Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պետական ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, իսրայէլեան ուժերը պատրաստ են Լիբանանի հետ պատերազմի բոլոր բեմագրութիւններուն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մտահոգ է, որ Լիբանանի մէջ կրնայ արձանագրուիլ ապահովական զգայացունց դէպք մը, որուն պատճառով կրնան երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգուիլ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է ինքզինք զանց կացուցէ իր իսկ տնտեսութեան վնաս հասցնող ժխտական ազդեցութիւններէն:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր նախկին նախարար Միշել Սըմահայի թղթածրարը ստանձնեց Զինուորական ատեանի դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայէն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա յայտնեց, որ Արսալի մէջ պատահածը Մուսթաքպալ հոսանքի իսկական դիմագիծը բացայայտած է:

ԱՐՍԱԼԻ մէջ նահատակուած ենթասպայ Իպրահիմ Զահրամանի եղբայրը` Հաթեմ Զահրաման յայտնեց, որ Հուժէյրի ընտանիքէն շէյխի մը կրօնական հրահանգով է, որ իր եղբայրը սպաննուած է եւ ապա Արսալի քաղաքապետին զաւակը բանակին պատկանող «Համֆի» տիպի ինքնաշարժով իր եղբօր դիակին վրայէն անցած է:

ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ հրշէջներն ու քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը փակեցին քաղաքին փողոցները` բողոքելով իրենց վարչական որոշ հարցերուն դէմ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Արսալի մէջ արձանագրուածը մեծ ոճիր մըն է, որուն Լիբանան ականատես չէ եղած: Ան շեշտեց, որ Արսալի պատահարը ցոյց կու տայ, որ Քայիտան հոնկէ անցած է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ անհանգիստ են Լիբանանի մէջ բանակին նկատմամբ արձանագրուող կեցուածքներէն եւ անոնք նկատել կու տան, որ Լիբանանի մէջ բանակին նկատմամբ երկփեղկումը յստակօրէն շօշափելի է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ մամուլին համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ իր երկու խորհրդականներուն պարտականութիւն տուած է Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ մնայուն կապի մէջ մնալու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակող կողմերը պէտք է իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնեն, նոյնիսկ եթէ անոնց մէջ կան Արսալի բնակիչներ:

ԸՍՏ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, եթէ ընտրական օրինագիծերը քննարկող ենթայանձնախումբը այսօր համաձայնութեան մը չյանգի, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ պիտի չշարունակէ մասնակցիլ այդ ենթայանձնախումբին նիստերուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Փիեռ Ռաֆֆուլ յայտնեց, որ Արսալի մէջ բանակին դէմ գործուած յարձակումը կանխամտածուած էր Մուսթաքպալ հոսանքին եւ անոր մօտիկ անձնաւորութիւններուն կամ շարժումներուն կողմէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին վրայ երկարող ձեռքը բոլոր քաղաքացիներուն վիզին կրնայ հասնիլ` աւելցնելով, որ այդ ձեռքերը պիտի կտրուին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )