«Լիբանանեան Պետութիւնը Պէտք Է Իր Հակակշիռը Հաստատէ Արսալի, Աքքարի Եւ Թրիփոլիի Մէջ» Շեշտեց Զօր. Աուն

Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ Արսալի մէջ արձանագրուած ոճիրը հետեւանք էր շրջանը լքուած վիճակի մէջ պահելու երեւոյթին` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին վերահաստատելու համար իր գերիշխանութիւնը:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ բանակը քաղաքական հովանաւորութեան կարիք չունի ինքնապաշտպանութեան համար` նկատել տալով, որ ոճրագործութիւնը կրօնի մը կամ համայնքի մը պատկանելիութիւն չունի:

«Բազմիցս կոչ ուղղեցինք լիբանանեան հողերուն վրայ լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնը զանց չկացուցելու, սակայն մեր խորհուրդներն ու կոչերը անպատասխան մնացին, հետեւաբար` Աքքարի, Թրիփոլիի եւ Արսալի մէջ պատահեցան ապահովական դէպքեր», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES