«Վրաստանի Նոր Կառավարութեան Նպատակը Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումն Է» Կ՛ըսէ Իվանիշվիլի

Պիծինա Իվանիշվիլի

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը նկատուի իր ղեկավարած կառավարութեան «մեծագոյն ցանկութիւնը»:

«Վրաստանի նոր կառավարութեան մեծագոյն ցանկութիւնն ու նպատակը մեր մեծ դրացիին` Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է», ըսած է Իվանիշվիլին:

Թիֆլիս Ռուսիոյ հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզած էր օգոստոս 2008-ին Մոսկուայի կողմէ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութեան ճանաչումէն ետք:

Նշենք, որ 1 հոկտեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք ձեւաւորուած Վրաստանի նոր կառավարութիւնը իր կազմութենէն անմիջապէս ետք յայտարարած էր Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման անհրաժեշտութեան մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )