Ազրպէյճանի Մէջ Ժողովրդային Ապստամբութեան Հաւանականութիւնը Մեծ Է

Ցուցարար մը կը ձերբակալուի Յունուար 24-ին տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին

Ազրպէյճանի Մտաւորականներու համախմբումի համահիմնադիր, քաղաքագէտ Էլտար Նամազով ուրբաթ, յունուար 25-ին յայտնած է, թէ իշխանութիւններու հրաժարականի պահանջով Իսմայիլիի մէջ շարունակուող ցոյցերը «պիտի կրկնուին երկիրի բոլոր շրջաններուն մէջ»: Ան ազդարարած է, թէ` «միայն ոստիկանութեան ուժերով այդ դժգոհութեան կանխումը անկարելի է: 2013-ին Ազրպէյճանի մէջ անպայման տեղի պիտի ունենան ժողովրդավարական արմատական փոփոխութիւններ»:

Ազրպէյճանական «Մետիաֆորում» լրատուական կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Նամազով ըսած է, որ Մտաւորականներու համախմբումը բազմիցս զգուշացուցած էր, թէ երկիրը կը գտնուի շատ բարդ իրավիճակի մէջ, որուն պատճառով` «ընկերային պայթումի» մը հաւանականութիւնը մեծ է: «Անօրինականութիւնները այլեւս չհանդուրժող մարդիկ, օր մը պիտի ապստամբին, եթէ իշխանութիւնները լուրջ բարեփոխումներ եւ արմատական փոփոխութիւններ չիրագործեն», աւելցուցած է ան:

Էլտար Նամազով

«Ցաւալի է, որ իշխանութիւնները կը շարունակեն անտեսել մտաւորականութեան կոչերը, եւ բարեփոխումներու փոխարէն` վերջերս աւելի բիրտ եւ անզիջող արշաւի մը դիմած են Մտաւորականներու համախմբումին դէմ: Իրադարձութիւններու զարգացումը ցոյց կու տայ, որ երկիրի բոլոր շրջաններուն մէջ նկատուող անօրինութիւններուն նկատմամբ դժգոհութիւնը հասած է բարձր մակարդակի: Մարդիկ գոհ չեն իրենց ընկերային վիճակէն, աշխատավարձերու, պետական նպ-աստներու եւ թոշակներու ցած մակարդակէն, շարունակուող զեղծարարութիւններէն, կաշառակերութենէն եւ ապահովական մարմիններու կամայականութիւնէն: Հակակառավարական ցոյցերուն պատճառը Ազրպէյճանի որդեգրած ներքին քաղաքականութիւնն է: Վարչակարգը չի յարգեր մարդկային իրաւունքները եւ մտահոգ չէ քաղաքացիներու վիճակով», եզրակացուցած է Նամազով:

Յիշեցնենք, թէ իշխանութիւնները արտակարգ դրութիւն հաստատած են Իսմայիլիի եւ մօտակայ քանի մը շրջաններու մէջ, հոն կայացած հակակառավարական ցոյցերուն եւ խռովութեանց պատճառով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )