ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ «ԻՐԱԿԱՆ ԵՐԿԻՒՂԸ» ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
Ոչ ոք կը վիճարկէ այն փաստը, որ խօսքի եւ մամլոյ ազատութիւնները մտահոգիչ հարցեր են այսօրուան Թուրքիոյ մէջ: Բայց եւ այնպէս առկայ է խանգարիչ վատաձայնութիւն մը, աններդաշնակութիւն մը` տեղացի իմ պաշտօնակիցներուս շրջանակին մէջ, երբ խօսքը կը վերաբերի այսպիսի խնդիրներու աղբիւրներու բացայայտումին` երեւան հանելով յանցագործները եւ ախտորոշելով յամրընթաց, մնայուն հիւանդութիւնները, որոնք կ՛ազդեն մասնագիտութեան, ասպարէզին վրայ:
Աւելի վատը այն է, որ վատաձայնութիւնը, որ ուղղուած է շփոթահար ընելու օտար դէտերը եւ որոշում կայացնողները, միտումնաւոր կերպով կը տարածուի: Շնականութիւնը եւ կողմնակցութիւնը երկու հիմնական տարրեր են, որոնք այս երկրին մէջ փտածութեան կը մղեն, կը խաթարեն լրագրողները: Զարմանալի չէ, որ ապօրէն, անտեղի պարզումները ընդհանրական են անոնց մէջ:
Այն պարագային, երբ ազատութեան բնաբանը կ՛արծարծուի, ես կը ստիպուիմ միջամտելու, որպէսզի ցուցանիշը ճիշդ արձանագրուի: Իբրեւ առաջին լրագրողը, որ 10 տարի առաջ ներկայացուց ամերիկեան հայեցակարգը «լուրերու իրաւունքներու պաշտպան պաշտօնատարի» (օմպուցման) եւ իբրեւ այդ աշխարհի մէջ առաջին պաշտօնազրկուածը, որ արձակուած է սեփականատիրոջ (Այտըն Տողան) կողմէ, 2004 թուականին, պարզապէս ամբողջովին մտացածին, շինծու լուրերու պատմութիւնը քննադատելուն համար (այսինքն` անկախ տեսակէտ արտայայտելուն համար), նաեւ իբրեւ «դուրսէն դիտող» լրագրական ուղիները, որոնք կը սանձեն ատոնց ազատութիւնները, ես կ՛առարկեմ, կը հակառակիմ աղաւաղումներուն, կողմնակալ պատմումներուն, եւ «սուտերու մէջ ապրելու» իմ պաշտօնակիցներէս շատերու արարքին, այն պատճառաբանութեամբ, որ կրնամ «յիշողութեան ծանրաբեռնուածութիւն» ունենալ:
Կէտ առ կէտ առնենք:
Ըստ Ֆրիտըմ Հաուսի, Թուրքիա «մասամբ ազատ» է: Իրավիճակը, ինչպէս Հունգարիոյ, Մեքսիքայի եւ Հարաւային Քորէայի մէջ, վերջերս զգալիօրէն վատթարացած է: Ազատազրկումը դարձած է կանոն, եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքին պատճառով մեր քիւրտ եւ ձախակողմեան պաշտօնակիցները թիրախ դարձած են: Ասիկա իսկապէս ամօթալի է:
Շուրջ 5 հազար մեր պաշտօնակիցներէն, որոնք կը փորձեն ներկայացնել, մեկնաբանել քաղաքական դատավարութիւնները, եւ որոնք քննադատական պատմութիւններ կը հրատարակեն նոյնինքն արդարադատութեան մասին, կը դիմակալեն դատական հետապնդում:
Օրէնսդրութիւնը սահմանափակող է. կան աւելի քան չորս հիմնական օրէնքներ, որոնք կ՛օգնեն Թուրքիոյ «մասամբ ազատ» ըլլալու, եւ կառավարութիւնը կը շարունակէ անտարբեր մնալ այդ օրէնքները բարեփոխելու կամ ատոնց մէջ լրացումներ կատարելու գծով: Բայց իմ համաձայնութիւնս պաշտօնակիցներուս հետ հոս կ՛աւարտի: Այնքան խոր է գաղափարախօսութեան հանդէպ անոնց հաւատարմութիւնը եւ վախը` վերադասեն, որ անոնցմէ շատերուն համար կարճատեսութիւնը անխուսափելի կը դառնայ: Պատմութիւնը միայն քաղաքական ճնշումի մասին չէ, այլեւ` այն փաստը, որ անոնք կը խեղաթիւրեն:
Այսպիսի թիւր մեկնաբանումի, սխալ ներկայացումի վերջին օրինակներէն մէկը կը պատկանի Ամպերին Զամանի, պաշտօնակից մը, որ կ՛աշխատակցի «Հապերթիւրք»ի եւ «Էքոնոմիսթ»ի: Մինչեւ վերջերս Զաման բաւական սուր էր իր վերլուծական հմտութիւններուն մէջ: Բայց այլեւս այդպէս չէ:
«Ճըրմըն Մարշալֆոնտ»ին գրած մէկ յօդուածին մէջ Ամպերին Զաման կը ներկայացնէ ճնշումի երեք դասակարգեր. ա) Չափազանց նեղ դիտանկիւնի մէջ, բ) «Բազուկի ոլորում` վարչապետին կողմէ», եւ գ) Ֆեթուլլա Կիւլեն:
Այս դասակարգումը, երբ կու գայ իր երկրորդ եւ երրորդ կէտին, ցաւալի կը դառնայ ոչ միայն իրենց կարճատեսութեան պատճառով, այլեւ` այն վտանգի հաւանականութեամբ, որ ատիկա գրողը կը վարկաբեկէ ընթերցողներուն առջեւ: Կիւլենի մասին մէկ պատմութիւնը առասպելէ բացի ոչինչ է: Այն փաստը, որ իշխանութիւնները 400 հայց հրապարակած են «Զաման» օրաթերթի լրագրողներուն դէմ («Թարաֆ»ին յաջորդելով) պարզապէս լուրերու պատմութիւններուն համար, բաւարար չափով կը հաստատէ այս պնդումը: Ամպերին Զաման նաեւ միտումնաւոր կը մոռնայ յիշատակելու այն փաստը, որ Կիւլեն վերջերս հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի կոչ ուղղած է ի դէմս իր անձին եւ շարժումին դէմ քննադատութեան:
Ամպերին Զաման նաեւ կը նշէ «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթէն Անտրիւ Ֆինքելի արտաքսումը, որ ճիշդ է, դժբախտութիւն եւ սխալ քայլ մըն էր: Ատիկա բնաւ պէտք չէ պատահեր: Թէեւ Ֆինքելի պարագան նշելով` Ամպերին կ՛անտեսէ այլ յօդուածագիրներու արտաքսումը «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի սեփականատիրոջ կողմէ, որովհետեւ բացայայտօրէն չ՛ուզեր, որ մենք անդրադառնանք, հասկնանք, որ լրատու միջոցներու ինքնակալները այսօր այս երկրին մէջ մամլոյ ազատութիւններու սպառնալիքներն են:
Այսպէս կը գործէ ընտրովի, զատելու ձեւը, երբ խնդիրներ կը վերլուծես: Ի վերջոյ, մեզի համար կարեւորը հետեւեալ հարցումն է. ո՞վ է այն, որմէ լրագրողը այսօր իսկապէս կը վախնայ Թուրքիոյ մէջ: Օրէ՞նքը, կառավարութի՞ւնը, թէ՞ ոստիկանութիւնը: Լրագրողները այս երկրին մէջ միշտ խիզախօրէն պայքարած են ազատութիւններու ոտնակոխման, սանձումին դէմ: Հակառակ «բազուկ ոլորելու» արարքին, բուռն հակակառավարական մամուլը` «Սէօզճիւ», «Ճումհուրիյէթ», «Ենիչաղ» եւ այլն, առօրեայ շարժում է: Ոչ ալ «Թարաֆ»ը իր բառերը կը ծամծմէ:
Պատասխանը պարզ է. անոնք հիմնականին մէջ կը վախնան իրենց պոսերուն կողմէ արտաքսուելէ, իրենց աշխատանքը կորսնցնելէ` իրենց գրածներուն եւ հրատարակածներուն պատճառով:
Ասիկա այսօր Թուրքիոյ մէջ թիւ մէկ պատճառն է գրաքննութեան եւ ինքնագրաքննութեան: Մեր տխուր իրականութիւնն է. սիրտը այն հարցին, որ կը շարունակէ «չխօսուած» մնալ իմ պաշտօնակիցներուս կողմէ, այսպէս կոչուած հիմնական լրատուութեան մէջ: Շատ աւելի դիւրին է նման «վախ» ստեղծելուն համար կառավարութիւնը մեղադրելը:
Ալպանական լրատուութեան հիմնարկի գործադիր տնօրէն Ռեմզի Լանի շեշտը ճիշդ տեղը դրաւ «Պալքանեան լրատուութիւն. կորսուած թարգմանութեան մէջ» գերազանց յօդուածով մը: Ան կը նկարագրէ պալքանեան երկիրներու մէջ լրագրողութեան դիմակալած սպառնալիքները, որոնք ամբողջութեամբ կը յարմարին նաեւ Թուրքիոյ:
Շրջանին մէջ լրատուութիւնը այլեւս չի դիմակալեր կառավարական ճնշում, այնքանով, որքանով ատոնք եղած են մինչեւ քանի մը տարի առաջ: Այժմ լրատու միջոցները կը դիմագրաւեն դրամատիրական միտումները եւ դրամական ճնշումներ, ինչպէս` արտասահմանեան դրամագլուխ, տարածում-բաշխում, թափանցիկութիւն, սեփականութիւն, աշխատանքային քաղաքականութիւն եւ փտածութիւն: Հետեւաբար լրատուական աշխատաւորական դասակարգի մը ստեղծումը այսօր պալքանեան երկիրներու մէջ երեւոյթ մըն է:
Այս օրերուն պոսերն ու խմբագիրները լրագրողներուն համար աւելի ուղղակի սպառնալիք են, քան` կառավարութիւնները:
«Հետեւաբար տաք խնդիրներ շրջանին մէջ այժմ կեդրոնացած են լրատուական կազմակերպութիւններուն եւ անոնց աշխատանքներուն, պաշտօնեաներուն միջեւ յարաբերութեանց վրայ, աշխատուժի շուկայ, արհեստակցական համադաշնակցութիւններ եւ լրատու միջոցներու սեփականութիւն: Ասիկա օրակարգ մըն է, որ պէտք է դիմակալել»:
ԵԱՒՈՒԶ ՊԱՅՏԱՐ
«Զաման»