր մխիթարութիւն տալէ վերջ կը մեկնի: Հարսանիքի, կնունքի կամ մահ մը պատահելու պարագային հոս կը հրաւիրուի դարձեալ իր կրօնական արարողութիւնը կատարելու համար: Այս վերջին կերպը բաւական սուղի կը նստի տեղացի հայերու վրայ, որովհետեւ ծուխի քահանան բերելու համար մասնաւոր ինքնաշարժ մը պէտք է վարձուի, տրուած ըլլալով որ ասկէ Արաբ-Փունար ինքնաշարժի բանուկ ճամբայ մը գոյութիւն չունի, իսկ եթէ շոգեկառքով փոխադրելու ստիպողութեան տակ գտնուին, հարկ է առնուազն 24 ժամ սպասել, որպէսզի քահանան հասնի: Այս պարագային, եթէ մահ պատահած ըլլայ նման պայմաններու տակ, դիակը կը նեխի, իսկ եթէ տեղւոյն քահանան նոյն վայրին մէջ զբաղա՜ծ ըլլայ եւ չկարենայ գալ… այդ ալ ուրիշ պատմութիւն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )