Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատակազմին Հանդիպումը
Սփիւռքահայ
Բարձրաստիճան Զինուորականներու Հետ

Յունուար 29-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ հանդիպում տեղի ունեցած է այլ երկիրներու մէջ բարձրաստիճան  կոչումներ ունեցող եւ պաշտօններ  զբաղեցնող ազգութեամբ հայ  զինուորականներու հետ:

Հայաստանի զինուած ուժերու կազմաւորման 21-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով յունուար 25-ին Հայաստան եկած են Ռուսիայէն` զօրավար-տեղակալ Նորատ Տէր Գրիգորեանցը, զօրավար-տեղակալ Վլատիմիր Չոպանեանը, զօրավար-հազարապետ Ռոման Յարութիւնովը, Լիբանանէն` զօրավար-գնդապետ, պետական նախարար Փանոս Մանճեանը, Չիլիէն` ծովակալ Հեռնան Գույումճեանը, Ֆրանսայէն` գնդապետ Ռուբիկ Գալստանեանը:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկաները ողջունելէ ետք  յայտնած է. «Զինուորական կոչումներէն եւ մասնագիտութիւններէն բացի, մեր հիւրերը կը միաւորուին իրենց հայկական արմատներով: Հայրենիքի  հանդէպ պարտքի բարձր գիտակցութեամբ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իւրովի մասնակցած է հայկական բանակի կազմաւորման եւ արցախեան գոյամարտին: Մեր սփիւռքահայ զինուորականները հայկական զինուած ուժերու կազմաւորման 21-րդ ամեակի ձեռնարկներու շրջանակներուն մէջ այցելած են  Հայաստան` ո՛չ միայն մասնակցելու տօնակատարութիւններուն, այլեւ`  իրենց փորձառութիւնը եւ գիտելիքները հայկական բանակին հաղորդելու պատրաստակամութեամբ: Մեր ազգին պարծանքը եւ պատիւն են անոնք, որովհետեւ յաջողած են օտար ափերու վրայ բարձր կոչումներ ստանալ, իսկ աւելի կարեւոր է այն հանգամանքը, որ մեր հայրենակիցները օտար երկիրներու մէջ կը  ներկայացնեն նաեւ իրենց արմատները` հայ ազգը, հայ ժողովուրդը:

Հայաստան այցելութեան ընթացքին  զինուորականները կարելիութիւն ունեցան այցելելու հայկական զօրամասեր, ծանօթանալու հայ զինուորին առօրեային, նոյնիսկ պետական  սահմանի վրայ տեսնել, թէ որքա՛ն մարտունակ եւ պատրաստուած է հայկական բանակը:

Այնուհետեւ բարձրաստիճան զինուորականներէն իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր երկրին մէջ ձեռք բերած յաջողութիւնները, հայկական նպատակասլացութեան գաղտնիքը, ինչպէս նաեւ` ռազմական ոլորտին մէջ  մասնագիտական յառաջընթացի կարելիութիւնները:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուց նախարարութեան գործունէութիւնը, սփիւռքեան տարբեր գաղութներու մէջ իրականացուող ծրագիրները, նախարարութեան հետազօտութիւնները եւ հրատարակութիւնները: Զինուորականները  խօսեցան նաեւ իրենց համայնքներուն մէջ   առկայ հիմնական հարցերուն մասին:  Այնուհետեւ մասնակիցները միասին դիտեցին սփիւռքի նախարարութեան քառամեայ գործունէութեան մասին պատմող ժապաւէնը:

Հանդիպման աւարտին նախարարութեան բաժանմունքներուն ներկայացուցիչները եւ բարձրաստիճան զինուորականները մտքեր փոխանակեցին` հայկական բանակի,  իրենց երկիրներուն մէջ հայկական գործոնի, հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան մասին:

«Մարուխեան» Հիմնադրամին Նախաձեռնութեամբ`
Երկու
Ձեռնարկ

Յունուար 29-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է երկու ձեռնարկ` բնապահպանական հարցերուն ծանօթանալու եւ անձնական լուծումներ առաջարկելու նպատակ հետապնդող:

Ուսումնասիրութիւններէն առաջինը` «Աքթիվիզմի ուղեցոյց» հետազօտութիւնը կ՛անդրադառնար բնապահպանական բնագաւառին առնչուող կարգ մը հարցերու: Հոն ներկայացուած են բազմաթիւ առաջարկներ, որոնք լուսարձակի տակ առնուած են բնապահպան գործիչներու եւ համապատասխան մարմիններու կողմէ: Ուղեցոյցը կ՛առաջարկէ կարգ մը մարտավարութիւններ, որոնք կրնան օգնել գործիչներուն, որպէսզի վերջիններս հանգամանօրէն ուսումնասիրեն հարցին էութիւնը եւ անոր լուծման յանգեցնող տարբերակները:

Իսկ «Բնապահպանութեան քաղաքականութեան մշակման առաջարկներ» հետազօտութիւնը վեր կ՛առնէ բնապահպանական գործող օրէնսդրութեան մէջ առկայ բացթողումները, կը բացայայտէ այս բնագաւառին մէջ առկայ հիմնական հարցերը, նաեւ կը պարզաբանէ որոշում կայացնելու գործընթացին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ձեռնարկները կայացած են` «Հասարակական գործողութիւններէն դէպի հաստատութենական փոփոխութիւններ. բնապահպանական քաղաքականութեան երկխօսութիւն» ծրագրի ծիրին մէջ` «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի եւ «Քաունթըրփարթ ինթըրնեշընըլ»-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան աջակցութեամբ:

Բազմաթիւ Հայորդիներ Այցելեցին
Արամ
Մանուկեանի Շիրիմը

Յունուար 29-ը այն եզակի օրերէն էր, երբ հետեւելով մեծաթիւ մարդոց հոսքին եւ շրջանցելով բազմաթիւ գերեզմանները` Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ` կարելի է գտնել Արամ Մանուկեանին շիրմաքարը: Հակառակ պարագային, քանի մը այցելութիւններէ ետք նոյնիսկ կարելի է շուարիլ: Անոր մահուան տարելիցին առիթով անոր շիրիմը այցելելու եւ ծաղիկ զետեղելու եկած էին մեծ թիւով անձեր` իրականութիւն դարձնելով Արամ Մանուկեանի երազը:

20-րդ դարու սկիզբները անկախ Հայաստանը տակաւին երազ էր, բայց կային մարդիկ, որոնք կը հաւատային այս երազին եւ ապագայ պետութեան համակարգի ստեղծումը կը ծրագրէին: Արամ Մանուկեանը այս երազը գլխաւորողն էր:

1918-ին թրքական զօրքը հասած էր Ալեքսանդրապոլ, Սարդարապատ եւ կը պատրաստուէր գրաւելու Երեւանը: Արամ Մանուկեան կրցաւ իր շուրջ համախմբել գաղափարակից մարդիկ, որոնց հետ երազը իրականութեան վերածուեցաւ:

29 յունուար 1919-ին Արամ Մանուկեան մահացաւ բծաւոր տիֆէն, որով վարակուած էր ներքին գործոց նախարար եղած ատեն, գաղթականներու ճամբարներ տուած այցելութեան եւ անոնց կենցաղային պայմաններով հետաքրքրուելու ընթացքին:

«Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վէմ»` այս անունը տրուած էր Արամ Մանուկեանին: Զայն նոյնիսկ բաղդատած են ուժանակի հետ, որ հազիւ քիչ մը շարժած, կրնայ պայթիլ` դղրդացնելով ամբողջ շրջապատը: Միաժամանակ ան ուշադրութիւն գրաւած է իր համեստ ու խիստ կենցաղով:

«Եղեռն Եղեռնէ Ետք» Արեւմտեան Հայաստանի Մէջ
Հայկական Մշակութային Ժառանգութեան Բնաջնջումը
Պատմող
Ժապաւէն Մը

Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամը նկարահանած է «Եղեռն Եղեռնէ ետք» վաւերագրական ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ 1915 թուականէն ի վեր Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին հայկական պատմական յուշարձաններուն նկատմամբ թրքական իշխանութիւններուն գործադրած բնաջնջման քաղաքականութիւնը:

Ժապաւէնին մէջ կը ներկայացուի, թէ ինչպէ՛ս երկրին երեսէն բնաջնջուած է համաշխարհային քաղաքակրթութեան մաս կազմող հայկական ուրոյն մշակոյթը: Հոն կան նաեւ բացառիկ պատկերներ. յուշարձաններու այսօրուան վիճակը համադրուած է քանի մը տասնամեակ առաջուան հետ:

Նախքան 1915 թուականը` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կային մօտաւորապէս 1700 յուշարձաններ, որոնցմէ այսօր հազիւ պահպանուած է 2-3 առ հարիւրը: Ներկայացուած են Տիգնիսի բերդի, Տեկոր, Բագաւան, Արգինա, Երազգաւորս, Վանքիգեղ, Նարեկ, Իննակնեան, Խծկոնք, Օղուզլի, Առաքելոց, Հոռոմոս բնակավայրերու հայկական եկեղեցիներու տարբեր տարիներու լուսանկարները. անոնց մեծ մասը հիմնայատակ քանդուած է, աւերուած. սրբատաշ քարերը իւրացուած են, օգտագործուած` տուներու եւ մզկիթներու կառուցման: Մովսէս Խորենացիի, Ղազար Փարպեցիի, Դաւիթ Անյաղթի մասունքները ամփոփող գերեզմանէն խաչքարի քանի մը բեկոր պահպանուած է միայն:

Ժապաւէնին հեղինակը` Սամուէլ Կարապետեան, ընդգծած է, որ հայերուն դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը թուրքերը շարունակած են նաեւ 1915-էն ետք` ոչնչացնելով հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պատմական հայրենիքին մէջ: Նշենք, որ աւերման գործընթացը կը շարունակուի մինչեւ օրս:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին
Աջակցութիւնը
Սուրիահայութեան

Սուրիահայութեան աջակցութեան ծրագրի շրջանակներուն մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ սատարել դժուար կացութեան մէջ գտնուող սուրիահայ հայրենակիցներուն:

Յիշեցնենք, որ 2012 թուականի օգոստոսին Հայաստանի նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկով հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահութիւնը դրամական եւ արտարժութային դրամատնային հաշիւներ բացաւ սուրիահայութեան օժանդակելու նպատակով: Հաւաքուած գումարներով հիմնադրամը ֆինանսաւորած է Հալէպ-Երեւան-Հալէպ թռիչքները, ինչպէս նաեւ օժանդակած է առողջապահական եւ կրթական ոլորտներու ծրագիրներուն ծախսերը: Մասնաւորաբար Հայաստանի սփիւռքի նախարարին առաջարկով հիմնադրամը հոգացած է երկու սուրիահայերու բարդ վիրահատութիւններու ծախսերը եւ շարունակած է օժանդակել հայրենիքի 14 ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ուսանող 69 ուսանողներու կրթաթոշակները վճարելով: Ստորեւ ներկայացնենք ցանկը.

1. Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարան` 11 ուսանող
2. Երեւանի պետական համալսարան` 16 ուսանող
3. Երեւանի Մ. Հերացու անուան պետական բժշկական համալսարան` 9 ուսանող
4. Երեւանի Մ. Մաշտոցի անուան համալսարան` 1 ուսանող
5. Երեւանի ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարան` 13 ուսանող
6. Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարան` 1 ուսանող
7. Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարան` 2 ուսանող
8. Երեւանի պետական հումանիտար քոլեճ` 1 ուսանող
9. Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիա` 3 ուսանող
10. Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտական կեդրոն` 2 ուսանող
11. Գեղեցիկ արուեստներու ազգային ակադեմիա` 2 ուսանող
12. «Հայաստանի մէջ ֆրանսական համալսարան» հիմնադրամ` 1 ուսանող
13. Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց` 6 ուսանող
14. Երեւանի գեղարուեստի պետական ակադեմիա` 1 ուսանող:

Յարգանք` Եռաբլուրի Մէջ Հանգչող Ինը
Սփիւռքահայ
Ազատամարտիկներուն

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները` Հայաստանի զինուած ուժերու կազմաւորման 21-րդ ամեակին առիթով այցելած են Եռաբլուր` յարգանքի տուրք մատուցելու եւ խոնարհելու արցախեան գոյամարտի ընթացքին զոհուած զինուորներու յիշատակին առջեւ: Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմը այս առիթով յատուկ կերպով այցելած եւ ծաղիկներ զետեղած է շիրիմներուն վրայ Եռաբլուրի մէջ հանգչող 9 սփիւռքահայ ազատամարտիկներու` Մոնթէ Մելքոնեանի, Կարօ Քահքեճեանի, Մհեր Ջուլհաճեանի, Կարէն Ջանեանի, Դաւիթ Դաւթեանի, Աբրահամ Խամիսեանի, Արամ Վարդանեանի, Կարլեն Անանեանի եւ Վիգէն Զաքարեանի:

Օրհասական պահուն սփիւռքէն բազմաթիւ երիտասարդներ հայրենիք եկան արեան կանչով, այն վճռակամութեամբ, որով եկած է հայ ժողովուրդի ազգային հերոս` Մոնթէն. «Ես այսօր այստեղ եմ, որովհետեւ իրաւունք չունիմ այլ տեղ գտնուելու»: Անոնք եկած են խաղաղ եւ ապահով երկիրներէ` իրենց կեանքը նուիրելու հայ ժողովուրդին արդար պայքարին, արցախեան գոյամարտի զոհասեղանին: Անոնցմէ ինն զոհուած են յանուն այսօրուան եւ վաղուան Հայաստանի: Տղաները եկան ապացուցելու, որ հայրենիքները կ՛ապրին հայրենասիրութեամբ, հայրենիքի առջեւ ծառացած վտանգը կը ջնջէ բոլոր աշխարհագրական սահմանները, եկան վկայելու, որ մեր փրկութիւնը մեր միասնութեան մէջ է, եւ որ` աշխարհասփիւռ հայութեան հաւաքական ուժն է մեր անվտանգութեան, մեր ստեղծագործ ապագայի երաշխիքը: Փառք եւ խոնարհում այս մահապարտ տղաներուն, հայ ժողովուրդը յաւերժ պիտի խնկարկէ եւ պիտի խոնարհի անոնց յիշատակին առջեւ, եւ անոնց օրինակով պիտի դաստիարակուին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հայ պատանիները եւ երիտասարդները», նշուած է նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Արցախի ՀՕՄի Մասնաճիւղը Կ՛աջակցի
Արցախի
Մէջ Բնակող Սուրիահայերուն

Արցախի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի անդամները սուրիահայերուն աջակցելու նպատակով այցելած են Կովսական, ուր բնակութիւն հաստատած են սուրիահայ 16 ընտանիքներ: Արցախի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի ատենապետ Կ. Դադայեանի համաձայն, վարչութիւնը իբրեւ մեկնակէտ ունենալով իրենց այն սկզբունքը, որ պէտք է օգնութեան ձեռք երկարել դժուարութեան մէջ եղող հայրենակիցներուն, նախաձեռնած է օժանդակութեան` Արցախի մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիահայ ընտանիքներուն, յատկապէս` այդ ընտանիքներուն մանուկներուն. «Արցախի մէջ գործող բոլոր «Սօսէ» մանկապարտէզները մեծ ոգեւորութեամբ ողջունեցին մեր նախաձեռնութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին մասնակցելու այդ ծրագրին: «Սօսէ» մանկապարտէզներու աշխատողներուն, մանկապարտէզներու սաներուն եւ անոնց ծնողներուն միացեալ ուժերով պատրաստուած են ծանրոցներ, սուրիահայ ընտանիքներուն համար: Աշան գիւղին մէջ նոյնպէս կը գործէ «Սօսէ» մանկապարտէզ, սակայն այս ծրագրին մասնակցած է  ո՛չ միայն մանկապարտէզը, այլեւ` ամբողջ գիւղը», նշած է ան:

Արցախի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղը Կովսականի բոլոր փոքրիկներուն համար պատրաստած էր նաեւ անակնկալ  նուէր. Շուշիի «Մ. Խանդամիրեան»-ի անուան թատրոնը երկու ներկայացում պատրաստած էր Կովսականի փոքրիկներուն համար: Արցախի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի ատենապետին համաձայն, ծրագիրը շարունակական բնոյթ պիտի ունենայ: Հաւանական է, որ յաջորդ այցելութիւնը ըլլայ դէպի Իշխանաձոր, ուր եւս սուրիահայեր կը բնակին:

Աշխարհահռչակ Դաշնակահար Պերնտ Կլեմսըր
Երեւանի
Մէջ Ունեցաւ Նուագահանդէս Մը

Աշխարհահռչակ դաշնակահար Պերնտ Կլեմսըրի մասնակցութեամբ Արամ Խաչատրեան մեծ համերգասրահին մէջ փետրուար 1-ին կայացաւ նուագահանդէս մը: Այս ձեռնարկով բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի 2012-2013 թուականի համերգաշրջանի երկրորդ մասին: Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի տնօրէն Ռուզաննա Սիրունեան նշեց, որ նուագախումբը 2013-ը սկսած է նոր շունչով, եռանդով, մտքերով եւ նոր երաժիշտով: «Համերգաշրջանի ամբողջ ծրագիրը բաւական յագեցած է. Կը նախատեսուի կատարել Պրուքներու համանուագները: Տարին յիշարժան պիտի դառնայ նաեւ մեծանուն երաժիշտներու` Վակների եւ Վերտիի յոբելեաններով», նշեց  Սիրունեան:

Նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր երգահան Էդուարդ Թոփչեանի խօսքով, այս տարուան առաջին նուագահանդէսին հնչած են Շոսթոքովիչի 10-րդ համանուագը եւ Ռախմանինովի դաշնակի 3-րդ քոնչերթոն: «Ան աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր դաշնակահարն է: Եւ մենք անկէ խնդրած ենք տարեկան երեք օր պահել Հայաստանի  նուագահանդէսներուն համար», ըսաւ ան:

Նուագահանդէսի մենակատար, գերմանացի աշխարհահռչակ դաշնակահար Պերնտ Կլեմսըրը արդէն իսկ նշած է, թէ չի յիշեր Հայաստանի մէջ քանիերորդ անգամն է, որ ելոյթ կ՛ունենայ, հինգերո՞րդ, թէ՞ վեցերորդ: «Ես ամէն անգամ մեծ հաճոյքով Հայաստան կու գամ», նշեց ան: Ամէն անգամ որ Հայաստան կու գայ, երաժիշտը կրկին-կրկին կը համոզուի, որ Հայաստանի մէջ շատ լաւ կ՛ընդունին դասական երաժշտութիւնը: Ըստ երաժիշտին, նուագախումբը հետզհետէ աւելի մասնագիտական կը դառնայ, եւ այդ մէկը պայմանաւորուած է ինչպէս գլխաւոր երաժիշտին նշանակութեամբ, այնպէս ալ ներդրուող միջոցներով:

Յայտնենք, որ դաշնակահարը մասնակցած է աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր փառատօներուն` յայտնի երաժիշտներու ղեկավարութեամբ եւ հիւրախաղերով հանդէս եկած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ: 2003-ին Գերմանիոյ նախագահը Պերնտ Կլեմսըրին շնորհած է «Ֆետըրըլ սըրվիս» շքանշանը:

Գիտաժողով` Նուիրուած Գրականագիտութեան
Մեթոտաբանութեան
Հարցերուն

Փետրուար 8-10 Գրողներու միութեան Ծաղկաձորի ստեղծագործական տան մէջ տեղի պիտի ունենայ գիտաժողով` «Գրականագիտութեան մեթոտաբանութեան հարցերը արդի հանգրուանին մէջ» խորագրով: Նշենք, որ գիտաժողովի կազմակերպիչներն են` Հայաստանի գրողներու միութիւնը եւ www.cultural.am մշակութային կայքը: Գիտաժողովին նպատակն է` միախմբել գրականութեան տեսութեամբ զբաղող երիտասարդ մասնագէտները, բարձրաձայնել առկայ հիմնական հարցերը եւ փնտռել ոլորտի խթանման նոր ուղիներ: Կազմակերպիչները կը նշեն, որ տեսական մտքի զարգացման կարեւորութիւնը շեշտելէ եւ երիտասարդ գիտնականներուն մօտ հետաքրքութիւն յառաջացնելէ բացի` գիտաժողովը կրնայ գործնական քայլերու հիմք հանդիսանալ:

Գիտաժողովին պիտի մասնակցին նաեւ Արցախէն եւ արտերկրէն, իսկ յօդուածները պիտի տպագրուին առանձին գրքոյկով:

Գիտաժողովին առաջին օրը պիտի նուիրուի գրականագիտութեան մեթոտաբանութեան հարցերուն, երկրորդ օրը` պոստմոդեռնիզմի դրսեւորումները գրականութեան եւ արուեստին մէջ: Երրորդ օրը պիտի կատարուին քննարկումներ եւ արդիւնքներու ամփոփում: Յայտնենք, որ գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահին Սերժ Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեան տակ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )