Սպիտակ Տունը Կը Զօրակցի Սուրիոյ Մէջ Ասատը Չներառող Քաղաքական Լուծումի Մը

Ճէյ Քառնի

Սպիտակ տունը զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման, սակայն շեշտեց, որ այդ լուծումը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը չի ներառեր:

Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը յստակ է եւ սուրիացի ժողովուրդի յստակացուցած կեցուածքն է: Մենք սուրիական տագնապին քաղաքական լուծումին կ՛աջակցինք, եւ սուրիացի ժողովուրդը յստակ դարձուց, որ Պաշշար Ասատ իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է եւ չի կրնար մասնակցիլ քաղաքական լուծումի ու սուրիացի ժողովուրդի ձգտումները բաւարարող ժողովրդավարական փոխանցման հոլովոյթին»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի ողջունեց սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մաազ Խաթիպի առաջարկը, ըստ որուն, Ասատ կը հեռանայ, փոխարէնը դատավարութեան չ՛ենթարկուիր:

Ան նշեց, որ այդ առաջարկը Ժընեւի համաձայնութեան ծիրին մէջ է: Արապի նաեւ յայտնեց, որ Արաբական լիկան պատրաստ է ընդդիմութեան եւ սուրիական վարչակարգէն ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութեան կայացումը հովանաւորելու եւ անհրաժեշտ աջակցութիւնը ցուցաբերելու:

Միւս կողմէ, «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Եգիպտոսի մէջ Իսլամական համագործակցութեան երկիրներու վեհաժողովի հաղորդագրութեան բանաձեւը Ասատին կոչ կ՛ուղղէ` ընդդիմութեան հետ «լուրջ երկխօսութիւն» կատարելու:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ կ՛ընդգծէ, որ պէտք է Սուրիոյ միութիւնը եւ անկախութիւնը պահպանուի, ինչպէս նաեւ արիւնահեղութիւնը կը դատապարտէ:

Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, բանաձեւը սուրիական ընդդիմութեան կոչ կ՛ուղղէ` փոխանցման կառավարութիւն մը կազմելու աճապարելու, ինչպէս նաեւ ընդդիմութեան եւ կառավարութենէն «իրենց ձեռքերը արիւնով չներկուած» ներկայացուցիչներու միջեւ բանակցութեանց:

Share this Article
CATEGORIES