Հարիրի. «Արսալի Բնակիչները Պէտք Է Գործակցին Բանակին Հետ»

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Արսալի բնակչութենէն խնդրեց գործակցիլ բանակին հետ եւ վերջ տալ նահատակներուն արեան գնով նեղ հաշիւներ հետապնդելու մօտեցումին:

Հարիրի հաստատեց, որ Արսալի միջադէպին դրդապատճառներուն բացայայտումը անհրաժեշտ է, որպէսզի կարելի ըլլայ արդարութիւն բանեցնել հազարապետ Փիեռ Պաշաալանիի եւ ենթասպայ Իպրահիմ Զահրամանի հարցով:

Հարիրի շեշտեց, որ Արսալ լիբանանեան գիւղաքաղաքը եւ անոր բնակիչները լիբանանեան պետութեան եւ երկրին դատական իշխանութիւններուն ենթակայ են եւ ոչ թէ բանակին հետ ընդհարումներով կը զբաղին:

«Արսալի բնակիչները պէտք է բանակին հետ գործակցին` ի մտի ունենալով, որ բանակի անդամ զինուորները, որոնք նահատակուեցան Արսալի մէջ, եկած էին նախապատրաստուած սադրանքներուն վերջ տալու եւ ոչ թէ զանոնք հրահրելու», շեշտեց Հարիրի:

Share this Article
CATEGORIES