Եգիպտոսի Նախագահութեան Բանբերը Կը Մերժէ Ազգային Փրկութեան Կառավարութիւն Կազմելու Ընդդիմութեան Առաջարկը

Եասեր Ալի

Եգիպտոսի նախագահութեան բանբեր Եասեր Ալի մերժեց Ազգային փրկութեան ճակատի եւ շարք մը ընդդիմադիր ուժերու ազգային փրկութեան կառավարութիւն կազմելու առաջարկը: Անոնք այդ առաջարկը կատարած էին վարչապետ Հիշամ Քանտիլի տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անոր կատարած այն խոստովանութենէն ետք, թէ կառավարութիւնը ձախողած է երիտասարդները ներգրաւել:

Ալի առարկեց, որ «միայն երկու ամիս կամ աւելի նուազ մնացած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնցմէ ետք փողոցը արտացոլող ազգային փրկութեան իսկական կառավարութիւն պիտի գոյանայ»` նշելով, որ «ընտրութիւնները պատրաստութեան կը կարօտին եւ ներկայիս քաղաքացիին համար գոյութիւն ունին այլ կենսական հարցեր, որոնցմով պէտք է զբաղիլ»:

Նախագահութեան բանբերը յայտնեց, որ երբ սահմանադրական դատարանը ընտրական օրէնքի քննարկումը աւարտէ, այդ օրէնքը Շուրայի խորհուրդ պիտի վերադառնայ, որպէսզի վաւերացուի, որմէ ետք հանրապետութեան նախագահը ժողովուրդը ընտրութիւններու պիտի հրաւիրէ` նշելով, որ ըստ սահմանադրութեան, այդ հրաւէրը պէտք է ուղղուի այս ամսուան ընթացքին:

Միւս կողմէ, զինուորական լաւատեղեակ աղբիւր մը եգիպտական «Ուաֆտ» օրաթերթին յայտնած է, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի երկուշաբթի գիշեր բանակի հրամանատարութեան հետ իր հանդիպումին ընթացքին քննարկած է ներկայ հանգրուանին Եգիպտոսի մէջ ապահովական կացութիւնը, ցոյցերու ազդեցութիւնները, քաղաքական դէպքերու մագլցումը եւ ազգային ապահովութեան վրայ անոնց ազդեցութիւնը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Մուրսի բանակի հրամանատարութեան հետ քննարկած է շարք մը կարեւոր խնդիրներ, որոնք կը վերաբերէին ազգային ապահովութեան ռազմավարութեան, Եգիպտոսի դիմագրաւած ներքին, շրջանային մարտահրաւէրներուն, արտաքին վտանգներու եւ այս բոլորէն զատ նաեւ եգիպտական թատերաբեմին վրայ բողոքի ցոյցերու մագլցումին: Արծարծուած են Սուեզի ջրանցքի շրջանի քաղաքներուն մէջ հաստատուած կրակմարի դրութեան ընթացքին զինեալ ուժերուն որդեգրած միջոցառումները:

Share this Article
CATEGORIES