ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱՐԾԻՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՏԱՒՈՐ ԾԻՐԸ

Ֆեթուլլա Կիւլենին եւ Հիզմեթ շարժումին դէմ լարուած դաւերը պարզ սուտեր չեն, որ ատելութենէ կամ երկիւղէ կը բխին: Ասոնք դիտումնաւոր յերիւրանքներ են, որոնց նպատակն է վնասել շարժումին եւ պարտադրել անոր` առկախելու իր գործունէութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ:

Ստախօսները կ՛օգտագործեն ճարտար մեթոտներ` «մէջբերումներու ծիրի» մը, որու շրջագիծին մէջ մասնայատուկ ստախօս մը գիրք կրնայ գրել երկրի մը մէջ, ապա այլ երկրի մը մամուլը անկէ մէջբերում կ՛ընէ, եւ նոյն սուտը կը վերադառնայ «ստեղծուած» երկիրը` իբրեւ հաստատ փաստ: Շինծու պատմութիւնները սահմանները կը կտրեն առանց ճշմարտութեան հսկողութեան, եւ ատոնք այդ երկիրներու դատախազներուն կողմէ իբրեւ ճշմարտութիւն կ՛ընկալուին:

Գէշ, բայց դժբախտաբար լաւ գործադրուած օրինակ մըն է հակակիւլենեան արշաւը, որ վերջերս Ռուսիոյ մամուլին մէջ շղթայազերծուեցաւ:

Քանի մը շաբաթ առաջ Նաթալիա Իվանովա «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»ին մէջ գրեց, որ Ռուսիոյ թրքական դպրոցներուն ընդմէջէն Թուրքիա կը փորձէ հիմնել համաթրքական իսլամական պետութիւն մը, որ կ՛ընդարձակուի Ատրիականէն մինչեւ Չինաստանի Մեծ պատը: Ամբողջ յօդուածը հիմնուած էր ոչ թէ շարժումին մասին փաստերու վրայ, այլ` Ռուսիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու ղեկավարներուն վախերուն վրայ: Իրենք կը վախնա՞ն համաթրքական շարժումէն: Հետեւաբար, լա՛ւ, ըսենք, թէ Հիզմեթ շարժումը համաթրքական շարժում է: Իրենք կը վախնա՞ն ամերիկեան ազդեցութենէն իրենց իսկ ետնաբակին մէջ: Է՛հ, Ֆեթուլլա Կիւլեն կը բնակի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ի՞նչ է ատիկա… աւելի՞ն կ՛ուզէք: Ա՜հ, մենք նաեւ ունինք ամէնէն թարմ շինծու սուտերը Օսման Նուրի Կիւնտեշի: Ան թրքական գաղտնի սպասարկութեան գեր-գերագոյն հերոսն է: Ան կ՛ըսէ, թէ Սի. Այ. Էյ.ի գործակալները` իբրեւ անգլերէնի ուսուցիչներ, կը պաշտօնավարեն թրքական վարժարաններու մէջ, եւ թէ անոնք դիւանագիտական անցագիրներ ունին: Գիտէ՞ք ինչ: Ընդամէնը 60 դիւանագիտական անցագիրներ ունեցող Սի. Այ. Էյ.ի գործակալներ կը պաշտօնավարէին միայն Ուզպեքիստանի մէջ: Երեւակայեցէք, մտածեցէք` որքա՛ն պիտի ըլլայ Ռուսիոյ մէջ: Փակեցէ՛ք այս վարժարանները, փակեցէ՛ք զանոնք: Քա. Կէ. Պէ՞ն (խորհրդային գաղտնի սպասարկութիւնը): Է՛հ, մենք այդպիսի դիտարկում մը չունինք Քա.Կէ.Պէ.էն: Սահմանագիծի հսկողութիւննե՞ր: Գիտէք մեր սահմաններու հսկողութիւնը: Բոլորն ալ փտած են: Մենք պէտք է վստահինք 85-ամեայ այս թուրք գործակալին: Ինք լաւագոյնը գիտէ:

Իվանովա իրականութեան մէջ կ՛ընդօրինակէր «Իզվեսթիա»ի մէջ Վիքթոր Պուլաւինի շաբաթ մը առաջ գրածը. «Թրքական դպրոցները, համաթրքական պետութեան, չափաւորական իսլամութեան, աւելի ընդարձակ Միջին Արեւելքի նախագիծի եւ, անշուշտ, նոյն ստախօսը` իբրեւ միակ աղբիւր տեղեկութեան. Օսման Նուրի Կիւնտեշ»:

Այսպէս կոչուած լրագրող Պուլաւին քիչ մը աւելի խորամանկ է այսպէս կոչուած լրագրող Իվանովայէն: Պուլաւին յաջողեցաւ Կուկըլի փնտռտուք ընել եւ գտաւ, որ դատախազին մեղադրականին թուականը 1999-ն է. Ֆեթուլլա Կիւլեն կը մեղադրուի իր հետեւորդները քաջալերելու մէջ, որպէսզի մտնեն պետական մարմիններ, կառոյցներ… իբր թէ ասիկա ոճիր է: Բայց, Աստուած գիտէ` ինչո՛ւ, Պուլաւին չէ կրցած գտնել Կիւլենի ուղղուած մեղադրանքները ջնջող վճռաբեկ ատեանի միաձայնութեամբ տուած որոշումը: Որո՞ւ հոգը: Թող Ռուսիոյ իշխանութիւնները ահազանգի մատնուին եւ մէկ-երկու դպրոց փակեն Ռուսիոյ մէջ: Ապա «իրենց» թուրք բարեկամները ասիկա իբրեւ առիթ պիտի օգտագործեն թրքական «անտեղեակ եւ միամիտ» հանրութեան ցոյց տալու համար, թէ ռուսերը անդրադարձած են շարժումին վտանգներուն, եւ թէ նոյնը նաեւ պէտք է կատարուի Թուրքիոյ մէջ: Իրենց թերթերուն մէջ պիտի գրեն յօդուածներ, եւ ապա մենք զանոնք պիտի մէջբերենք մեր յօդուածներուն մէջ: Եւ ապա իրենք նոյնը պիտի ընեն: Երկա՜ր ապրի սուտերու եղբայրութիւնը:

Պուլաւինի յօդուածին հրատարակութենէն օր մը ետք, «Մոսքովսքի Քոմսոմոլեց» հրատարակեց թղթածրար մը` թրքական դպրոցներու մասին, նոյնիսկ` աւելի հեռու երթալով Պուլաւինէն: Թերթը հարցազրոյց ունեցաւ փրոֆ. Սմիթ Քորայի հետ` Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ (պէտք է նշել, որ այդ կուսակցութեան ղեկավարութեան ամբողջ կազմը արգելափակուած է Էրկենեքոն ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ գործակցելու ամբաստանութեամբ), եւ այս հեղինակաւոր փրոֆեսէօրը ռուսերուն ըսած է, թէ Կիւլեն շարժումը իրականութեան մէջ թրքական չէ, այլ` կէս թրքական, կէս ամերիկեան շարժում մը, որ կը փորձեն հիմնել գեր-ՕԹԱՆ մը, որպէսզի տկարացնէ այն երկիրները, ուր գործօն են այս դպրոցները:

Հետաքրքրական է, որ ռուս լրագրողը Քորայի չի հարցներ նոյն խումբին կողմէ Միացեալ Նահանգներու մէջ բացուած դպրոցներուն մասին: Արդեօք ատոնք Միացեալ Նահանգնե՞րը եւս կը փորձեն տկարացնել: Գեր-ՕԹԱՆ-ը, իսկական ժամանակակից ՕԹԱՆ-ին դէ՞մ է: Կամ անձը, որ այս պնդումը կ՛ընէ. դուք արդեօ՞ք գերապուշ մըն էք:

Որո՞ւ հոգը: Ըսէ ինծի` դուն ո՛վ ես, եւ ես յարմար սուտ մը գտնեմ շարժումին մասին: Ամերիկացի՞ ես: Ուրեմն շարժումը աւելի իսլամական է, քան` Ուսամա Պըն Լատենը:

Ռո՞ւս ես: Ուրեմն շարժումը Սի. Այ. Էյ.ի երկար ձեռքն է:

Թուրք ազգայնակա՞ն մըն ես: Է՜հ, անոնք վարպետ մը ունէին, որ քիւրտ անջատողական էր:

Ապո՞ւշ մըն ես: Օ՜հ, դուն մեզմէ մէկն ես…: Եկուր եւ տօնէ մեր խօսքի ազատութիւնը:

ՔԵՐԻՄ ՊԱԼՃԻ

«Զաման»

Share this Article
CATEGORIES