Պութրոս Հարպ Անձնապէս Դատական Հարց Պիտի Յարուցէ Ընդհանուր Դատախազին Դէմ

Պութրոս Հարպ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Երեսփոխան Պութրոս Հարպ երէկ կէսօրին Հազմիէի իր բնակարանին մէջ գումարեց մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հաստատեց, թէ ինք անձամբ դատական հարց պիտի յարուցէ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատիի դէմ:

Հարպ շեշտեց, որ իր այս կեցուածքը ուղղուած է Մատիի եւ անոր աշխատանքներուն դէմ: «Դուն քեզ փորձանքի ենթարկած ես, հետեւաբար` պէտք է ստանձնես պատասխանատուութիւններդ եւ դատաւորներուն ներկայութեան ինծի հետ դէմ յանդիման գտնուիս, որպէսզի բոլորը իմանան, թէ դուն Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն հաշուոյն ոճիր մը գործես», ըսաւ Մատի:

Հարպ խորհրդարանէն եւ իր պաշտօնակից երեսփոխաններէն պահանջեց, որ զինք  անձեռնմխելիութենէ զրկեն, որպէսզի ինք կարենայ դէմ դնել դատախազ Մատիին:

Հարպ արդարութեան նախարարէն պահանջեց օրինական առումով գործակցիլ, որպէսզի կարենայ այդ քայլերուն դիմել:

«Ես լուռ պիտի չմնամ Մատիի գործած յանցանքներուն նկատմամբ եւ զայն ուսանելի օրինակի մը պիտի վերածեմ` երկրին դատական իշխանութիւններուն մէջ բարեկարգում մը արձանագրելու նպատակով, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւնները Մատիի նման սատանաներէ փրկելու միտումով», հաստատեց Հարպ:

Միւս կողմէ, դատախազ Մատի յայտնեց, որ ինք ցեխարձակումներու եւ լուտանքներու յատուկ բառամթերք մը չունի, որովհետեւ  պարկեշտութեան բարձրորակ միջավայրի մը եւ շրջապատի մը մէջ հասակ նետած է:

«Ես պիտի պատասխանեմ քաղաքակիրթ եւ օրինական ձեւով», նշեց Մատի:

 

Share this Article
CATEGORIES