Ժոմպլաթ. «Արսալի Մէջ Բանակին Դէմ Գործուած Յարձակումը Թափանցիկ Հետաքննութեան Արժանի Է»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ վերահաստատեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ իր զօրակցական կեցուածքը` շեշտելով, որ լիբանանեան բանակը երկրին ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան ապահովումին նպատակով մնայուն կերպով նահատակներ կ՛ունենայ, բայց եւ այնպէս կը մնայ Լիբանանն ու լիբանանցիները պաշտպանող հաստատութիւնը:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Արսալի մէջ արձանագրուած դէպքին շուրջ պէտք է թափանցիկ հետաքննութիւն մը բանալ:
Նշենք, որ Ժոմպլաթի այս կեցուածքները Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասերի կողմէ փոխանցուեցան լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի:
Նասեր շեշտեց, որ Ժոմպլաթ պահանջած է զօրակցիլ բանակին եւ պաշտպանել անոր ազգային դերակատարութիւնը` աւելցնելով, որ բանակին հզօրացումը ճամբաները փակելու միջոցով կարելի չէ արտայայտել:

