Ազրպէյճանի Մէջ Տեղի Ունեցած Անկարգութիւններու Հարցով Ընդդիմադիրներ Ձերբակալուած Են
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 4 փետրուարին Ազրպէյճանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած անկարգութիւններու հարցով ձերբակալուած են երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:
Պաքուի Նասիմինսքի շրջանային դատարանին որոշումով` Իսմայիլլի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն մասնակցութեան համար ձերբակալուած են Մուսաւաթ կուսակցութեան փոխնախագահ Թոֆիկ Եաքուպլու եւ ՌԷԱԼ (Հանրապետական այլընտրանք) շարժումի նախագահ Իլքար Մամետով:
Ըստ հետաքննութեան տուեալներուն, ձերբակալուածները Իսմայիլլի եկած են 24 յունուարին` յաջորդ օրը անկարգութիւնները սկսելու եւ բնակչութեան կոչ ուղղած են` չենթարկուելու իշխանութիւններուն եւ փակելու երթեւեկը:
Ձերբակալուած են նաեւ Իսմայիլլի շրջանի երկու բնակիչ` Միրքազիմ Ապտուլլայեւը եւ Էլշան Իսմայիլլի:
Յիշեցնենք, որ անկարգութիւնները սկսած էին 23 յունուարի երեկոյեան, քաղաքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած միջադէպէն ետք: Տեղւոյն բնակիչներուն պնդումով, Ազրպէյճանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ֆիզուլի Ալեքպերովի որդին Իսմայիլլիի «Շիրազ» պանդոկէն դուրս գալու ատեն ինքնաշարժով հարուածած է մօտակայքը կանգնած թաքսի ինքնաշարժին: Երկու վարորդներուն միջեւ սկսած է վէճ մը, որ շուտով վերածուած է ծեծկռտուքի:

