Ահմատինեժատ Պատմական Այցելութեամբ Եգիպտոս Կը Գտնուի
Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ երէկ Գահիրէ ժամանելով 1979-ի իսլամական յեղափոխութենէն ի վեր Իրանի առաջին նախագահը եղաւ, որ Եգիպտոս կ՛այցելէ: Ան Գահիրէի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի կողմէ:
ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ահմատինեժատ Գահիրէ մեկնելէ առաջ յայտնած է, թէ «պիտի փորձեմ Իրանի եւ Եգիպտոսի միջեւ համագործակցութեան հող պատրաստել»` աւելցնելով, որ «եթէ Թեհրան եւ Գահիրէ շրջանային եւ միջազգային հարցերուն շուրջ համախոհ ըլլան, բազմաթիւ բաներ պիտի փոխուին»:
Սակայն Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ամրօ յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց բարելաւումը ի վնաս Իրանի մրցակից Ծոցի արաբական երկիրներուն պիտի չըլլայ: «Ծոցի երկիրներուն ապահովութիւնը Եգիպտոսի համար կարմիր գիծ է», ըսաւ ան:
Ահմատինեժատ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ Մուրսիի հետ: Հանդիպումէն ետք Իրանի նախագահի առաջին օգնականը յայտնեց, որ հանդիպումը դրական էր:
Ահմատինեժատ նաեւ այցելեց Ազհար, ուր հանդիպում ունեցաւ Ազհարի շէյխ Ահմետ Թիպի հետ: Հանդիպումէն ետք Իրանի նախագահը յայտնեց, որ եգիպտացի կրօնաւորները Իրան հրաւիրած է, եւ անոնք այդ հրաւէրը ընդունած են` նշելով, որ Գահիրէ իր այցելութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց զարգացման սկիզբն է:
Ազհար հետագային հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Ազհարի շէյխը Իրանի նախագահին հետ իր հանդիպումին ընթացքին անոր կոչ ուղղած է Արաբական ծոցի երկիրներուն ներքին հարցերուն չմիջամտելու եւ Իրանի սիւննիներուն ամբողջական իրաւունքները շնորհելու:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ «Թիպ կը մերժէ մեծամասնութեամբ սիւննիներէ կազմուած երկիրներուն մէջ շիիական մակընթացութիւնը»:
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի մէջ սալաֆականները նախագահ Մուրսիէն պահանջեցին Իրանի նախագահին արգիլել մզկիթներ եւ Գահիրէի Թահրիր հրապարակ այցելել:

