Յորդանանի Թագաւորը Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Փոխնախարարին Հետ Շրջանի Կացութիւնը Կը Քննարկէ
Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը երէկ Ամմանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան փոխնախարար Աշթըն Քարթըրի հետ եւ անոր հետ քննարկեց շրջանի կացութեան վերաբերող հարցեր:
Թագաւորական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը չնշեց այդ հարցերուն բնոյթը եւ բաւարարուեցաւ յայտնելով, որ հանդիպումին ներկայ էին պալատի ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Թարաուինա, թագաւորի գրասենեակի քարտուղար Իմատ Ֆախուրի եւ յորդանանեան բանակի սպայակոյտի պետ Մաշաալ Մոհամետ Զէյն:
Նշենք, որ Քարթըր մէկ օր առաջ անակնկալ այցելութիւն մը տուած էր Անգարա` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապը:
CATEGORIES Միջազգային

