Եւրոպական Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Իր Խօսքի Ազատութեան Մարզը Բարելաւելու

Թորպիոռն Եակլանտ

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ աշխարհի մէջ ամէնէն մեծաթիւ բանտարկեալ լրագրողներ ունեցող Թուրքիոյ կոչ ուղղեց «խօսքի ազատութեան մարզի իր տկարութիւնը բարելաւելու»:

Եակլանտ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանին առջեւ տակաւին խօսքի ազատութեան հարցով Թուրքիոյ դէմ 450 դատական հայց կայ»` աւելցնելով, որ «աշխատանքի լծուելու անհրաժեշտութիւն կայ»:

Share this Article
CATEGORIES